Մինչ Յունաստանն Ու Արաբական Լիկան Կ՛ողջունեն. Թուրքիա Կը Հակադարձէ Սիսի-Հաֆթար Հանդիպումին Եւ Գահիրէի Համաձայնութեան
08 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի յայտարարեց, որ իրենց ուժերը Միսրաթա քաղաքին արեւելքը գտնուող Հայշա շրջանին մէջ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն վրայ հակայարձակում մը շղթայազերծած են:
Միսմարի յայտնեց, որ հակայարձակումին զուգահեռ ռմբաձիգներ շարք մը յարձակումներ գործած են հակառակորդի դիրքերուն վրայ:
Լիպիոյ ազգային բանակը նաեւ յայտարարեց, որ ձախողութեան մատնած է Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ուժերուն Սերթ քաղաքին վրայ կատարած յարձակումը: «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները շաբաթ օր հաղորդած էին, թէ թրքական մարտանաւեր կը ռմբակոծեն Սերթի մէջ Լիպիոյ ազգային բանակի դիրքերը:
Մինչ այդ, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտարարեց Լիպիոյ տագնապի լուծման նոր նախաձեռնութիւն մը, որ կը ներառէ ընտրուած նախագահական խորհուրդի մը կազմութիւնը եւ այսօրուընէ սկսեալ զինադադարի հաստատում:
Սիսի այս յայտարարութիւնը կատարեց Խալիֆա Հաֆթարի եւ Արեւելեան Լիպիոյ մէջ խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհի հետ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք:
Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու շարունակութեան հրաւէրի վերանորոգում եւ օտար բոլոր կողմերուն պարտադրել Լիպիայէն իրենց վարձկանները հեռացնել ու անոնց զէնքերը յանձնել:
Հաֆթար յայտնեց, որ Թուրքիան կ՛ուզէ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան վարչապետ Ֆայեզ Սարաժի հետ համաձայնութեան ճամբով պաշարման տակ առնել Լիպիան ու Եգիպտոսը:
Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Եասին Աքթայ, մեկնաբանելով Սիսիի եւ Հաֆթարի հանդիպումը, «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Տխրեցնող ու ցաւալի է տեսնել այսպիսի մամլոյ ասուլիս մը, որուն կազմակերպիչները իրենց ամբողջ ուժով կը փորձեն շունչ տալ մարմիններու, որոնք մեռած են, եւ հոգիներու, որոնք կորսուած են. մահացածը թաղելը զինք պատուել է»:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Եգիպտոսի` Լիպիոյ մէջ միջնորդութիւն կատարելու նախաձեռնութիւնը:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային ընտանիքին հիմնարար սկզբունքներուն վրայ, որոնք նշուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն ու Պերլինի ժողովի արդիւնքներուն մէջ, եւ կը յարգէ Լիպիոյ միասնականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը»:
«Մենք ամբողջովին կը կիսենք անոր բարձր առաջնահերթութիւնները, ինչպէս` զինադադարի անմիջական հաստատումը, բոլոր օտար ուժերու եւ վարձկաններու հեռացումը, կիսազինուորական խմբաւորումներու ապազինումն ու լիպիական տարրերու վերադարձը համապարփակ քաղաքական լուծման համար երկխօսութեան հոլովոյթին», նշեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Խաղաղութեան վերականգնումը կրնան իրականացնել միայն լիպիացիները, իսկ տագնապին երկարաձգումը կը նպաստէ միայն երրորդ կողմերուն, որոնք ծածուկ դրդապատճառներով կը միջամտեն Լիպիոյ ներքին հարցերուն: Խաղաղութիւնը ո՛չ միայն լիպիացիներուն օգուտ պիտի բերէ, այլ կայունութենէն ու բարգաւաճումէն պիտի օգտուի նաեւ Միջերկրական ծովուն ամբողջ արեւելեան շրջանը», ընդգծեց նախարարութիւնը:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ ողջունեց շաբաթ օր Եգիպտոսի նախագահին յայտարարած նախաձեռնութիւնը: Լիկայէն աղբիւր մը նշեց, որ ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ լիպիացիներու արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ ամբողջական զինադադար հաստատելու բոլոր ջանքերը, մասնաւորաբար` արաբականները:
Ան կոչ ուղղեց ամբողջացնելու Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան հովանաւորած զինուորական միացեալ յանձնախումբի բանակցութիւնները եւ շարունակելու Լիպիոյ բաղադրիչ տարբեր կողմերուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը:
Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղա Գահիրէի նախաձեռնութեան մերժումն ու Լիպիոյ մէջ պատերազմի շարունակութիւնը յայտարարեց:
aztagdaily.com/archives/474586