Ռուբէն Գարագաշեան – Ուրիշը քննադատելը հեշտ է. մեծութիւնը ինքզինք քննադատելու եւ ինքն իր սխալները ընդունելու մէջ է – Խստապահանջութիւնը առաջին հերթին ինքն իր հանդէպ է
07 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ռուբէն Գարագաշեան իր դիմատետրի էջով կը գրէ՝
«Լռելը դաւաճանութիւն է»
Այս վերջին օրերը, ՀՅԴ ղեկավար պաշտօններ զբաղեցնող կարգ մը անձեր բուռն կերպով կը քննադատեն իշխանութունները, մատնանշելով անոր գործած իւրաքանչիւր սխալը, ապիկարութիւնը եւ անբարտաւանութիւնը, եւ մեղադրելով զայն երկիրը հասցնելու քայքայման ու փլուզման եզրին։
Ըստ իրենց, նման քննադատութիւններ կատարելը ազգային պարտաւորութիւն է եւ կը հետապնդէ պետականութեան շահերը, իսկ «լռելը դաւաճանութիւն է»։
Անկախ անկէ թէ այդ քննադատութիւնները տեղին են թէ ոչ, եւ ընդունելով հանդերձ, որ իշխանութիւնները կը գործեն բազմաթիւ սխալներ եւ յաճախ կը ցուցաբերեն մեծամտութիւն ու ամբարտաւանութիւն, պիտի փափաքէի որ ՀՅԴ ղեկավարները անդրադառնան, որ իրենք շատոնց կորսնցուցած են բարոյական հեղինակութիւնը քննադատելու, որովհետեւ քսան տարի շարունակ, շատ աւելի ծանր, աղետալի եւ ազգակործան սխալներու առջեւ ինչ-ինչ հաշուարկներով մնացած են լուռ, եւ ինչպէս իրենք կ՚ըսեն իրաւացի, լռելը դաւաճանութիւն է։
Ոմանք հաստատ պիտի բողոքեն եւ ինծի յիշեցնեն տարբեր օրինակներ երբ ՀՅԴ-ն հանդէս եկած է քննադատողի դիրքերէ, բայց եւ այնպէս, ծուռ նստինք ու շիտակ խօսինք. քսան տարի, ըլլայ ՀՅԴ մամուլին թէ պատասխանատու ընկերներու արտայայտութիւններուն մէջ, չեմ հանդիպած այն բուռն ու թշնամական քննադատական ոճին, հեգնանքին, անարգանքին եւ թոյնին, որուն ականատես եղած եմ այս վերջին երկու տարիներուն։
Անձամբ կասկած չունիմ, որ այսօր, կուսակցութեան շարքերէն ներս եւ նոյնիսկ ղեկավար պաշտօններու վրայ, մեծ է թիւը ազգասէր նուիրեալներուն։
Համոզուած եմ նաեւ, որ ՀՅԴ-ն եղած է գլխաւոր դերակատարը մեր ազգային ազատագրական պայքարի շարժման, եւ առանց ՀՅԴ-ի մենք այսօր չէինք ունենար անկախ պետականութիւն։ Շատ մեծ է ՀՅԴ-ի վաստակը սփիւռքի գաղութները հայ պահելու դժուարին գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրական եւ Արցախի ազատագրական զոյգ պայքարներուն մէջ։
Բնականաբար փափաքս է, որ նման անցեալ ունեցած կուսակցութիւն մը այսօր նաեւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունենայ հայկական պետականութեան հզօրացման գործին մէջ։
Սակայն պիտի փափաքէի որ ամէն բանէ առաջ, եւ աջին ու ձախին դասեր կարդալէ առաջ, կուսակցութիւնը անկեղծ քաղաքական գնահատականը տայ անցեալ քսան տարիներու իշխանութիւններու եւ ինքն իր գործունէութեան, ընդունի իր գործած սխալները, ճշդէ այդ սխալներու պատճառներն ու արմատները, պատժէ այդ սխալներու պատասխանատուները, եւ մաքրէ ինքզինք իր շարքերը թափանցած պատեհապաշտներէն եւ գործակալներէն։
Միայն այդպէս է որ ան պիտի վերագտնէ իր մսխուած բարոյական հեղինակութիւնը եւ չլռելու իրաւունքը։ Հակառակ պարագային քննադատութիւնները արդարացիօրէն պիտի այլ կերպ մեկնաբանուին, որովհետեւ մերժուողը քննադատութիւնը չէ, այլ քննադատողը։
Դժբախտաբար, ցարդ նման ինքնաքննադատութեան պատրաստակամութիւն չեմ տեսած, ոչ ներքին, ոչ ալ հանրային մակարդակով։
Ընդհակառակը, միայն տեսած եմ քննադատութիւն, մեղադրանք, հեգնանք ու թոյն ուղղուած իշխանութեան հասցէին, եւ այդ բոլորը ոչ թէ միայն քորոնավիրուսի դէմ մղուող ձախող մարտավարութեան իբրեւ արդիւնք, այլ յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն։
Ուրիշը քննադատելը հեշտ է. մեծութիւնը ինքզինք քննադատելու եւ ինքն իր սխալները ընդունելու մէջ է։ Խստապահանջութիւնը առաջին հերթին ինքն իր հանդէպ է։
Ռուբէն Գարագաշեան