ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Այսօր պահը չէ ներքին լարուածութիւններու, ով ալ ըլլայ այդ լարուածութեան հեղինակը – Այսօր պատերազմ է անտեսանելի թշնամիին դէմ, եւ պատերազմող ազգը պէտք է ու պիտի՛ միանայ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Այսօր պահը չէ ներքին լարուածութիւններու, ով ալ ըլլայ այդ լարուածութեան հեղինակը: Այսօր պատերազմ է անտեսանելի թշնամիին դէմ, եւ պատերազմող ազգը պէտք է ու պիտի՛ միանայ»:
6 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ ամբոխային տրամաբանութեան ՉԱՐԻՔին դէմ մշտարթուն հսկող ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը գործեն ու կը ծառայեն ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ միշտ բաց ու լուսաւոր պահելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ։
Բարի լոյսի այս սիւնակին հաւատարիմ հետեւորդ մը երէկուան իր գրառումով յորդորած էր, որ կրկնութեան գնով անգամ մը եւս անդրադառնամ Քորոնա համավարակին դէմ Հայաստանի ու Հայութեան կենաց-մահու կռիւը ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ յառաջ մղելու ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆին։
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ԱՆԶՕՐՈՒԹԵԱՆ մատնուած այսօրուան մարդկութեան ՄՂՁԱՒԱՆՋը յաղթահարելու ԶՕՐԱՇԱՐԺին զինուորագրուած բոլոր նուիրեալներուն, որոնք համաշխարհային աղէտին դէմ յանդիման՝ սեփական ժողովուրդին ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒՄը հռչակած են թիւ 1 ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ։
ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Է Հայաստանի եւ Հայութեան համար, որ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻՆ ԱՂԷՏը բոլոր ուժերով ու միացեալ ճակատով դիմագրաւելու փոխարէն՝ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ մղուող քաղաքական պայքարին ՇԻԿԱՑՈՒՄը կլանած ու ջլատած է արդէն անբաւարար մեր ուժերը։
Բարի լոյս՝ ամբոխային տրամաբանութեան որոգայթներէն վեր կանգնող եւ ՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳը հնչեցնող ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՁԱՅՆԻՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ