ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԻՆՏՐԱ (Տիրան Չրաքեան, 1875-1921). Կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան մտամոլոր իմաստասէրը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
ԻՆՏՐԱ (Տիրան Չրաքեան, 1875-1921).
Կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան մտամոլոր իմաստասէրը
06 ՅՈՒՆԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Հայ գրականութեան եզակի դէմքերու շարքին իր արժանի տեղը ունի բանաստեղծ ու արձակագիր, գեղանկարիչ ու իմաստասէր, մանկավարժ եւ հոգեբան ԻՆՏՐԱ, որուն մահուան 99րդ տարելիցը կը լրանայ Յունիս 6ի այս օրը։
Թէեւ թրքական պետութեան ցեղասպանական հարուածին զոհ չգնաց Ինտրա, բայց հոգեպէս անդարմանելի ցնցումի ենթարկուեցաւ 1909ի Ատանայի կոտորածներուն ազդեցութեան տակ, կորսնցուց իր իմացական հաւասարակշռութիւնը, կրակի տուաւ գրական իր անցեալն ու ձեռագիրները եւ դարձաւ ապաշխարհած աւետարանիչ մը, մինչեւ որ 1921ի Յունիս 6ին նահատակուեցաւ, քեմալականներու կողմէ իրեն պարտադրուած աքսորի ճամբուն վրայ, Խարբերդի մերձակայքը՝ ծեծին եւ չարչարանքներուն չդիմանալով։
*
* *
Ծայր աստիճան զգայուն նկարագիր եւ տկարակազմ մարմին ունէր Տիրան Չրաքեան, որ Պոլսոյ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ 1875ին լոյս աշխարհ եկաւ եւ Ինտրա գրչանունով անմահացաւ իբրեւ հայ գրականութեան տաղանդաշատ, այլեւ ծայր աստիճան արտասովոր՝ ինքնուրոյն դէմքերէն մէկը։
Սկիւտարի թաղային դպրոցին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Չրաքեան ընդունուեցաւ Պոլսոյ «Պէրպէրեան» վարժարանը, ուր մեծ ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ամբողջական հոգածութեան եւ շունչին տակ կազմաւորուեցաւ իբրեւ արուեստներու, գրականութեան եւ բնապատմութեան նկատմամբ անհուն սէր ունեցող ու համապատասխան ձիրքով օժտուած անհատականութիւն։
Հազիւ Պէրպէրեանը աւարտած, 1891ին, Չրաքեան ուսուցչութեան կոչուեցաւ նոյն վարժարանին մէջ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։
Ուսուցչութիւնը իրա՛ւ կոչում եղաւ Տիրան Չրաքեանի համար, որ նկարելու եւ գրելու բնատուր տաղանդի տէր էր։ Նաեւ՝ կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան խոր ճշմարտութիւններուն եւ խորհուրդներուն ընկալման ու յայտնաբերման նուիրուած փիլիսոփայ մտածող էր։ Իբրեւ այդպիսին, երիտասարդութեան իր տարիները Չրաքեան իմաստաւորեց միաժամանակ ուսուցանելով, նկարելով ու գրելով։
1898ին հեռացաւ Պոլիսէն՝ Փոքր Ասիոյ հայկական շրջաններուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու եւ ստեղծագործական իր աշխատանքին նուիրուելու համար։
Իսկ նկարչութեան մէջ հմտանալու եւ ուսումը ամբողջացնելու մղումը զինք տարաւ Փարիզ, Ֆրանսա, ուր ինքնաշխատութեամբ եւ կենդանի շփումով կատարելագործեց իր տաղանդը։
1904ին անցաւ Եգիպտոս, ուր երկու տարի ուսուցչութեամբ պարապելէ ետք վերադարձաւ Պոլիս՝ «Պէրպէրեան» եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ քերականութիւն, ինչպէս նաեւ բնապատմութիւն դասաւանդելու պաշտօնով։ Այդ տարիներուն պատրաստեց եւ հրատարակութեան յանձնեց ֆրանսերէնէ հայերէն իր բառարանը։
*
* *
1906ին լոյս ընծայեց իր առաջին գրական գործը՝ «Ներաշխարհ»ը, որ անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը Պոլսոյ գրական դժուարահաճ շրջանակներուն։
Իր անունին՝ Տիրանի տառերուն վերադասաւորումով եւ հնդկական դիցաբանութեան «Կայծակ»ի աստուծոյ անուան հայացումով ընտրած էր Ինտրա գրչանունը։
Իսկ իր կատարելագործուած հայերէնով եւ իմաստասիրական արձակով թէ՛ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ, թէ՛ խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձաւ իբրեւ իր ԵՍով հմայուած արտասովոր եւ խորհրդաւոր գրող մը։
Իր դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն առ ի պատասխան՝ Ինտրա ծաւալուն յօդուածաշարքերով հանդէս եկաւ ատենի պոլսահայ մամուլի էջերուն, գրական-քննադատական եւ իմաստասիրական իր մօտեցումները պարզելով ու պաշտպանելով։
1908ին Ինտրա լոյս ընծայեց իր երկրորդ գիրքը՝ «Նոճաստան» անունով բանաստեղծութիւններու հատորը, որ նուիրագործեց անոր ինքնուրոյն ու արժէքաւոր տեղը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։
Խորհրդաւոր հայ բանաստեղծի կատարելատիպ մըն է Ինտրա, որ յատկապէս Մահը երգելու, դարպասելու եւ իմաստաւորելու իր խոր ապրումներով՝ խոհական պատկերներու թարմութիւն բերաւ հայ բանաստեղծութեան, ինչպէս որ զգալի է «Մահէն ներշնչում» խորագրով 1906ին գրուած իր հետագայ քերթուածին մէջ.
Ո՜վ մշտակոթող, խուռն ու սեւ նոճիք՝
Որ փոսերուն վրայ կեանքին վաղագրաւ,
Բոլոր այն խանդով, զոր մահն ի ձեզ դրաւ,
Դէպի վերամբարձ Անհունը կ՚աճիք։
Այս նըւաստ հովտէն՝ զեղծ ու սրտագրաւ,
Ի՜նչ հեշտ է ձեր ելքն, հրաժարումն անճիգ,
Ի սէր Անյեղլւոյն՝ ուր կը մըխըրճիք…
Վերին լուսաղբերց համար ի՜նչ ծարաւ։
Ձեր արմատներուն ներքեւ, այնպէս չէ՞,
Կ՚նեխին ամէն իղձք աշխարհանըւէր,
Եւ դո՛ւք միայն գիտէք վախճանն այս թշուառ.
Եւ ան է անշուշտ՝ որ ձեզ կ՚ներշնչէ
Սեւեռիլ Անդրին բարձրութիւնն ի վեր,
Որ միայն ձե՛ր կայքէն կը նշմարուի, վառ։
*
* *
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով պոլսահայ կեանքի վերաշխուժացումը նորովի թափով համակեց նաեւ Ինտրայի ստեղծագործական յուզաշխարհը։
Բայց վրայ հասաւ Կիլիկիոյ Աղէտը եւ Ատանայի ջարդերուն արձագանգը խորապէս ցնցեց այնքա՜ն զգայուն ներաշխարհը Ինտրայի, որ ըստ կենսագիրներու՝ երեք անգամ ուղեղի ցնցում անցուց, մինչեւ որ խախտեցաւ անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։
Ինտրա ուրացաւ իր բանաստեղծի անցեալը, կրակի տուաւ իր գիրքերն ու յատկապէս անտիպ ձեռագիրները, որոնցմէ շատ աննշան մաս մը կարելի եղաւ օրին փրկել։
Չրաքեան ապաշխարհեց, շաբաթապահ դարձաւ եւ Աւետարանի քարոզիչ՝ գաւառները շրջագայելով եւ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ սէրն ու անդենական երանելի կեանքի պաշտամունքը ուսուցանելով ու տարածելով։
Ինտրա իր կարգին 1915ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց իր հաւատակիցներու նիւթական կաշառքներով ստոյգ մահէ փրկուեցաւ, ինչ որ աւելի ծանր անդրադարձ ունեցաւ արդէն խելագար իր վիճակին վրայ։
Զինադադարէն ետք, 1918էն 1921, Սեւ Ծովը եզերող գաւառներուն մէջ, շաբաթապահներու իր խումբով` Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուաւ։
Այն աստիճան, որ քեմալականներու կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ իր հետեւորդներով, 1921ի Փետրուարին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տիգրանակերտի խորերը։
Աքսորի ճամբուն վրայ Ինտրա նահատակուեցաւ՝ չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն։
Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ի 1924ի համարով տրուած է Ինտրայի հետեւորդներէն ու աքսորէն վերապրած Օհան Պետիկեանի յուշ-վկայութիւնը՝ ընդհանրապէս այդ աքսորին եւ Տիրան Չրաքեանի ողբերգական մահուան պարագաներուն մասին։
Հազիւ 45 տարեկան էր Ինտրա՝ երբ այդպէս մաշած ու սպառած, հոգեկան իր հաւասարակշռութիւնը աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կորսնցուցած, հեռացաւ մեր աշխարհէն Յունիսի 6ի այս օրը, 99 տարի առաջ։
*
* *
Ժամանակի թաւալքին եւ աշխարհընկալման մօտեցումներու հոլովոյթին հետ, Ինտրայի գրական-իմաստասիրական ներաշխարհը վեր բարձրացաւ ատենին իր առաջացուցած բուռն բանավէճերու կրքոտ մթնոլորտէն եւ աւելի ու աւելի ընկալելի, այլեւ ուսանելի դարձաւ հայ մտքի հետագայ մշակներուն համար։
Կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան, բայց մանաւանդ հայու էութեան եւ ինքնուրոյնութեան վերծանումով յագեցած է Ինտրայի խորունկ ու խորհրդաւոր ներաշխարհը։
Ինտրայի ազգային ներաշխարհին ընթերցողը հաղորդ պահելու համար, ահա՛ հատուած մը անոր «Աղօթք… Զէյթունի սովելոց համար» խորագրուած քերթուածէն.-
Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,
Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց
Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զեյթունցւոց
Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ, գութիդ արեւէն:
Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,
Անոնց՝ որ, Տէ՛ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,
Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին ճիւաղէն
Բազուկներն որ բռնութիւնն յաղթահարեցին:
Քաջարի Զէյթունի նկատմամբ թրքական պետութեան գործադրած խժդժութեանց, կոտորածներուն եւ բարբարոսութեանց դէմ ընդվզող, ինչպէս նաեւ կեանքի դաժան հարուածներուն ու սովի ծանրագոյն պայմաններուն տակ հիւծող զէյթունցիներուն մեծ վիշտը Աստուծոյ հասցնող ծայր աստիճան զգայուն սիրտ մը կը բաբախէ Ինտրայի մէջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ