ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ինչո՞ւ ընդդիմադրութեան շարքերը կը խցկուին այն գործիչները, որոնք կը վախնան կառավարութեան յայտարարած պատերազմէն՝ ընդդէմ պետութիւնն ու ժողովուրդը թալանողներուն․․․
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ինչո՞ւ ընդդիմադրութեան շարքերը կը խցկուին այն գործիչները, որոնք կը վախնան կառավարութեան յայտարարած պատերազմէն՝ ընդդէմ պետութիւնն ու ժողովուրդը թալանողներուն․․․
7 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ համավարակին դէմ Ազգի եւ Հայրենիքի ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ԿՌԻՒը միասնաբար յառաջ մղելու հրամայականը ամէն օր շեշտող ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ապահովումը եւ պաշտպանութիւնը ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ դաւանող ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՍԹԱՓ ու ԶԳՕՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ։
Քորոնավարակի ԱՂԷՏԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ Հայաստանի ԱԶԳԱՅԻՆ-ՊԵՏԱԿԱՆ, այլեւ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄը ներքին հարուածի տակ ինկաւ ու ընկրկումի մատնուեցաւ, երբ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած կարեւոր ուժերէն Բարգաւած Հայաստանի ղեկավարը՝ ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ յանկարծ որոշեց միանալ գործող կառավարութիւնը «հարիւր տոկոսով» այսօր իսկ տուն ղրկելու կատաղի պայքար մղող Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ անոնց հետեւորդներու ՃԱՄԲԱՐին։
Բարի լոյս՝ այն բոլոր ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցնողներուն, որոնք համավարակին դէմ մեր ժողովուրդին մղած պայքարը խանգարող ՆԵՐՔԻՆ ՉԱՐԻՔը յաղթահարելու ԴՐՕՇՈՎ՝ իրաւա՛մբ հաշիւ կը պահանջեն ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՊԱՀՈՒՆ կողմնակի ճակատներ բացող եւ ուժերու ջլատում առաջացնող ԴԱՍԱԼԻՔՆԵՐԷՆ։
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդին հաշիւ պիտի տան բոլոր անոնք, որոնք տասնամեակներէ ի վեր, խաղաղ օրերուն եւ իշխանութեան կարկանդակէն օգտուելու ժամանակ, եկող-գացող ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ կողքին կանգնող էին, բայց որոնք յանկարծ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ դէմ անհաշտ կռիւ կը յայտարարեն՝ ԱԶԳԻ ՄՂԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄի ՊԱՀՈՒՆ, երբ դէմ յանդիման եկած են պետութենէն եւ ժողովուրդէն իրենց թալանածը ԵՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼՈՒ նոր ՕՐԷՆՔի գործադրութեան ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆին։
Բարի լոյս՝ ամենայն սրտցաւութեամբ մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ընդվզումը արտայայտող ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք կ՚ուզեն գիտնալ, թէ տարիներով իշխանութեան ղեկին կանգնած առանձնաշնորհեալները ինչո՞ւ կը վախնան «մի շարք քրէական գործերի ընթացքով, որոնք վերաբերւում են փողերի լուացմանը, ընտրակաշառք բաժանելուն, հարկերից խուսափելուն, կոռուպցիային»․․․
Գագիկ Ծառուկեան եւ Արթուր Վանեցեան
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ