Ոչ Թէ Ատրպէյճանի Ժողովուրդը, Այլ Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը Պատրաստ Չէ Խաղաղութեան. Հայաստանի ԱԳՆ
05 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Որքան ալ հայերուն դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, ատրպէյճանական իշխանական տարբեր օղակներու ռազմատենչ յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան։
«Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ կը կատարուին բովանդակային կառուցուածքէ զուրկ, ջղագարութիւն յիշեցնող հակահայկական մրցակցային յայտարարութիւններ: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գերազանցել իր նախկին հակահայկական յայտարարութիւնները, որ տասնամեակներու ընթացքին հետեւողական հակահայկական քարոզի պայմաններուն մէջ չիւրին գործ չէ:
«Յատկանշական է, որ սեփական ժողովուրդին առջեւ ատելութիւն քարոզող եւ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս եկող Ատրպէյճանի մենատիրական իշխանութիւնները կ՝օգտագործեն «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը իրենց երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներ իրականացնելու համար. իրողութիւն, որ բարձրաձայնուած է շարք մը հեղինակաւոր միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու կողմէ:
«Այնուհանդերձ, որքան ալ որ հայերու դէմ ատելութեան քարոզը եւ պատերազմի սպառնալիքները միտուած ըլլան ներքին լսարանին, նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն խաղաղ գործընթացին եւ կը մատնանշեն, որ ոչ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը, այլ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ խաղաղութեան:
«Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հակահայկական գործողութիւնները արդէն ստացած են իրենց իրաւական գնահատականը միջազգային ատեաններուն կողմէ: Այսպէս, ՄԻԵԴ-ի «Մակուչեանն ու Մինասեանը ընդդէմ Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ» գործով դատավճիռը դատապարտեց ատրպէյճանական պետութեան ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը, որ արտայայտուած էր մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը ներելու, ազատ արձակելու եւ պարգեւատրելու գործողութիւններով:
«Հայատեացութիւնը որպէս ներքին համախմբման եւ իշխանութեան օրինականութեան հիմնական աղբիւր դիտարկող Ատրպէյճանի ներկայ իշխանութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի եւ ողջ հայ ժողովուրդի, այլեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար:
«Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգը բաւարար համալիր եւ կայուն է՝ արդիւնաւէտօրէն հասցէագրելու եւ հակադարձելու նման սպառնալիքները»,- մեկնաբանեց Աննա Նաղտալեան:
yerakouyn.com/2020/06/05/ոչ-թէ-ադրբեջանի-ժողովուրդը-այլ-բարձրա/