Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Լրատուական Բաժին — Միջոցառում Արցախի մէջ՝ «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի 10-րդ եւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի 11-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի մեծ դահլիճին մէջ 2015 թ. Դեկտեմբերի 18-ին Արցախի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի պատրաստած «Տունդարձի ճամբան» փաստագրական ֆիլմի շնորհանդէսը:

Միջոցառումը օրհնութեան աղօթքով բացաւ Շուշիի Սրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Անդրեաս քահանան:
Հաղորդավարը նշեց, որ՝

«Խնուս» մշակութային հիմնադրամը ստեղծուեր է 2005թ.: Գործունէութեան տասը տարիներու ընթացքին հիմնադրամը իրագործեր է հոգեւոր-հայրենասիրական տասնեակ նախագիծեր ու միջոցառումներ, արժանանալով ճանաչման ու բարձր գնահատանքի: Իրականացուած նախագծերէն են Արեւմտեան Հայաստանի Խնուս գաւառի քարտէսը, Սամուէլ Մհերեանի հեղինակած՝ «Մենաւոր Բազէն» պատմավէպը,«Եդեմի Պարտէզը» վաւերագրական ֆիլմը, «Ճշմարիտ Լոյսը» եւ «Այբ Քէ» հոգեւոր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որը արժանացեր է նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի օրհնութեանը եւ գնահատականին: Հիմնադրամի նախագծերուն մասնակցեր են արմատներով բազմաթիւ խնուսցիներ եւ Մեծ եղեռնը վերապրած հայորդիներու զաւակներ, ինչպէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, այնպէս ալ արտասահմանի՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Ուքրանիայի:

Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Խնուս» մշակութային հիմնադրամը հնարաւորութիւն ունի իր գործունեութեան վերջին պտուղը «Տունդարձի Ճամբան» վերնագրուած` փաստագրական ֆիլմը ներկայացնել նաեւ Արցախի հանդիսատեսին:

Ֆիլմը կը ներկայացնէ արմատներով խնուսցի Պարոյր Գէորգեանի նախաձեռնած ուխտագնացութիւնը դէպի Հայոց Բնօրրան աշխարհը, որտեղ ուխտաւորները անցնելով Պատմական Հայրենիքի մի քանի քաղաքներով` Անի, Կարս, Վան, Պիթլիս, Մուշ, վերջապէս կը հասնին Խնուսի Բուռնազ գիւղը եւ կը գտնեն երախտաւոր հայորդի Արամ պապի տունը:
Ելոյթ ունեցաւ «Խնուս» մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Սամուէլ Մհերեանը:

Հաղորդավարը ներկայացուց նաեւ ՝

Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար իրականացւող աշխատանքները սկսան 2004 թուականին, երբ Շուշիի մէջ հիմնադրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը: Առաջնորդուելով ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագրի եւ «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» Հռչակագրի դրոյթներով ու նորմերով, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը իրականացուցեր է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու, որպէս բնիկ՝ իրաւունքներու իրականացումը, որոնց կարգին, պետական կարգավիճակի նկատմամբ իրաւունքները, 2011-2014 թուականներուն ձեւաւորելով Արեւմտեան Հայաստանի պետական կառոյցները: Այդպէս ձեւաւորուեցան Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը), Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հաստատութիւնը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վարչապետ`Տիգրան Փաշաբեզեանը: (Ելոյթը կը տրուի կից)

Զեկոյցով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեանը:

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան

Կառավարութեան Լրատուական Բաժին

18.12.2015 թ.

——————————————————————-

Ներկայի մարտահրաւերներու դիմադրութեան ծրագիրներու վերաբերեալ

Յարգելի հայրենակիցներ.

Վերջին տասնամեակներուն հայութիւնը միասնաբար դիմագրաւեր է հիմնական երկու մարտահրաւերներ, որոնք թշնամական, պատերազմի ու շրջափակման իրողութիւններու ու անոնց հետեւանքներու յաղթահարման, ՀՀ-ի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան պահպանման ու ամրապնդման, Արցախի հայութեան ու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման ու հաստատման եւ այլ հարակից խնդիրներ:
Ներկայիս անոնց վրայ աւելցան եւս երկուքը. Մերձաւոր Արեւելքի հայութեանն ու Արեւմտեան Հայաստանին ուղղուած մարտահրաւերները:

Բարեբախտաբար այս ուղղութեամբ նոյնպէս վերջին տասնամեակին իրականացեր են յատուկ աշխատանքներ: Մասնաւորապէս, 2004 թ. դեկտեմբերի 17–ին՝ Շուշիի մէջ, կը հիմնադրուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդը: Նոյն օրը կ՛ընդունուի հռչակագիր Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի վերաբերեալ, իսկ 2007 թ. հռչակագիր Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու վերաբերեալ որպէս Հայկական լեռնաշխարհի բնիկներ: 2011 թ. Փետրուար 4–ին կը յայտարարուի Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացի սկիզբը: 2014 թ. Յունուարին համացանցի վրայ նախօրոք իրականացուած ընտրութիւններու միջոցով կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովը (Խորհրդարանը), որը կ՛ընտրէ Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ:

Այստեղ պէտք է յատուկ նշել Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի կողմէ ՄԱԿ–ի Բնիկ ժողովուրդներու փորձագիտական աշխատանային շրջանակներուն մէջ 2006–էն ի վեր իրականացուած աշխատանքները եւ անոր հիման վրայ ստեղծուած Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան հաստատութիւնը:

Այս իրաւական – քաղաքական հիմքի վրայ կը ձեւաւորուի Արեւմտեան Հայաստանի պետական համակարգը, որուն միջոցով ալ կ՛իրականացուի Արեւմտեան Հայաստանի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ողջ գործընթացը:
Յիշենք նաեւ, որ Հայկական Հարցի լուծման նպատակով 1918-20 թթ. այդ ուղղութեամբ ընդունուեր են որոշումներ, կնքուեր պայմանագիր, կայացեր իրաւարար վճիռ:

Համառոտ թուենք մի քանի հատը.

-1918 թ. Յունուարի 11–ին Ռուսաստանի կողմէ ընդունուեր է «Թրքահայաստանի մասին» (Արեւմտեան Հայաստանի-հեղ.) հրամանագիրը, որը յատուկ դրոյթը զետեղուեր է 1918 թ. Յուլիսի 10–ի ՌՍՖՍՀ Սահմանադրութեան 6–րդ յօդուածին մէջ:

-1919 թ. Կոստանդնուպոլսի ռազմական ատեանին մէջ տեղի ունեցեր է Օսմանեան Թուրքիայի իշխող վերնախաւի՝ երիտթուրք պարագլուխներու, դատավարութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ ներքաշելու եւ Օսմանեան կայսրութեան հայազգի հպատակներու կոտորածներն ու բռնագաղթը կազմակերպելու եւ իրականացնելու մեղադրանքներով:

-1920 թ. օգոստոսի 10-ին կնքուեր է Սեւրի Խաղաղութեան պայմանագիրը, որու 88-93 կը վերաբերուի Հայաստանին:

-1920 թ. նոյեմբերի 22-ին ԱՄՆ 28-րդ նախագահ Ուտրօ Ուիլսօնը յայտարարեր է Իրաւարար վճիռ՝ Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դէպի ծով ելքի եւ հայկական սահմանին հարակից թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ:

Բերուած օրինակները ցոյց կու տան հայութեան իրաւունքներու փաթեթի իրական ծանրակշռութիւնը եւ այդ պաշտպանելու ու իրականացնելու խնդրին մէկ ընդհանուր ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորքին մէջ այս ամբողջը կարելի է ձեւակերպել նաեւ, որպէս հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացի նոր օրակարգ Հայաստանի նկատմամբ:

Օգտուելով ընձեռուած առիթէն՝ ջերմօրէն կ՛ողջունենք Արցախի հերոս ժողովրդին, արցախահայութեան հոգեւոր ու մշակութային, քաղաքական ու պետական բոլոր կառոյցներու մշակներուն եւ պատասխանատուներուն:

Շնորհակալութիւն Ձեր կատարած ամբողջ գործի համար:

Շնորհակալութիւն, որ միասին ենք:

Տիգրան Փաշաբեզեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ

18.12.2015 թ.

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail