Ս. Մահսէրէճեան – Նեխած Բան Մը Սպիտակ Տան «Թագաւորութեան» Մէջ… – Նեխած Բան Մը Սպիտակ Տան «Թագաւորութեան» Մէջ…
04 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ս. Մահսէրէճեան
Եթէ Ուիլիըմ Շէյքսփիր մեր օրերուն ապրէր, հաւանաբար իր տիպարներէն մէկուն բերնին մէջ պիտի դնէր հետեւեալ խօսքը. «Նեխած բան մը կայ Սպիտակ Տան թագաւորութեան մէջ…»:
Իսկապէ՛ս որ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել այն դիպաշարը, որ կայծ առաւ 25 Մայիսին, Մինեսոթայի գլխաւոր քաղաք՝ Մինիափոլիսի Փաուտըրհորն թաղամասին մէջ, ոստիկաններու կողմէ սեւամորթի մը՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեամբ: (Անմիջապէս շեշտենք, որ այս տողերը ամբողջ ոստիկանութեան ուղղուած ամբաստանագիր չեն, որովհետեւ ոստիկանները ընդհանրապէս մեծ վտանգներ դիմագրաւող ասպարէզի մը կը ծառայեն՝ ի խնդիր քաղաքացիներու եւ անոնց կալուածներուն պաշտպանութեան, անվնաս պահպանումին, յաճախ իրենք ալ զոհ կ’երթան խելագար ոճրագործներու, կը վայելեն, պէ՛տք է վայելեն համապատասխան յարգանք): Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ ըստ էութեան մանր դէպք մը յանգի մարդասպանութեան, յետոյ, քանի մը օրուան մէջ վերածուի ամերիկեան աւելի քան 400 (թիւը օրէ օր կը բարձրանայ) քաղաքներ ու աւաններ փոթորկող, ծանր տագնապի մատնող կայծի, արձագանգները տարածուին աշխարհով մէկ, առ ի զօրակցութիւն սեւամորթներու եւ ի պաշտպանութիւն արդարութեան՝ ալիքներ բարձրանան ամէն տեղ, մարզիկներ եւս ցուցական քայլերով խարանեն ոճիրը, աչք առնելով պատժուիլ:
ԴԷՊՔԸ ԵՒ…
Փոթորիկին կայծը իսկապէս որ մանր դէպք մըն էր, ամբողջութեամբ նկարահանուած է եւ տեղադրուած: համացանցի վրայ: 46-ամեայ Ֆլոյտ ծխախոտ գնած է խանութէ մը, որուն տէրը կասկածած է, թէ անոր տուած 20 տոլարնոցը կեղծ է, լուր տուած է ոստիկանութեան: Երբ ոստիկաններ հասած են դէպքին վայրը, տեսած են, որ Ֆլոյտ կը մնայ իր ինքնաշարժին մէջ. ձեռքերը ետին կապելով՝ տարած են ոստիկանական ինքնաշարժ, վէճէ մը ետք, ոստիկանները գետին տապալած են կաշկանդուած եւ իրենց սպառնալիք չեղող «յանցապարտը», անոնցմէ մէկը՝ Տերէք Չովին, ծունկը կոխած է Ֆլոյտի ծոծրակին, զայն անշարժացուցած է ամբողջ 8 վայրկեան եւ 46 երկվայրկեան, ոստիկան ընկերներէն երկուքը փաստօրէն նստած են Ֆլոյտի վրայ, օգնելու համար իրենց ընկերոջ, իսկ չորրորդը մնացած է պարզ հանդիստես, առանց գետին տապալածը փրկելու դոյզն փորձի. Ֆլոյտ քանի մը անգամ բացագանչած է՝ «չեմ կրնար շնչել», արձակած է աղերսներ: Անոր դէմ ուժի բանեցումը շարունակուած է վերջին աւելի քան 2 վայրկեաններուն, երբ ան արդէն չէր շարժեր եւ անցորդներ կը բողոքէին ոստիկաններուն բրտութեան դէմ, կը խնդրէին, որ ականջ տրուէր Ֆլոյտի աղաչանքներուն: Ֆլոյտ հիւանդանոց փոխադրուած է ու ստուգուած է որ մահացած է:
…ՓՈԹՈՐԻԿԸ
Ֆլոյտի սպանութեան արարքը օրին զայրոյթի ալիք մը բարձրացուց Մինեսոթայի մէջ. ժողովուրդին համար, իսկապէս որ անըմբռնելի էր այն, որ մինչեւ իսկ եթէ Ֆլոյտ իսկապէս կեղծ դրամով ծխախոտ գնած էր, պէ՞տք էր այսպիսի տարողութեամբ բրտութեան ենթարկուէր եւ սպաննուէր: Ցուցարարները բողոքի ձայն բարձրացուցին՝ ի խնդիր ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, որքան ալ որ ընդվզած էին նոյնինքն սպանութեան ի տես: Ոստիկանատուն մը հրկիզուեցաւ, ոստիկանական ինքնաշարժներ խորտակուեցան (բոլորն ալ արդարացում չունեցող արարքներ, սակայն զայրոյթի բացատրելի արտայայտութիւն): Ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը եղաւ բաւական բիրտ: Հազիւ օր մը ետք էր որ, այն ալ ստեղծուած ճնշումին տակ, յայտարարուեցաւ, թէ խնդրոյ առարկայ չորս ոստիկանները գործէ արձակուած են (կրկնենք. քանի մը ոստիկանի անուղղայ արարքներով՝ պէտք չէ դատել ու դատապարտել ամբողջ ոստիկանութիւնը):
Եթէ չորս ոստիկանները գործէ արձակուեցան, սա լռելեայն հաստատում մըն էր, որ յանցաւոր էին: Մարդիկ չկլլեցին այս «պատիժը», բողոքի ալիքը աւելի՛ բարձրացաւ, մէկ կողմէ՝ լիարժէք արդարութեան պահանջով, ու միւս կողմէ՝ լուսարձակի տակ բերելու համար ամբողջ պատմութիւն մը, թէ սեւամորթներու հանդէպ ինչպիսի՛ խտրականութիւն կը գործադրուի: Բազմաթիւ թղթածրարներ բացուեցան, յիշատակուեցաւ թէ վեց տարի առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, Էրիք Կառնըր անունով այլ սեւամորթ մը սպաննուած էր ոստիկաններու կողմէ, գրեթէ նոյն պայմաններուն տակ, երբ կը բացագանչէր, որ չէր կրնար շնչել ոստիկանի մը ի գործ դրած ճնշումին տակ: Թղթածրարները գացին շատ աւելի ետ, յետոյ թուարկեցին քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցած նմանօրինակ՝ սեւամորթներու անտեղի ու անիմաստ սպանութեան բազմաթիւ դէպքեր: (Համացանցը բեռնաւորուած է նման պատահարներով, ցոյց տալով, որ ոստիկաններ ինչպիսի յաճախակիութեամբ բիրտ ուժի եւ սպանութեան կը դիմեն անհարկի կերպով, յետոյ ալ ազատ կը կացուցուին պատասխանատուութենէ, կամ լաւագոյն պարագայի՝ ո՛չ համոզիչ պատժամիջոցներու կ’ենթարկուին. Ուրեմն, կայ ամբողջ համակարգի մը, մտածելակերպի մը նեխածութեան երեսը):
Իշխանութիւնները, ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ պատճառով, միայն 5 օր ետք, 29 Մայիսին, յայտարարեցին, որ Ֆլոյտի ծոծրակին ճնշող ոստիկանը իբրեւ մարդասպան ամբաստանուած է, իսկ միւս երեքն ալ պատժելու պահանջը ստեղծեց ժողովրդային նոր ճնշում:
Մեղմ պատիժներէն յուսախաբ եւ արդար տնօրինումներու սպասող զանգուածները օր ըստ օրէ նոր ծաւալ տուին բողոքի ալիքին, որ տարածուեցաւ Մինեսոթայի սահմաններէն անդին: Բարձրացած գլխաւոր նշանախօսքերն են՝ «Արդարութիւն», «Սեւամորթներուն կեանքը կարեւոր է», «Վերջ՝ ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան», «Չեմ կրնար շնչել…»:
«ԹԱՓՕՆ»-ՆԵՐ
Բողոքի, արդարութեան պահանջի ալիքները նախ խաղաղ էին ըստ ամենայնի, սակայն բրտութիւնը շուտով «միջամուխ» եղաւ եւ ալիքը սկսաւ տարբեր ընթացքներ առնել, ստեղծեց «թափօն»ներ, որոնք ուղղակի կապ չունին պահանջներուն հետ:
Թափօններէն առաջինը՝ վայրագութեան եւ կողոպուտի, վաճառատուներու ցուցափեղկերուն ջարդն էր, նաեւ՝ յարձակումներ ոստիկանութեան վրայ (վերջինը կը բացատրուի իբրեւ ոստիկանութեան ու աւելի բարձրաստիճան պետական պատասխանատուներու բիրտ վարմունքին հակադարձութիւն): Նորութիւն չէ, որ նման կացութիւններէ միշտ ալ «կողմնակի օգտուողներ կ’ըլլան»: Լրագրողի մը ուշադրութենէն չէր վրիպած, որ կողոպտողպատանիներուն ձեռքին պաստառներ չկային, կամ՝ ցուցարարներ իսկ տեղ-տեղ փորձած են զսպել պատանի գողերը, շեշտեով, որ անոնց արարքները հարուած կու տայ իրենց շարժումին: Երկրորդ «թափօն»-ն է տագնապին քաղաքականացումը, ընտրական եւ այլ հաշիւներու կառքին լծումը: Գաղտնիք չէ, թէ նախագահ Թրամփէն սկսեալ, մինչեւ կարգ մը քաղաքներու, նահանգներու վարիչներ, զինուորականներ, ընդդիմադիրներ եւ այլ դէմքեր ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութեան ձեռնարկած են, հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն իրենց վարմունքը օրէնքի վրայ հաստատելու պատճառաբանութիւններով: Իշխանութեան համակիրները հրապարակ կու գան յայտարարելով, որ նման խտրականութիւն նորութիւն չէ, Օպամայի օրով ալ նման դէպքեր պատահած են: Կարծէք թէ Օպամայի կամ նախընթացներու օրով արձանագրուած բրտութիւնները արդարացում կրնան գտնել: Անդին, թեկնածու Պայտըն կը փորձէ արդարամիտ ըլլալ, սակայն մարդիկ չեն մոռցած, որ Օպամայի օրով՝ փոխ նախագահ էր եւ գործնապէս շատ բան չէ ըրած ներխած վիճակը դարմանելու համար:
Կողմնակի «թափօն» մըն ալ կարելի է սեպել այն, որ այս տագնապին ծաւալն ու անկէ բխող արդար մտահոգութիւնները քանի մը օրուան մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւեցին լրատուութեան աշխարհին մէջ, եւ մոռացութեան մատնեցին այն՝ որ Պսակաւոր ժահրը կը շարունակէ իր առատ հունձքը, նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ աշխարհի տարածքին: (Մինչեւ իսկ կէս-կատակ ըսուեցաւ, որ այս տագնապը հրահրուեցաւ՝ որպէսզի համաճարակին հանդէպ պետական մարդոց անփութութիւնը մոռցուի…):
ՏԵՂ ՄԸ ՍԽԱԼ ԲԱՆ ՄԸ…
Արագօրէն զարգացող ու ծաւալ ստացող դէպքերուն հետեւողը բնականաբար կը մնայ անոնց տիրապետութեան տակ եւ հազիւ թէ կ’անդրադառնայ, թէ սխալ բան մը կայ քիչ մը ամէն տեղ, բազմաթիւ մակարդակներու վրայ, իսկ այս պատահածը միայն մէկ օղակն է սխալներու, նեխածութեան անծայրածիր շղթայի մը: Այսպէ՛ս է, որովհետեւ մամուլն ու քարոզչական մեքենան ալ առաւելաբար ուշադրութիւն կեդրոնացուցած են օրուան դէպքերուն վրայ, զանգուածները գամած են հաղորդակցութեան այլ միջոցներուն, իսկ մեկնաբանութիւնները առաւելաբար առանցք ունին սեւամորթներու հանդէպ անբարեխիղճ եւ խտրական վերաբերմունք(ներ)ը:
Չյայտարարուած բայց բացայայտ խտրականութիւնը անշո՛ւշտ որ ներկայ է գլխագիր տեսակէն. եղածը պէտք չէ դիտել Ճորճ Ֆլոյտի մը սպանութեան ծիրին մէջ, որովհետեւ կայ գլխագիր անարդարութեան իրականութիւն մը, որուն գլխաւոր զոհերը տարբեր գոյնի ցեղերու անդամներն են, խտրականութիւն՝ որ չի խնայեր նաեւ սպիտակամորթին, հակառակ անոր, որ այդ երեսները լուսարձակի տակ չեն բերուիր (պարզ օրինակ մըն է… տնազուրկերու տագնապը, որ թէեւ անմիջական աղերս չունի ներկայ տագնապին եւ զարգացումներուն հետ, սակայն իր կարեւոր տեղը ունի Անարդարութեան տարածքին մէջ. կան ուրիշ օրինակներ ալ): Ֆլոյտի սպանութեամբ ստեղծուած կացութենէն առաջ իսկ, Պսակաձեւին տարածման շրջանին, նկատուած էր որ սեւամորթներ նուազ հոգածութեան կ’արժանանան: Իսկ Ապրահամ Լինքըլնի օրերէն առաջ իսկ, սեւամորթները, յետոյ նաեւ լատինամերիկեան երկիրներէ եկողներ ընդհանդապէս ինկած են թշուառներու դասուն մէջ…:
Վերջին օրերու սխալ քայլերուն ցանկով՝ կարելի է սիւնակներ լեցնել, բաւականանանք քանի մը ուշագրաւներով:
Առաջին սխալը՝ դէպքէն ետք կտրուկ հակամիջոցներու որդեգրման ուշացումն էր: Կտրուկ միջոցներ ըսելով՝ ի մտի չունինք միայն նախագահ Թրամփի ու նմաններու ռազմունակ յայտարարութիւններն ու որդեգրած քայլերը: Երբ ժողովուրդիդ մէջ արդար ընդվզում մը կը ծաւալի, հակազդեցութիւնդ չի կրնար ըլլալ… բանակին ու բիրտ զսպամիջոցներու դիմելը, կրակոցը, սպառնալիքներ տեղացնելը: Երբ զանգուածը զայրացած է եւ բողոքի ելած, զայն հանդարտեցնելու եւ ողոքելու լաւագոյն միջոցներէն մէկը կ’ըլլայ յանցաւորը անյապաղ պատասխանատուութեան բերելը, մինչդեռ գլխաւոր յանցապարտին դէմ համեմատաբար խիստ քայլեր որդեգրուեցան միայն 5 օր ետք, երբ արդէն գետը յորդած էր: Տակաւին, յաչս բողոքողներուն՝ մէկ ոստիկանի դէմ մեղմ պատիժը, հանդարտեցնելու փոխարէն, աւելի՛ եւս զայրացուց արդարութիւն պահանջողները: Ոստիկանութեան տրուած ցուցմունքներուն մէջ կարելի է տեսնել շատ սխալ բան: Նախ՝ խաղաղ ցուցարարները ամէն տեղ նոյն հանդուրժողութեամբ չդիմակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Խաղաղ ցոյցերը տեղ-տեղ բախումի եւ բրտութեան հասան, որովհետեւ երկու կողմէն ալ՝ ծայրայեղական արարքները ջուր խմեցին նոյն՝ սխալ մթնոլորտի աղբիւրէն: Պետական եւ ոստիկանական պատասխանատուներ, որքան ալ որ հանդուրժողութիւն ցոյց տուին, նոյնքան ալ տեղ-տեղ գործեցին կատղած ցուլին դիմաց կարմիր լաթ ճօճելու «մարտավարութեամբ» (ճշդում. ցուցարարները մարդ են, ցուլ չեն): Ոեւէ մէկն ալ գիտէ, որ եթէ մանուկ կամ պատանի զաւակդ, որեւէ պատճառով զայրացած է եւ անուղղայ արարքներ կ’ընէ, հակազդեցութիւնդ չ’ըլլար, պէտք չէ՛ ըլլայ զայն ոտքիդ տակ առնել, ոսկորները ջարդ ու փշուր ընել, այլ պէտք է նախ զայն հանդարտեցնես, յետոյ կարգի բերես տրամաբանական վարմունքով, հասկացողութեամբ: Փաստօրէն, ինչի՞ կը ծառայէ հիմնականին մէջ խաղաղ կերպով ցոյցի ելած զանգուածներուն դէմ բանակ արձակելը, կամ՝ ոստիկանութեան հրահանգ տալը, որ արցունքաբեր կազերով եւ ձգախէժէ փամփուշտներով ցրուէ Սպիտակ տան դիմաց ցոյց ընողները, որովհետեւ նախագահը որոշեր է ցուցական արարողութիւն մը կատարել, իրեն նմաններու շքախումբով ուղղուիլ դիմացի եկեղեցին, լուսանկարուելու եւ Աւետարան մը ցուցադրելու համար (արդեօք իմաստուն խորհրդական մը խորհուրդ չտուա՞ւ, որ նախագահը աւելի տպաւորիչ կ’ըլլայ, եթէ ձիու մը վրայ բազմած արշաւէ դէպի աղօթատեղի…):
Նման բռնամիջոցներու ի տես, մարդ կը տարուի մտածելով, որ արդեօք բանակին վիեթնամեան, աֆղանական, իրաքեան եւ այլ ձախորդութիւններու թղթածրարը հարստացնելու միտո՞ւմ կայ, կամ արդեօք երկիրն ու ժողովուրդը ըստ բաւականին չե՞ն երկփեղկուած, «Ամերիկան վերստին մեծ դարձնել»ու համար, պէտք է քաղաքացիական մանր պատերա՞զմ ստեղծել…: Ոստիկանութիւնն ու բանակայիններ արդեօք չե՞ն անդրադառնար, որ իրենք կ’արձակուին իրե՛նց իսկ ժողովուրդին դէմ, ցուցարարները պարզ, անզէն, արդարութիւն պահանջող քաղաքացիներ են, եւ ո՛չ թէ ոճրագործներ, աւազակներ կամ կէնկսթըրներ…:
ՀԱՄԲԱԿՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳ
Շարունակելով նկատողութիւնները, դժուար չէ տեսնելը, որ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ երկրի կառավարումը ձեռք առած է համբակներու բանակ մը՝ բազմաթիւ փաղանգներով: Կացութիւնը ճիշդ կշռադատելու եւ համապատասխան վարմունք ցուցաբերելու կարողութիւնը կորսուած է կարծէք. Օրէնքին տառն է որ կը հետապնդուի, մոռնալով, որ օրէնքները ստեղծուած են ի շահ մարդկութեան, քաղաքացիին, եւ ո՛չ թէ հակառակը, ո՛չ՝ վասն անոր ստրկացման: Համբակներու եւ կարճատեսներու փաղանգին անդամ են նաեւ ոստիկանութեան եւ բժշկական ասպարէզի այն ներկայացուցիչները, որոնք կարծեցին, թէ խաղաղեցման պիտի նպաստեն, եթէ յայտարարեն, թէ Ֆլոյտի մահուան մէջ բաժին ունէին անոր առողջական առկայ հարցերը (սրտի հիւանդութիւն, ջղային համակարգի հարց եւ այլն): Երբ մարդիկ ականատես եղած են ամբողջ կատարուածին, ալ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ կուլ տալ նման բացատրութիւն: Սակայն չմոռնանք, որ համբակութիւնը միայն այս դէպքին մէջ ճակատաբաց չի ներկայանար: Չէ՞ որ աշխարհի այս կամ այն երկրին, ներառեալ մեր Հայաստանին մէջ վերջերս նորաձեւութիւն դարձած է, Պսակաձեւ ժահրի հետեւանք՝ մահերուն համար ըսել, թէ «մարդը թէեւ վարակուած էր, բայց մահը այլ պատճառով եղաւ»: Ուրեմն, եթէ Ֆլոյտի դէմ բոլորին տեսած բրտութիւնը տեղի ունեցած չըլլար, հաւատացէ՛ք, որ ան հիմա այլապէս մեռած պիտի ըլլար, նմանապէս անպայման մեռած պիտի ըլլային վարակէն բռնուած հարիւր-հազարաւորներ, եթէ վարակը զիրենք որսացած չըլլա՜ր իսկ…
ԴՐԱԿԱՆ ՇՈՂԵՐ
25 Մայիսին ծայր տուած զարգացումները բնականաբար խոր մտահոգութեան, վախի տարածման պատճառ են, սակայն պէտք չէ անտեսել կարգ մը լուսաշող գիծեր, որոնք այս շարժումը կը տարբերեն նախընթաց նմանօրինակ խռովութիւններէ: Մեկնաբանութեանց մէջ յաճախ ակնարկութիւն կատարուեցաւ Ռատնի Քինկի դէմ ոստիկանութեան խժդժութեան, Մարթին Լութըր Քինկի օրերուն եւ անկէ շատ առաջ ալ՝ սեւամորթներու դէմ բիրտ ուժի դիմելու իրականութիւններուն, հակադարձութիւններուն: Սակայն ակներեւ է, որ բան մը փոխուած է դրական իմաստով: Օրինակի համար, ցուցարարներուն շարքին, նոյնքան սպիտակամորթ եւ այլ ցեղերու ներկայացուցիչներ կան, որքան սեւամորթ: Բազմաթիւ նահանգային եւ քաղաքային պատասխանատուներ գործնապէս կը ցուցաբերեն արդարամտութիւն, զայրացած զանգուածը հանդարտեցնելու ձգտող միջոցներու կը դիմեն: Կարգ մը քաղաքներու մէջ, ոստիկաններ եւ այլ պատասխանատուներ կը միանան ցուցարարներուն, յայտարարելով, որ անոնց ցասումը արդար կը նկատեն:
Յառաջիկայ օրերուն, յուսալի է, որ մթնոլորտը հանդարտեցնող խօսքն ու գործը աւելի՛ հնչեղ դառնան, եւ զանգուածին միացեալ ցաւը երկիրը առաջնորդէ միասնութեան, վերջ տրուի «կրակի վրայ իւղ թափելու» անհեռատես եւ անմիտ գործելակերպին: Նախանշանները կ’երեւին արդէն:
Իսկ թէ այս շարժումը ինչպիսի՞ վախճանական կէտերու կրնայ հասնիլ՝ դժուար չէ որոշ նախատեսութիւններ ընելը: Մէկ կողմէ, պետական ծանօթ պատասխանատուներու սխալ վարմունքը կրնայ պատճառ ըլլալ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ աւելի՛ եւս վարկաբեկման (սա նորութիւն չէ այս ու նախընթաց նախագահներու օրով): Միւս կողմէ, յստակ է, որ ժողովրդային շարժումը չունի առաջնորդ մը, որ զինք ուղղորդէր դէպի աւելի՛ դրական արդիւնքներու: Ինքնեկ, ինքնաբուխ շարժումը, որ Արդարութեան հետամուտ է, նոյնպիսի տրամաբանութեամբ ալ արձագանգներ կը գտնէ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ: Անիկա կը նմանի հեղեղատի մը, նման բազմաթիւն նախընթացներու:
Խորքին մէջ, «նեխած բան»ը հականեխելու եւ լաւով փոխարինելու համար, այս ու նմանօրնիակ շարժումներ պէտք է ունենան շատ աւելի լայն հորիզոն, հեռանկար, գաղափարական հիմունք: ՄՏԱՅՆՈՒԹԵԱՆ, եւ անոր հետքերով՝ ամբողջ գործելակերպի, վերաբերմունքի՛ բարեշրջում կը սպասուի, որպէսզի փակուին Լինքըլնի, հետնորդներուն, Մարթին Լութըր Քինկի, Մալքըլմ Էքս.ի եւ նմաններու հետապնդած մուրհակները, պետութիւնը ինքզինք նկատէ ժողովուրդին ներկայացուցիչն ու հովանաւորը, եւ ո՛չ թէ անոր բժնակալ-իշխողը:
«Հիմնական բարեփոխում, փոփոխութիւն կը պահանջենք»՝ կը կրկնեն ցուցարարները: Այս առաջադրանքը կ’իրականանայ, եթէ «նեխած բան»ները՝ պատասխանատու թէ ցեղապաշտ մտածողութիւն տարածող հատուածները գիտակցութեան բերուին, ամբողջ համակարգը բարեշրջուի, չսպասուի, որ բարեշրջումները անպայման ժողովրդային բիրտ շարժումներու ճնշումին տակ ըլլան: Սպիտակ տան «թագաւորութիւնը» պէտք է ախտահանուի վերէն մինչեւ վար ու նահանգներ: Նոյնը՝ ախտահանումի կարօտ այլ երկիրներու մէջ: Այլապէս, նոր Ֆլոյտներ կրնան պատճառ դառնալ մեծ ու փոքր յորձանքներու կրկնութեան:
yerakouyn.com/2020/06/04/նեխած-բան-մը-սպիտակ-տան-թագաւորութեա/