ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Պերճ Պռօշեան (1837-1907) Հայ գիւղի եւ հայ գեղջուկի «ժողովրդային կեանքի երգիչ»ը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Պերճ Պռօշեան (1837-1907).
Հայ գիւղի եւ հայ գեղջուկի «ժողովրդային կեանքի երգիչ»ը
Ն. Պէրպէրեան
3 Յունիս 2020
Հայ գիւղն ու հայ գիւղացին, նահապետական իրենց բարքերով, պարզութեամբ եւ վեհութեամբ, հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուեցան, ներշնչման ու պաշտամունքի առարկայ դարձան գրական-ստեղծագործական վաստակովը հայրենի Աշտարակ աւանի ծնունդ Պերճ Պռօշեանի։
183 տարի առաջ այս օրը՝ 3 Յունիս 1837ին, աշտարակեցի դերձակ Ստեփան Տէր-Առաքելեանի ընտանեկան համեստ ու չքաւոր երդիքին տակ, ծնաւ արու զաւակ մը՝ Յովհաննէս անունով, որ իր կեանքով եւ գործով մնայուն ու արժէքաւոր վաստակ մը կապեց իր ընտրած Պերճ Պռօշեան գրչանունին եւ արժանացաւ հայ գրականութեան դասական մեծերու պատուանդանին։
Պերճ Պռօշեանի գրական ժառանգութիւնը եղաւ հարազատ ու լուսաւոր հայելին հայ գեղջուկի ժողովրդային իրական կեանքին՝ անոր դարաւոր սովորոյթներուն ու աւանդութիւններուն, օրաւուր հացի եւ հոգեմտաւոր լոյսի համար անոր թափած քրտնաջան աշխատանքին, չարաշահումներու եւ կեղեքումներու դէմ անոր խոր ընդվզումին, օտարի տիրապետութեան դէմ անոր լուռ ծառացումին…
Բայց յատկապէս հայ գիւղի եւ գիւղացիութեան ազգային տոհմիկ հիսուածքին ու նահապետական կենսակերպին քայքայման, ընկերային հակասութիւններու եւ դասակարգային հակադրութիւններու սրումին դէմ պոռթկում մը եղաւ Պռօշեանի գրականութիւնը, որ սիրուեցաւ եւ խանդաղատանքով պահպանուեցաւ հաւասարապէս թէ՛ արեւելահայ, թէ՛ արեւմտահայ իրերայաջորդ սերունդներուն կողմէ։
Եւ իր այդ արժանիքին համար, իբրեւ հայ գիւղին եւ հայ գեղջուկին «ժողովրդային կեանքի երգիչը», Յովհաննէս Տէր-Առաքելեան դարձաւ Պերճ Պռօշեան ու իր ակօսը բացաւ արդի հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։
*
* *
Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը Պռօշեան անցուց իր ծննդավայրի Տէր-Թոդիկեան վարժատուններուն մէջ, շատ ծանր տարաւ ծեծով եւ խստակեացութեամբ ուսում ջամբելու ատենի կղերական մօտեցումները, բայց բախտը ունեցաւ ուսուցիչ ունենալու նաեւ լուսամիտ հոգեւորականներ, որոնց օրինակը վերածեց իր կեանքի հետագայ ընթացքը առաջնորդող տիպարի։
Պռօշեանի կազմաւորման վրայ հիմնական անդրադարձ ունեցաւ յատկապէս Խաչատուր Աբովեանի Աշտարակ այցելութիւնը իբրեւ կրթական քննիչ։ Տէր-Թոդիկեան մեթոտներուն դէմ Աբովեանի քարոզած ազատ մանկավարժութեան սկզբունքները, ինչպէս նաեւ սեփական ժողովուրդին ամէնէն պարզ եւ իրա՛ւ խաւին՝ գեղջուկին բացուելու եւ անոր վէրքերուն ու երազներուն երգիչը դառնալու Աբովեանի գրական հանգանակը յառաջատար արժէք ու մղիչ ուժ դարձան Պռօշեանի համար։
Աւարտելով Աշտարակի ծխական վարժարանը եւ արժանանալով Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ուշադրութեան՝ 1849ին, Պռօշեան իբրեւ անվճար ուսանող ընդունուեցաւ Թիֆլիսի «Ներսիսեան» վարժարանը, որմէ փայլուն յաջողութեամբ շրջանաւարտ եղաւ 1853ին։ Թէեւ Պռօշեան չընդառաջեց կուսակրօն միաբան դառնալու Կաթողիկոսի յորդորներուն, այսուհանդերձ՝ ուսուցչութիւնը ընտրեց իբրեւ կեանքի ասպարէզ եւ աւելի քան կէս դար ուսուցչական գործունէութիւն ծաւալեց իր ծննդավայր Աշտարակի, Թիֆլիսի, Շուշիի, Աստրախանի եւ կովկասահայ այլ ոստաններու մէջ։
Նորահաս սերունդին առջեւ լոյսի ճանապարհը բացող մանկավարժ մը եղաւ Պռօշեան։ Խաւարամտութեան դէմ անհաշտ պայքար մղեց՝ Հայ եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր հայ հոգեւորականի արժէքին ու առաքելութեան միշտ պահապան եւ հաւատարիմ հետեւող մնալով հանդերձ։
Մէկ կողմէ՝ ազատ մանկավարժութեան տարածման իր նպաստը բերաւ, իսկ միւս կողմէ՝ հայ կնոջ իրաւունքներու առաջին պաշտպաններէն հանդիսացաւ՝ իր ծառայութեան տարբեր կեդրոններուն մէջ աղջկանց վարժարաններու բացման դրօշակիր դառնալով։
Ուսուցչական ասպարէզը մեծապէս օգնեց Պռօշեանի, որ ամէնուր մօտէն ծանօթանայ հայ ժողովուրդի պարզ ու համեստ խաւին, անոր սովորոյթներուն եւ աւանդութեանց, ցաւերուն եւ տենչերուն։
Այդ ամէնը ներշնչման աղբիւր դարձաւ երիտասարդ մտաւորականին համար, որպէսզի ուսուցչութեան կողքին նուիրումով փարի գրական ստեղծագործութեան։
Հազիւ 23 տարեկան էր Պռօշեան, երբ լոյս ընծայեց իր առաջին վէպը՝ «Սօս եւ Վարդիթեր»ը, որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւեց ատենի յառաջադէմ հայ գրողներուն, ինչպէս օրինակ Միքայէլ Նալբանդեանի, որ բանտային իր խուցէն խրախուսական տողեր նուիրեց Պռոշեանին։
Պռօշեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ, նաեւ, Թիֆլիսի մէջ ուսուցչական իր պաշտօնավարութեան շրջանին, արեւելահայոց թատրոնի հիմնադրութեան եւ ծաղկումին՝ իր կարգին թատրերգութեան սեռը փորձելով եւ «Աղասի» ու «Բամպակ առնողը» գործերը հրատարակելով։
Պռօշեան արագ եւ առատ արտադրող մը չեղաւ, որովհետեւ օրապահիկի ապահովման համար, ուսուցչութեան եւ մամուլի աշխատակցութեան կողքին, պարտաւորուեցաւ նաեւ ազատ ասպարէզի մէջ գործերու ձեռնարկելու. երկար ժամանակ լուսանկարչութեամբ պարապեցաւ։
1878ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ վէպը՝ «Կռուածաղիկը», որուն 1880ին հետեւեցաւ «Հացի համար» վէպը, որ իր տեսակին մէջ հանդիսացաւ Պռօշեանի ընկերային աշխարհայեացքն ու հանգանակը լաւագոյնս խտացնող երկը։
Պռօշեանի վիպագրութեան միւս երեք գործերը՝ «Սկիզբ երկանց»ը, «Ցեցեր»ը եւ «Յունօ»ն լոյս տեսան յաջորդաբար 1889ին, 1892ին եւ 1900ին։
*
* *
Պռօշեանի բոլոր գործերուն մէջ ալ ծննդավայր Աշտարակը, իր բարբառով թէ բարքերով, հասարակական իր շաղախով թէ ազգային խնդիրներով, ներշնչման գլխաւոր աղբիւրը դարձաւ անոր ստեղծագործական տարերքին։ Ինչ որ պակսեցաւ Պռօշեանին իբրեւ վէպի կառուցման, տիպարներու ստեղծման եւ շարժուն կեանքի գեղարուեստական մշակում, ան փոխարինեց հայ ժողովրդային կեանքի հարազատ նկարագրութեան եւ վերծանման հարուստ եւ վարար հոսքով։
Թէեւ ատենին Լէոյի տարողութեամբ հեղինակութիւններ քննադատեցին գեղարուեստական մշակման առումով Պռօշեանի թերութիւնները, բայց ժամանակի թաւալումին եւ հայ ժողովրդային կեանքի փոփոխութեան հետ, 19րդ դարու երկրորդ կիսու արեւելահայ գաւառի հարազատ պատկերացումը մեծ չափով մենք կը պարտինք Պռօշեանի։
Երբ ամէնուր արեւելահայ մտաւորականութիւնը բուռն պայքար կը մղէր յանուն աշխարհաբարի որդեգրումին, Պռօշեան գրական մշակումի արժանացուց Աշտարակի հայոց բարբառը եւ անոր մէջ գտաւ ժողովուրդին համար հասկնալի արեւելահայերէնը։
Երբ 1860ականներուն ազատութեան ու արդարութեան եւրոպական գաղափարները կ՚ալեկոծէին ողջ Ցարական Կայսրութիւնը, այդ ճամբով նաեւ կովկասահայութեան կեանքը, Պռօշեան փարեցաւ «հայ ժողովրդային կեանքի երգիչը» դառնալու իր կոչումին եւ ամբողջ կեանք մը շնչաւորեց ու իմաստաւորեց այդ առաքելութեամբ։
Եօթանասուն տարեկան էր Պերճ Պռօշեան, երբ Պաքու այցելութեան մը ընթացքին անակնկալ հիւանդութիւնը հարուածեց զինք։
1907ին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայրենի գիւղին ու հայ գիւղացիին համով ու հոտով կեանքը ստեղծագործական ներշնչման յորդ աղբիւրի վերածած արեւելահայ արձակի եւ վիպագրութեան դասական այս ռահվիրան։
*
* *
Պերճ Պռօշեանի յիշատակին նուիրուած Յուշատետրի այս գրառումը պերճախօս պատառիկով մը եզրափակելու համար, կ՚արժէ վերստին կարդալ «Մեծ Նանը» խորագրով իր գործին բնութագրականը՝ նուիրուած հայ կնոջ եւ յատկապէս մեծ մօր կերպարին ու արժէքին հայոց նահապետական աւանդութեանց մէջ.-
«Թէպէտ մեզանում կինը առհասարակ տղամարդուց չխօսկան է, բայց մեծ նանը, երբ որ յիսուն տարին անցկացրեց, սպիտակ քնթկալի փոխանակ մի սեւ աղլուխ կապեց, որ այրիութեան նշանն է, նա այնուհետեւ չխօսկան կը մնայ միայն իր կնքաւորի մօտ. բացի քաւորից՝ ամէնքը նրա եղբայրներն ու որդիներն են։ Գիւղի միջովն անց կենալիս, երիտասարդ տղամարդիկը նրա առաջին ոտքի կը կանգնեն եւ համեստութեամբ կը պատասխանեն մեծ նանի բարեւին ու պարկեշտօրէն կը ծիծաղին մեծ նանի սրախօսութիւններին։
«Իսկ ջահել կանայք ու աղջկերք տանն էլ, քուչումն էլ պարտական են մեծ նանի ձեռքը պաչելու, թէկուզ կուժն ուսին էլ լինի, ջահելը պէտք է մօտենայ մեծ նանին, գլուխ տայ ու այնպէս անց կենայ։
«- Քո տրէն ապրի՛, քո ախպէրն ապրի՛, բարով քեզ նշանենք, բարով կարմիրդ կապենք,- անխնայ բաժանում է մեծ նանը իր օրհնութիւնը բոլոր իր ձեռքը պաչողներին»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ