Ըստ Ազրպէյճանի, Ճնշուած Են Վրաստանի Հետ Սահմանին Նախատեսուող «Սադրանքներ»-ը
03 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան մամլոյ բաժանմունքը յայտարարած է. «Շնորհիւ Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան ձեռնարկած կանխարգելիչ քայլերուն` Վրաստանի սահմանապահ ծառայութեան հետ համատեղ, Քեշիքչիտաղ պետական պատմամշակութային արգելոցի (վրացական Դաւիդ Գարեջիի համալիր, «Ա.») տարածքին մէջ ոչ մէկ սադրիչ գործողութիւն արձանագրուած է»:
Յիշեցնենք, որ ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Վրաստանի խումբ մը քաղաքացիներ 4 յունիսին նախատեսած էին քայլարշաւ կատարել դէպի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած վրացական Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիր:
Վրացական վանքին բռնագրաւումը սկսած է 2019-ի ամրան: Ազրպէյճանցիները վանքին մօտ կառուցած են սահմանապահ ծառայութեան նոր յենակէտ եւ մնայուն վերահսկողութիւն կը կատարեն:
Երկու երկիրներու անկախացումէն ետք սահմաններու ամբողջական սահմանագծում չէ կատարուած: Գարեջիի վրացական պատկանելիութիւնը աներկբայ է, սակայն ազրպէյճանցիները, ինչպէս միշտ, կը յայտարարեն. «Վանական համալիրը աղուանական մշակոյթին մաս կը կազմէ, իսկ լարուած իրավիճակը ձեռքի գործն է հայերուն, որոնք կ՛ուզեն փճացնել վրաց-ազրպէյճանական բարեկամական յարաբերութիւնները»:
aztagdaily.com/archives/474470