«Մենք Պատրաստ Ենք Թուրքիոյ Հետ Պատերազմելու` Պաշտպանելու Համար Մեր Գերիշխանական Իրաւունքները» Կ՛ըսէ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը
06 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս յայտարարած է, որ իր երկիրը իր գերիշխանական իրաւունքները պաշտպանելու համար պատրաստ է ամէն բանի, ներառեալ` «սադրանքներու» պարագային Թուրքիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին նախարարը յայտարարած է թրքական «ՍԹԱՐ Թի.Վի.»-ին:
«Վերջին ժամանակներուն Թուրքիոյ պահուածքը բաւական յարձակողական է: Ես կը հաւատամ, որ Յունաստանի կողմէ յաղթահարումը այդպիսի վարուելակերպին, որ, ընդհանուր առմամբ, նախայարձակումի հակում ունի, մէկ կողմէ` իր բոլոր դիւանագիտական զէնքերը օգտագործելն է, իսկ միւս կողմէ` զինեալ ուժերու զսպիչ ուժը մեծցնելը», նշած է Փանայոթոփուլոս:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Յունաստան պատրա՞ստ է տագնապին զինուորական լուծման, ինչպէս ըսած է վարչապետի խորհրդականը, Փանայոթոփուլոս պատասխանած է.«Այո՛, ճիշդ է»:
«Մենք կը պատրաստուինք որեւէ իրավիճակի: Ի հարկէ, հաւանական ամէն ինչ կը ներառէ նաեւ զինուորական մասնակցութիւն: Մենք ատիկա չենք ուզեր, սակայն կ՛ուզենք հասկցնել, որ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կարելի չափով պաշտպանենք մեր գերիշխանական իրաւունքները», ըսած է նախարարը:
Օրեր առաջ թրքական պետական պաշտօնաթերթը հրապարակած էր յունական կղզիներու մօտ գտնուող տարածքին մէջ թրքական պետական քարիւղի ընկերութեան կողմէ ածխաջրածիններու հետազօտման եւ արդիւնահանման արտօնագիր ստանալու դիմումները:
Երկուշաբթի օր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած էր, որ Թուրքիան կը փորձէ իւրացնել Յունաստանի գերիշխանական իրաւունքները` Յունաստանի տարածքներուն մէջ քարիւղի եւ կազի հետախուզման արտօնագիրներու տրամադրումը նկատելով սադրանք:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս 3 յունիսին «թրքական սադրանքներու» մասին Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան նամակ յղած էր:
Յունաստան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ հաւանական մագլցողական քայլերը պիտի յանգեցնեն ոչ թէ յոյն-թրքական, այլ թրքական-եւրոպական ճգնաժամի:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ Անգարայի մէջ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ Թուրքիան եւ լիպիական ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը մտադիր են Միջերկրական ծովուն մէջ քարիւղի եւ կազի հանքավայրերու հետախուզման եւ մշակման աշխատանքներ կատարել:
aztagdaily.com/archives/474498