Հայ Գիտնականներու Ստեղծած Ախտահանող Նիւթը՝ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարելու Արդիւնաւէտ Միջոց
04 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՀՀ ԳԱԱ Ա.Բ. Նալբանդեանի անուան քիմիական բնագիտութեան ուսումնարանին մէջ հիմնարար գիտելիքներու հիման վրայ ստեղծուած է նոր սերունդի նիւթ` «Բիօքսիլ 2», որ կրնայ յաջողութեամբ օգտագործուիլ COVID-19-ի դէմ պայքարելու տարածքներու, մակերեւոյթներու, իրերու ախտահանման համար:
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիային փոխանցած տեղեկութիւններով, ըստ որուն, «Բիօքսիլ 2»-ը արդիւնաւէտ, քլոր չպարունակող, աշխոյժ թթուածինի հիման վրայ ստեղծուած ախտահանող-լուացող նիւթ է:
Անիկա անցած է փորձարկումներ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան «Ախտահանման կեդրոն» ՓԲԸ-ի եւ «Թուպերքուլոզի դէմ պայքարի ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի սնունդ արտադրող ձեռնարկութիւններու մէջ: Բոլոր փորձարկումներուն իբրեւ արդիւնք հաստատուած է «Բիօքսիլ 2»-ի բարձր արդիւնաւէտութիւնը, ՀՀ «Ստանդարտներու ազգային ուսումնարան»-ին մէջ հաստատուած են արհեստագիտական պայմանները:
«Բիօքսիլ 2»-ի արտադրութիւնը կը կազմակերպուի Քիմիական բնագիտութեան ուսումնարանի տարածքին մէջ հիմնուած արտադրամասին կողմէ, որուն հզօրութիւնը օրական 2 թոն է:
Ներկայիս «Բիօքսիլ 2»-ի արտադրութեան հիմնական պատուիրատուն ՀՀ ԳԱԱ նախագահութիւնն է, որ ձեռք բերած է այս ախտահանիչ նիւթը ՀՀ ԳԱԱ համակարգի կառոյցներու ախտահանման համար:
yerakouyn.com/2020/06/04/հայ-գիտնականներու-ստեղծած-ախտահանող/