Աննա Նաղդալեան. «Թուրքիան Լաւագոյն Պետութիւնը Չէ, Որ Վարէ ՄԱԿ-ի 75-րդ Նստաշրջանի Նախագահութիւնը»
06 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան «ՆիւզԱրմենիա» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի նախագահի ընտրութեան հարցը: Նախագահի նախնականօրէն հաստատուած միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Վոլքան Պոզքըրն է:
Լրագրողը դիտել տալով, որ նախագահութեան համար քուէարկութիւն պահանջած են Հայաստանը, Յունաստանն ու Կիպրոսը` հարցուցած է, որ 193 երկիրներէն միայն երեք երկրի պահանջով կ’իրականացուի՞ քուէարկութիւն:
Ան պատասխանեց, որ, համաձայն ՄԱԿ-ի աշխարհագրական կարգին վերաբերեալ սահմանուած սկզբունքին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի նախագահը պէտք է ընտրուի Արեւմտաեւրոպական երկիրներու խումբէն, իսկ միակ թեկնածուն Թուրքիոյ ներկայացուցիչն է:
«Ինչպէս նշեցիք, Հայաստանը, Յունաստանը եւ Կիպրոսը, խախտելով լռութեան ընթացակարգը, նամակներով դիմած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի նախագահ Թիճանի Մոհամետ-Պանտէին` պահանջելով քուէարկութիւն: Կ’ուզեմ ընդգծել, որ նոյնիսկ մէկ երկրի պահանջով քուէարկութիւնը պարտաւոր է իրականանալ»:
Լրագրողը հարցուցած է, որ ընտրուելու պարագային արդեօք ասիկա առաջի՞ն դէպքը պիտի ըլլայ, որ այս նախագահի պաշտօնը վարէ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը, եւ որ արդեօք Հայաստանի կողմէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է` ներկայացնելու հայկական կողմի մտահոգութիւնները:
«Պէտք է նշեմ, որ մտահոգութիւն յայտնած է ո՛չ միայն հայկական կողմը, այլեւ մեր շարք մը միջազգային գործընկերներ: Լռութեան ընթացակարգի խախտման վերաբերեալ նամակով հանդէս եկած են Հայաստանը, Կիպրոսը եւ Յունաստանը, աւելին` Հայաստանի եւ Կիպրոսի կողմէ ներկայացուած է միացեալ նամակ: Վերջինին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ «Թուրքիան կը սպառնայ ամբողջ շրջանի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան` շրջանային գերակայութեան հասնելու համար շարունակաբար խախտելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը եւ միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերը, այդ կարգին` ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներու դրութիւնները»:
Հայկական կողմը բարձրաձայնած է Թուրքիոյ` Հայաստանի նկատմամբ երեք տասնամեակ իրականացուող շրջափակման, Հայոց ցեղասպանութեան շարունակական ժխտման եւ նոյնիսկ արդարացման քաղաքականութեան մասին: Միացեալ նամակին մէջ Հայաստանը եւ Կիպրոսը ընդգծած են, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահի պաշտօնը պէտք է ստանձնէ ներկայացուցիչը այնպիսի երկրի, որուն գործողութիւնները եւ վարած քաղաքականութիւնը համահունչ են ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն եւ հռչակած արժէքներուն: Ակնյայտ է, որ Թուրքիան լաւագոյն պետութիւնը չէ, որ կարենայ բաւարարել նշեալ չափանիշները:
aztagdaily.com/archives/474469