ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

– 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

4 Յունիս 1918.
Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

Ն. Պէրպէրեան

4 Յունիս 2020

1918ի այս օրը՝ Յունիս 4ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ստիպուեցաւ ստորագրելու հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն նուաստացուցիչ եւ խայտառակ պայմանագիրներէն մէկը՝ Պաթումի տխրահռչակ Դաշնագիրը։

Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ Մարտ 1918ին յարձակած թրքական բանակին դէմ Մայիս 22էն մինչեւ Մայիս 30 հերոսաբար դիմադրելէ, յաղթելէ, թշնամին նահանջի մղելէ եւ Հայաստանի անկախութիւնը հռչակելէ ետք, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը Յունիս 4ին իր ներկայացուցիչներուն հրահանգեց ստորագրել Պաթումի Դաշնագիրը։

Միայն Հայաստանի դէմ ուղղուած չէր 1918ի Յունուարին սկսած թրքական բանակին անդրկովկասեան ընդհանուր արշաւանքը։

Օգտուելով Ցարական իշխանութեան տապալումէն եւ անոր հետեւած Պոլշեւիկեան յեղաշրջումին առաջացուցած ներքին պատերազմէն, թրքական զօրքը ձեռնարկած էր Պաքու հասնելու ընդհանուր յարձակումի։

Թրքական ներխուժող կողմին հետ բանակցութեանց նպատակով՝ Մայիսի սկիզբէն Պաթում ուղարկուած էր Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարական բազմազգեան խառն պատուիրակութիւն մը։

Վրաստան եւ Ատրպէյճան գաղտնաբար արդէն համաձայնութեան եկած էին թրքական կողմին հետ։ Հայաստան մնացած էր առանձին։

Թէեւ հայկական զօրքերը յաջողած էին Արարատեան Դաշտէն հեռացնել թրքական եաթաղանը, բայց ամբողջ Անդրկովկասի ճակատագիրը մատնուած էր անորոշութեան եւ հայաջնջման վտանգը սպառնական էր։

Ահա նման պայմաններու մէջ, Սէյմի պատուիրակութեան հայ մասնակիցները, որոնք Մայիս 28էն ետք այլեւս արդէն իբրեւ ինքնուրոյն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներ կը ներկայանային թուրք բանագնացներուն, յանձնարարական ստացան ստորագրելու Օսմանեան Կայսրութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան հետ «Հաշտութեան եւ բարեկամութեան պայմանագիր»ը, որ պատմութեան անցաւ Պաթումի Դաշնագիր անունով։

Պատմական տարողութեամբ ծանրակշիռ այդ իրադարձութիւններու ընդգրկուն խճանկարին մէջ կը տեղադրուի Պաթումի Դաշնագիրը, որ օրին իսկ եւ նոյնինքն զայն ստորագրած հայ քաղաքական գործիչներուն կողմէ որակուեցաւ «խայտառակ» ու «նուաստացուցիչ» փաստաթուղթ մը։

Աւելի՛ն. պատմութեան դառն հեգնանքով, Պաթումի Դաշնագիրը եղաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստորագրած միջազգային առաջին փաստաթուղթը, որ եթէ մէկ կողմէ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցող առաջին երկրի իրաւավիճակը տուաւ Օսմանեան Կայսրութեան, միւս կողմէ սակայն, իրաւականօրէ՛ն, նսեմացուց թէ՛ անկախ Հայաստանի պետական տարածքն ու հասողութեան սահմանները, թէ՛ նոյնինքն անկախութեան լիազօրութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան։

Հայկական պատուիրակութեան կողմէ «Պայմանագիր»ը ստորագրող գլխաւոր դէմքերը Ալեքսանդր Խատիսեանը, Յովհաննէս Քաջազնունին եւ Մ. Պապաջանովն էին, իսկ թրքական կողմէ՝ Խալիլ ու Վեհիպ Փաշաները։

Բաթումի Դաշնագրին 14 յօդուածներն ալ կը վերաբերին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած հողային, քաղաքական եւ ռազմական զիջումներու, որոնց փոխարէն Թուրքիա պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւականութիւնը, միաժամանակ պատերազմական գործողութեանց վերջ տալու յանձնառութեան տակ մտնելով։
Բաթումի Դաշնագրի ստորագրութեան ժամանակ հայկական զօրամասերը հազիւ տասը հազար զինուոր կը հաշուէին, որոնց դիմաց թրքական բանակը շարժման մէջ դրած էր աւելի քան երեսունհինգ հազար զինուոր։

Պաթումի Դաշնագրով՝ փաստօրէն հազիւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթրի մէջ սահմանափակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը, թուրքերուն զիջելով, Արեւմտահայաստանի կողքին, նաեւ Արեւելահայաստանի մեծագոյն մասը, ինչը արդէն իրողապէս թրքական գրաւման տակ կը գտնուէր, անշո՛ւշտ։

Նոյնպէս սահմանափակումի ենթարկուեցաւ եւ նսեմացաւ, Դաշնագրին մէջ տեղ գտած պայմանադիր յօդուածներով, «հայկական անկախութիւնը»՝ այն առումով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան, այլեւ ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու որոշակի իրաւունք ստացան թուրքերը…

– 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

*
* *

Թէեւ Պաթումի Պայմանագիրը իր ստորագրութեան պահէն իսկ իրողապէս չյարգուեցաւ եւ քաղաքական իմաստ ու կեանք չունեցաւ, բայց ինչպէս օրին, նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի անկախութեան խորտակումէն ետք տեւաբար չարաշահուեցաւ հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնք Հայաստանի անկախութիւնն ու Հանրապետութիւնը կերտած սերունդին եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան դէմ իրենց մղած վարկազրկման պայքարին մէջ ուզեցին կարեւոր «յաղթաթուղթի» վերածել Պայմանագրին ստորագրումը։

Նաեւ մեր օրերուն կը յամենան Պաթումի Պայմանագրին չարաշահումով ՄԱՅԻՍ 28ի պատմակերտ նուաճումը նսեմացման ենթարկելու փորձերը, որոնք սակայն սնանկացած խորհրդային գաղափարական զինանոցէն դուրս հիմնաւորումներ չեն գտներ եւ իրենց կարգին դատապարտուած են… սնանկութեան։

Բայց անկախաբար այդօրինակ քաշքշուքներէն, կարեւոր է տեսնել, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան ղեկավարութիւնը ստորագրեց նման դաշնագիր մը։

Պատասխանը կարեւոր է նախ հայոց նորագոյն պատմութեան հանգուցային այդ պահը ըմբռնելու եւ ճանչնալու, ապա եւ յատկապէս պատմութեան դառն ու դաժան դասերը սերտելու համար, որպէսզի այսօր կամ վաղը ազգովին չյայտնուինք միեւնոյն խայտառակ վիճակին մէջ։

Ինչո՛ւ օրուան հանրապետական ղեկավարութիւնը ստորագրեց խորքին մէջ պարտութեան, այլ ոչ թէ «հաշտութեան եւ բարեկամութեան» այդ պայմանագիրը։

Չէ՞ որ Մայիս 22էն սկսեալ, հայ ժողովուրդին մարտունակութիւնն ու դաշնակցական կամքը յաղթահասակ մարմնաւորող Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, Արարատեան Դաշտին մէջ կծկուած հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ թրքական զօրքերու մահացու ներխուժումին դէմ եւ Ղարաքիլիսայի, Բաշ Աբարանի ու Սարդարապատի ռազմաճակատներուն վրայ պարտութեան մատնեց եւ նահանջի մղեց թրքական զօրքերը։
Չէ՞ որ 1918ի Մայիս 28ին արդէն շրջուած էր հայոց պատմութեան վեց-դարեայ թաւալգլոր անկումի պատմական անիւը. աշխարհէն լքուած եւ հայասպան Թուրքիոյ արշաւող բանակին դէմ առանձինն ծառացած՝ Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը, Յունուար 1918էն սկսեալ շարունակաբար ընկրկելէ եւ մինչեւ մահուան անդունդը նահանջելէ ետք, կրցաւ իր մէջ գտնել հրաշազօր հաւաքական կամքն ու հերոսական խոյանքը, որպէսզի վերջին կռիւը մղողի օրհասական լարումով դէպի ռազմաճակատ ուղղուի եւ քաջերու օրէնքով վերջակէտ դնէ դարաւոր ոսոխի մահ սփռող արշաւանքին։
Ճիշդ է, յաղթարշաւի օրեր կ՚ապրէինք Մայիս 1918ի վերջին օրերուն, բայց թրքական նահանջը չէր նշանակեր, որ թշնամին ջախջախուած էր։

Ընդհակառակն՝ թրքական զօրքը տակաւին իր գրաւման տակ կը պահէր Ալեքսանդրապոլը եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Մայիս 29ին, Սարդարապատի ռազմաճակատի հրամանատար զօր. Սիլիկեանը կոչ կ՚ուղղէր բոլորին, որ վերջին գրոհով մը թրքական գրաւման բանակէն ազատագրեն նաեւ Ալեքսանդրապոլը։

Այդպէ՛ս էր, որ Ալեքսանդրապոլէն թրքական զօրքի հեռացումը ապահովելու պայմանով ստորագրուեցաւ Պաթումի Դաշնագիրը։

– 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

*
* *

Պատմական իրողութիւնները աւելի ամբողջական խորապատկերով ընկալելու համար, պէտք է քննել, թէ ռազմաճակատներու վրայ յաղթանակող հայութիւնը ինչո՞ւ պարտաւորուած էր ստորագրելու քաղաքական պարտութիւն խորհրդանշող Պաթումի Պայմանագիրը։

Եւ ինչպէ՞ս եղաւ, որ պատերազմը կորսնցնող Թուրքիան, այդպէ՛ս, քաղաքական յաղթանակ ձեռք ձգեց…

Չմոռնանք, որ 1917ի Դեկտեմբերին պոլշեւիկեան Ռուսաստանը տուն կանչած էր իր զօրքերը՝ կովկասեան ճակատին վրայ մինչ այդ պարտութիւն կրած թրքական բանակին ընծայելով Անդրկովկասի վրայ նորովի յարձակումի ձեռնարկելու ոսկի պատեհութիւնը։

Հակառակ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ աւագ դաշնակից Գերմանիոյ միջեւ տարուող պատերազմի դադրեցման բանակցութիւններուն, որոնք Մարտ 1918ին յանգեցան Փրեսթ-Լիթովսքի Պայմանագրի ստորագրութեան, թրքական իշխանութիւնները 1917ի վերջերուն արդէն յարմարագոյն պահը գտած էին ի գործ դնելու Պաքու հասնելու եւ հոնկէ դէպի Կեդրոնական Ասիա բացուելու համաթրքական տիրապետութեան իրենց ծրագիրը։

Այդ ճամբուն վրայ թուրքերը իրենց թիկունքին ունէին Գերմանիոյ օրհնութիւնը, որ կը հիմնուէր Պաքուի նաւթահորերուն տիրանալու եւ Արեւմտեան ռազմաճակատին իր զօրքերուն պակսող վառելանիւթը ապահովելու ռազմավարական հաշուարկին վրայ։

Ահա թէ ի՛նչ քաղաքական յաղթանակի մասին է խօսքը։

Թէեւ Սարդարապատի մէջ պարտուած ռազմականօրէն, այսուհանդերձ՝ Թիֆլիսի մէջ, ուր կեդրոնացած էր Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութիւնը, Թուրքիա պարարտ հող գտած էր օգտուելու Ռուսաստանի ժամանակաւոր բացակայութենէն եւ լեցնելու… պարապը։

Պատահական զուգադիպութիւն չէր, հետեւաբար, որ Յունիս 4ին Պաթումի մէջ «հաշտութեան» Պայմանագիր ստորագրող Հայաստանի օրուան ղեկավարութիւնը Յունիս 7ին ամբողջ թափով եւ Ռոստոմի ղեկավարութեամբ կռուի դաշտ նետուեցաւ Պաքուի մէջ՝ թրքական արշաւանքը ձախողութեան մատնելու համար։

Այդպէ՛ս, Պաթումի Դաշնագրին ստորագրութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի համար եղաւ պատմութեան դաժան ու դառն խաղերէն մէկը։

Բայց ժամանակը շատ արագ եկաւ փաստելու, որ առանց ռազմական յաղթանակի ձեռք բերուած քաղաքական յաջողութիւնները ընդհանրապէս չեն դիմանար կեանքի քննութեան։

Այդպիսին եղաւ ճակատագիրը նաեւ Բաթումի Դաշնագրին։ Սարդարապատի մէջ ռազմականօրէն պարտուած Թուրքիան չէր կրնար եւ չկրցաւ մնայուն բնոյթ տալ Բաթումի Դաշնագրով իր ձեռք բերած քաղաքական յաջողութեան։

Երբ Հոկտեմբեր 1918ին Մուտրոսի մէջ Դաշնակիցները խաղաղութեան դաշնագիր կնքեցին թուրքերուն հետ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն վերածուած էր յիսուն հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ հայոց երկրի ու պետականութեան։

Հայոց ազատ ու անկախ՝ ազգայի՜ն ինքնիշխան պետականութիւն, որ Օգոստոս 1920ի Սեւրի Դաշնագրին ստորագրութեամբ՝ պիտի նուաճէր Ուիլսընեան սահմաններով դէպի ծով ելք ունեցող ինքնաբաւ հանրապետութեան իրաւական յաղթաթուղթը։

– 4 Յունիս 1918. Պաթումի նուաստացուցիչ եւ խայտառակ Դաշնագիրը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail