ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ․- Այսօր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը

ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ․- Այսօր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ․- Այսօր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ․-
«Այսօր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը»:

8 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Քորոնա վարակի գրոհին դէմ պաշտպանուելու ԱՀԱԶԱՆԳը առանց յոգնելու ամէն օր հնչեցնող, այլեւ Ազգի ու Հայրենիքի ֆիզիքական ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ առաջնահերթ կարեւորութեամբ մշտարթուն հսկելու ՈՒՂԻՆ լուսաւորող ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդին այս ՊԱՀՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻ՛Ն ՕՐԱԿԱՐԳը ամէն կարգի «ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՓԵՐԵԶԱԿՆԵՐՈՒ» պատեհապաշտ շահատակութիւններէն վեր պահելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետը Կիրակի օրուան, Յունիս 7ի իր քարոզը եզրափակեց ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ այն ՊԱՏԳԱՄՈՎ, որ՝

«Մեր ժողովուրդին ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան թէ քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ իւրաքանչի՛ւր եւ ամէ՛ն ՀԱՅՈՒ սրտէն ու միտքէն՝ պատգամելով ու յորդորելով հայաշխարհի բոլոր զաւակներուն՝ բոլո՜ր հայորդիներուն, որպէսզի յարգեն համավարակին դէմ պաշտպանուելու կոչուած եւ միջազգային պատկան կառոյցներու կողմէ յանձնարարուած անհրաժեշտ քայլերն ու կանոնները։

Բարի լոյս՝ ՔԱՋ ՀՈՎԻՒի իր կոչումով ու առաքելութեամբ բոլորիս ուղղուած ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ, թէ՝

Այսօր ժա՛մն է մէկ կողմ դնելու Հայ Ազգի ու Հայրենիքի, այլեւ Հայոց Պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն շուրջ մեզ բաժնող եւ իրարու հակադրող բոլոր քաղաքական ու գաղափարական տարակարծութիւնները։

Դժուար է անշուշտ եւ անկարելի՝ ընդհանրապէս օրակարգէ դուրս հանել այն ծանր իրականութիւնը, որ Հայաստանն ու Հայութիւնը ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԱՂԷՏԻՆ հարուածներուն տակ յայտնուեցան՝ աւարուած ու վատառողջ մեր պետականութիւնը ժողովրդավարական ինքնամաքրման ու կազդուրման արժանացնելու ինքնին ճգնաժամային պայմաններու մէջ։

Այդուհանդերձ՝ ֆիզիքական իր առողջութեան պահպանման համար օրհասական կռիւ մղող ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ սիրոյն, հայ քաղաքական մտքի բոլոր թեւերը ԱՅՍ ՊԱՀՈՒՆ մէկ կողմ պիտի դնեն իրենց մնացեալ բոլոր օրակարգերը։

Բարի լոյս՝ Արամ Վեհափառի պատգամը եզրափակող այն ՆՇՈՒՄԻՆ, թէ համավարակին դէմ պաշտպանուելու համար իրարմէ ժամանակաւորապէս հեռաւորութիւն պահելով հանդերձ՝ հայ մարդիկ բնաւ մտահան պիտի չընեն, որ բոլորս ալ հոգեպէս կապուած ենք իրարու եւ մեր ՈԳԵՂԷՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ հիմք ծառայող ՀԱՅՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ պիտի կարենանք յառաջ մղել ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՌՈՂՋԱՑՄԱՆ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ։

ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ․- Այսօր հայրենի ժողովուրդի ֆիզիքական առողջութիւնը աւելի կարեւոր է, քան քաղաքական կամ տնտեսական առողջութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail