Փաշինեան Կը Փոխէ Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները – Փաշինեան Կը Փոխէ Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները
08 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր յայտնած է, ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն պաշտօններէն ազատելու եւ նոր նշանակումներ կատարելու մասին:
«Սիրելի հայրենակիցներ, շարք մը կարեւոր որոշումներ կայացուցած եմ:
Ըստ որուն` զօրավար Օնիկ Գասպարեան կը նշանակուի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ:
Գնդապետ Արգիշտի Քեարամեան կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն:
Գնդապետ Վահէ Ղազարեան կը նշանակուի Ոստիկանութեան պետ:
Որոշումները իրաւականօրէն ուժի մէջ կը մտնեն Հանրապետութեան նախագահի կողմէ ստորագրուելէն ետք:
Զօրավար Արտակ Դաւթեանին, գնդապետ Էդուարդ Մարտիրոսեանին, գնդապետ Արման Սարգսեանին շնորհակալութիւն կը յայտնե այս ընթացքին կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերուն համար»,- ըսած է Փաշինեան:
yerakouyn.com/2020/06/08/փաշինեան-կը-փոխէ-ուժային-կառոյցներու/