ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 3էն 8 Յունիս 1896. Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 3էն 8 Յունիս 1896. Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 3էն 8 Յունիս 1896. Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

3էն 8 Յունիս 1896.
Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

05 ՅՈՒՆԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիսի այս օրերուն, 124 տարի առաջ, Վան քաղաքի եւ գաւառի հայութիւնը իր առաջին խիզախ քայլերը նետեց ինքնապաշտպանութեան կռուի երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ։

Վանի «Մեծ Դէպքը» անունով հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ իրենց անջնջելի, անմոռանալի եւ յաւերժ ուսանելի էջը արձանագրեցին երիտասարդ այն հայորդիները, վանեցի թէ Հայաստան Աշխարհի այլ շրջաններէն հաւաքուած, որոնք անսացին Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ» ունենալու պատգամին եւ Հայկական Յեղափոխութեան «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» մարտական կոչին ու նետուեցան հերոսական ինքնապաշտպանութեան կռուի դաշտ։

Վանը հայկական յեղափոխութեան գլխաւոր բնօրրաններէն մէկն էր։ Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած ազգային-ազատագրական զարթօնքի օրերէն, Վանը եղած էր օսմանեան բռնակալութեան եւ անոր հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ հայկական ըմբոստացման գաղափարական հնոց մը։

Հոն ստեղծուած էր Հայկական Ազատամարտի առաջին կազմակերպութիւնը՝ Արմենական կուսակցութիւնը, 1885ին։
Նաեւ 1887ին հիմնուած Հնչակեան կուսակցութիւնը Վասպուրականի վրայ կեդրոնացուցած էր իր գործունէութիւնը՝ իբրեւ Երկրի մէջ յեղափոխական շարժման ծաւալումին կարեւորագոյն խարիսխը։

1890ին կազմուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը եւս, բնականօրէն, դէպի Վան ուղղեց քայլերը սահմանը հատող եւ Դէպի Երկիր զէնք հասցնող գաղափարի իր մարտիկներուն։

Իսկ այս վերջիններու շարքին բախտորոշ եղաւ Կարսի ծնունդ Պետոյի ծաւալած յեղափոխական գործունէութիւնը, 1892էն սկսեալ, Վանի եւ շրջակայքի հայ ըմբոստ երիտասարդութիւնը ի մի խմբելու, յեղափոխական կուռ կազմակերպութեան մէջ միաձուլելու, զինելու եւ զինուորապէս պատրաստելու ուղղութեամբ։

Խօսքն ու Գործը, իր անձնական օրինակով, առաւելագոյն ներդաշնակութեան մէջ պահող տիպար յեղափոխականն էր Պետօ, որ ի վիճակի եղաւ համերաշխութեան հողը մշակելու հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն միջեւ։

Արմենականը, Հնչակեանը եւ Դաշնակցականը իրարու մէջ տեսան կռուի միեւնոյն խրամին մէջ անձնուէր պայքար մղող զէնքի ու գաղափարի ընկերները։

Եւ պատահական չէր, որ ինչպէս 5օրեայ հերոսական մարտերու ընթացքին, այնպէս ալ Յունիս 8էն ետք մեծաթիւ խումբով Վանէն հեռանալու ժամանակ, հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց հաւատաւորները կողք-կողքի մնացին միշտ՝ միասնաբար քալելով դէպի մարտիրոսացում։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 3էն 8 Յունիս 1896. Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

*
* *

Հայ յեղափոխական շարժման մարտական ուժեղացման, ազգային-քաղաքական հասունացման եւ ներքին համերաշխութեան ամրագրման առումներով՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանակալից պահերէն մէկը եղաւ 3էն 8 Յունիս 1896ը։

1894-1895ի Սասնոյ, Երզնկայի եւ Կարինի մէջ անզէն հայութեան դէմ ծաւալած համիտեան կոտորածները ահազանգային նշանակութիւն ունեցան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայ յեղափոխական գործիչներուն համար։

Հակառակ Վանի նահանգին մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական ներկայացուցիչներու կեդրոնացումին եւ Համիտեան հայասպան քայլերուն դէմ անոնց դիւանագիտական միջամտութիւններուն, Կարմիր Սուլթանը կ՚որոճար Վանը եւս արեան մէջ խեղդելու դաւադիր ծրագիրներ։

Սասնոյ կոտորածները մեծ ընդվզում առաջացուցած էին Եւրոպայի ազատախոհ շրջանակներուն մօտ, որոնք իրենց կառավարութիւններէն կը պահանջէին արագ եւ ազդու միջամտութիւն կատարել՝ սանձելու համար Համիտի հայաջինջ քաղաքականութիւնը։

Այդպէ՛ս կեանքի կոչուեցան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագէտներուն կողմէ, 1896ի գարնան մշակուած հայկական նահանգներու «Րեֆորմի» (բարենորոգման) ծրագիրները, որոնք սուլթանի հաւանութեան արժանանալէ ետք միայն կրնային ի գործ դրուիլ։

Վանի յեղափոխական գործիչներուն համար ինքնախաբէութեան համազօր էր յոյս կապել եւրոպական դիւանագիտութեան մշակած այդ թուղթէ շերեփներուն։ Հայ ժողովուրդին կը սպառնար դաժանագոյն ջարդը, եթէ զէնքը չվերցնէր եւ սեփական ուժերով չպաշտպանուէր օրհասական վտանգին դէմ։

1880ականները բոլորին սորվեցուցած էին, որ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»։

Փաստօրէն, Օսմանեան Կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման պահանջը միջազգայնօրէն ամրագրող 1878ի Պերլինի Դաշնագիրէն ետք, սուլթանական գահին նոր բարձրացած արիւնարբու հրէշը, «Հիւանդ Մարդ» հռչակուած իր կայսրութիւնը փրկելու յուսահատական, այլեւ արիւնարբու գրոհով մը, գործադրութեան յանձնեց Արեւելեան Հարցը իր ներքին, այլ հրատապ բաղադրիչէն՝ Հայկական Հարցէն «բեռնաթափելու» ճիւաղային ծրագիրը։

Հայերէ «պարպուած» ու «մաքրուած» Հայաստանը, որուն Համիտ ծրագրած էր հասնիլ հայաջնջումի իր քաղաքականութեամբ, Եւրոպական մեծ տէրութիւնները ի վերջոյ պիտի զրկէր կայսրութեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու «Հայկական Բարենորոգումներու» պահանջի պատրուակէն։

«Առանց հայերու Հայաստան» մը ունենալու Համիտեան ծրագիրը նենգամիտ էր, որովհետեւ իր առաջին քայլերուն մէջ հետամուտ էր հայերու դէմ ընկերային ու տնտեսական ճնշումներու սաստկացումին՝ արագացնելու համար յատկապէս բուն Երկրի, գաւառներու հայութեան արտագաղթը դէպի Պոլիս ու Եւրոպա (արեւմուտքի ուղղութեամբ, ինչպէս եւ դէպի Թիֆլիս ու Կովկաս (արեւելքի ուղղութեամբ)։

Սկզբնական այդ փուլին Համիտի օգտագործած զէնքերը երեք էին.
1) Խստացնել թուրք ոստիկաններու հարկահաւաքն ու հարստահարումները կայսրութեան հայ բնակչութեան նկատմամբ։
2) Քաջալերել քրտական ցեղապետերը եւ պետական հովանաւորութեան տակ առնել զանոնք, որպէսզի անարգել թափ տան հայերու ինչքն ու պատիւը բռնագրաւելու ալան-թալանին եւ խոշտանգումներուն։

3) Հայոց Պատրիարքութեան ու անոր շուրջ խմբուած կամ անոր հովանիին տակ ծուարած եւ յղփացած հայ ունեւոր խաւին ստրկամիտ համակերպումը խրախուսել՝ սուլթանին նկատմամբ հաւատարմութիւնը վարձատրելով եւ, իբր թէ, թուրք ոստիկաններու «ապօրինութիւնները» եւ քիւրտ աւազակապետերու «օրինազանցումները» դատականօրէն պատժելու խոստումներ շռայլելով։

Համիտեան այս նենգամիտ քաղաքականութիւնը անշուշտ իր «պտուղները» տուաւ. հարստահարուող ու կեղեքուող հայութեան մէջ արտագաղթի ալիքը թափ առաւ, իսկ հայ պահպանողական ու իշխանաւոր խաւի ստրկական համակերպումը աւելի ու աւելի արմատաւորուեցաւ։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 3էն 8 Յունիս 1896. Վանի «Մեծ Դէպքին» անմոռանալի դասերը

*
* *

Բայց նոյն Պերլինի Դաշնագրէն ետք ու Խրիմեան Հայրիկի քարոզած Երկաթէ Շերեփի յորդորներուն ներշնչումով՝ կախարդական սրուակի խցանը բացուած եւ Հայկական Ազատամարտի ոգին անդարձ դուրս եկած էր ու սկսած էր յաղթօրէն թեւածել հայրենի երկնակամարին վրայ։

Իսկ Եւրոպական մեծ տէրութիւնները, Օսմանեան Կայսրութեան անխուսափելի փլուզման եւ անդամահատման մօտալուտ հեռանկարով, իրարու հետ մրցակցութեան մէջ էին՝ Համիտը իրենց հակակշռին տակ առնելու եւ կայսրութեան աւարէն առիւծի բաժին խլելու մաքիաւելութեամբ։

Ահա՛ այդ պայմաններուն մէջ, Հայաստանը կոտորածներու միջոցաւ հայերէ պարպելու համիտեան ծրագրին գործադրութիւնը արագացաւ։ Իսկ Եւրոպական Րեֆորմները վերջին հաշուով իբրեւ պատրուակ ծառայեցին Համիտին ձեռքը, որպէսզի ընդարձակէր հայկական ջարդերու աշխարհագրութիւնը՝ հասնելով նաեւ Վան։

Բայց Պետոներու շնորհիւ՝ հայոց Վասպուրական աշխարհը ծառացաւ վտանգին դէմ։ Ֆետայական խումբերը զէնքով հակադարձեցին հայկական գիւղերը ասպատակելու համիտէական խժդժութեանց՝ ալան-թալանին, աւերում-կոտորածին։

Սկսան Վանի առաջին ինքնապաշտպանութեան կռիւները, որոնք մասնակի ընդհարումներու իրենց սկզբնական փուլէն աստիճանաբար վերածուեցան մեծ ընդհարումներու եւ նոյնինքն Վանի մէջ թաղային զինեալ առճակատումներու։

Մարտերը տեղի ունեցան Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ, որ բաժնուեցաւ 4 պաշտպանական շրջաններու՝ 30է աւելի դիրքերով: Ինքնապաշտպանական խումբերուն մէջ ընդգրկուած էին շուրջ 1000 երիտասարդներ, որոնք ունէին ընդամէնը 518 հրացան (ինչպէս կը նշէ Հայկական Հանրագիտարանը): Այգեստանի կռիւներուն օգնութեան փութացին Վազգէնի (Տիգրան Տէրոյեան) եւ Ներսէսի (Գրիգոր Եռզիկեան) հայդուկային խումբերը:
Թշնամին կեդրոնացուցած էր մօտ 10 հազար զինուոր՝ օժտուած արդիական զէնքով եւ հրետանիով:

Ինքնապաշտպանական մարտերը սկսան Յունիս 3ին: Յոյսը դրած իր հրազէնի եւ թուաքանակի գերազանցութեան վրայ՝ թուրքեւքիւրտ թշնամին փորձեց շեշտակի գրոհով ճեղքել վանեցիներու պաշտպանական ճակատը: Սակայն բախեցաւ քաջարի հայորդիներու հուժկու հակահարուածին՝ զգալի կորուստներով նահանջի դիմելով:

Յաջողութեամբ ետ մղելով թշնամի յարձակումները՝ քաղաքի պաշտպանները դիմեցին յանդուգն հակագրոհներու. նման գործողութեան մը ժամանակ հայ յեղափոխականները յաջողեցան գրաւել հակառակորդի 2 թնդանօթ:

Բայց զէնքի եւ զինամթերքի խիստ պակասը ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներուն հարկադրեց համաձայնիլ Վանի անգլիական հիւպատոսի եւ թեմական առաջնորդ Սահակ Վարդապետ Բագրեւանդցիի առաջարկութեան, որ կը վերաբերէր դիմադրութեան դադրեցման:

Իշխանութիւնները խոստացած էին հնարաւորութիւն տալ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներուն, մասնակիցներուն եւ անոնց միանալ ցանկացողներուն, որպէսզի անարգել հեռանային Վանէն եւ անցնէին Պարսկաստան:

*
* *

Մօտ 1500 մարդ Յունիս 8ին Վանէն հեռացաւ դէպի Վարագայ լեռ:

Իսկ անզէն բնակչութեան մէկ մասը եւ զինամթերքը սպառած մարտիկները (շուրջ 1000 հոգի), դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի առաջնորդութեամբ, որոշեցին միասնաբար ուղղուիլ դէպի Պարսկաստան։

Բայց ճամբու ընթացքին հայորդիները շրջապատուեցան քրտական Մազրիկ ցեղի զինեալներուն կողմէ, Սբ. Բարդուղիմէոս վանքի մօտակայքը, ուր մղուեցան կենաց-մահու կռիւներ, որոնք սակայն վերջ գտան աւելի քան երկու հարիւր քաջորդիներու նահատակութեամբ։

Միայն 20 հոգի յաջողեցաւ հասնիլ Սալմաստ: Իսկ Վարագայ լերան բարձունքներուն ապաստանած ֆետայիները, Վազգէնի գլխաւորութեամբ, Յունիսի վերջերուն վերադարձան Վան։
Մազրիկ ցեղը, անշուշտ, իր արժանի պատիժը կրեց տարի մը ետք՝ 25 Յուլիս 1897ին, Դաշնակցութեան նախաձեռնած Խանասորի արշաւանքով։

Յունիսի այս օրերուն մենք կը յիշենք Վանի «Մեծ Դէպք»ը, որ հակառակ իր ողբերգական վախճանին Վանի եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան մէջ ամրապնդեց՝

Նախ՝ ինքնավստահութիւնը, որ միայն սեփական ուժին ապաւինելով եւ զէնքի դիմելով, կարելի է առաջքը առնել թրքական պետութեան ցեղասպանական ծրագիրներուն։

Ապա՝ արմատաւորեց այն աւանդը, որ հայ ժողովուրդի ազատատենչ զաւակները դժուարութիւն չունին միանալու եւ միասնական մէկ անպարտելի ճակատ կազմելու թշնամիին դէմ՝ պահպանելով հանդերձ քաղաքական թէ գաղափարական իրենց ուրոյն համոզումներն ու կուսակցական նախասիրութիւնները։

Երրորդ եւ մանաւանդ՝ սերունդներուն պատգամեց ազգային-քաղաքական այն իմաստութիւնը, որ անարգ թշնամին կը հասկնայ միայն մէկ լեզուէ՝ ուժի դիրքերէ կատարուող երկխօսութենէ։

Յունիսի այս օրերուն, 124 տարի առաջ, «Վանի Մեծ Դէպքը» հերոսական արեամբ նուիրագործեց հայոց նորագոյն պատմութեան անմոռանալի դասերը՝ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» պատգամելով մեր սերունդներուն։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail