Միհրան Քիւրտօղլեան – Մտաւորական, Դաշնակցական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան՝ պահու թելադրանքով կ՝ահազանգէ

Մտաւորական, Դաշնակցական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան՝ պահու թելադրանքով կ՝ահազանգէ

Միհրան Քիւրտօղլեան – Մտաւորական, Դաշնակցական գործիչ Միհրան Քիւրտօղլեան՝ պահու թելադրանքով կ՝ահազանգէ.

07 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

ԱՀԱԶԱՆԳ

Օր չ’անցնիր, որ Հայաստանի մէջ անիծեալ այս ժահրէն վարակուածներու թիւը չտարուբերի 200-350ի միջեւ, երբեմն ալ աւելի, ինչ որ սարսափեցնող է նոյնիսկ բազմամիլիոն բնակչութեամբ խիտ ու խճողուած եւ կազմակերպ քաղաքներու համար…:

Մինչեւ հիմա վարակուածներու հանրագումարը արդէն հասած է 9.500-ի՝ երկրի մը մէջ, որու առողջապահական համակարգը բնականոն պայմաններու մէջ հազիւ թէ բաւարար կը համարուի, թերեւս ալ չի համարուիր :

Թէ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւուի ժահրի այս յարձակումը, խոշոր խնդիր մըն է ինքնին:

Նոյնպէս Արցախի մէջ օր չ’անցնիր, որ նոր վարակուողներ չըլլան:

Իսկական ճգնաժամ մը, որու պայմաններու մէջ ոչ ոքի, ոչ մէկ հատուածի եւ ոչ մէկ պատճառով կը ներուի կացութիւնը այս կամ այն նպատակով շահարկելու, ծաղր ու ծանակի տրամադրութեամբ զուարթաբանութիւն փորձելու, կարճ՝ թեթեւամտութիւն ցուցաբերելու:

Բաւ է արդէն ժահրի առկայութեան՝ ընտրութիւն- հանրաքուէ խաղերով ժողովրդային հաւաք-հանդիպումներ կազմակերպելու իշխանաւորներուն անլրջութիւնը, որու հետեւանքով երկիրը գտնուեցաւ աղետի մէջ:

Ներկայ պահի դրութեամբ, Հայաստանի ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ այս անիծեալ ժահրն է, որու դէմ պայքարը հրամայաբա’ր կը պահանջէ ՀՀ-ի բոլոր քաղաքացիներու, բոլոր կազմակերպ միաւորներու գործակցութիւնը՝ առողջապահական սպասարկութեանց վերահսկողութեամբ:

Ժահրը յաղթահարելէ ե’տք միայն կը ճշդուին աղետի գոյացման պատասխանատուներու չափաբաժինը: Ուրիշ ելք չկայ: Ա’յս է օրահրամանը:

ՀԱՅՔ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ – ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ

Միհրան Քիւրտօղլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail