ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Յակոբ Պարոնեան (1843-1891) Հայոց երգիծանքի նահապետն ու անհասանելի գագաթը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Յակոբ Պարոնեան (1843-1891).
Հայոց երգիծանքի նահապետն ու անհասանելի գագաթը
8 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յունիս 8ի այս օրը (Հին Տոմարով՝ Մայիս 27ին), կ՚ոգեկոչենք մահուան 129րդ տարելիցը մեծ Մարդու եւ նոյնքան մեծ Հայու պայծառագոյն դէմքի մը՝ անմահն Յակոբ Պարոնեանի։
Ապաժամ եւ դժբախտ վախճան մը ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան։
Հիւծախտով անբուժելի հիւանդացած, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած, կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ լքուած բոլորէն, հիւանդանոցի մը մոռցուած անկիւնը առյաւէտ փակեց այնքան սրատես ու խորաթափանց իր աչքերը։
Բայց Պարոնեան միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։
Մեր ժողովուրդը այնքա՜ն ապերախտ գտնուեցաւ իր արիագոյն եւ արժանաւորագոյն՝ հանճարե՜ղ զաւկին հանդէպ։
Ինչպէս Պարոնեանի ժամանակակից Մատթէոս Մամուրեան կը գրէ հայ մեծագոյն երգիծաբանի մահուան առթիւ՝ «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ինչպէ՞ս. գրեթէ անոք, անօգնական: Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին, զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը…։
Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին. ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար… չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»:
*
* *
Հայուն երգիծական հանճարը մարմնաւորող Մեծութիւնն է Յակոբ Պարոնեան, որ ժամանակներէն վեր կանգնած եւ անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ, նաեւ հայ մտքի Հսկայ մը դարձաւ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ՝ ընդհանրական թերութեանց խարազանումով եւ յոռի բարքերու անհաշտ քննադատութեամբ, ինքնասրբագրման եւ զարգացման մեծակշիռ ներդրում կատարելով։
Որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կենսայորդ եւ գունագեղ կը դառնան Պարոնեանի երգիծանքով յաւերժացած կերպարներն ու բարքերը հայ կեանքի, ինչպէս որ իրենց այժմէական իմաստն ու թելադրականութիւնը աւելիով կը շեշտեն Պարոնեանի պաշտպանած գաղափարներն ու սկզբունքները։
Համոզումի, սկզբունքայնութեան, ինքնահաւատարմութեան եւ անկաշառ Պայքարի մարդն է Յակոբ Պարոնեան։
Ան անխնայ ձաղկեց եւ սուր քննադատութեամբ մերկացուց 19րդ դարու երկրորդ կիսու հայ իրականութեան արատները՝ հաւասարապէս ազգային ու հասարակական, անհատական եւ ընտանեկան, քաղաքական ու հասարակական ընդգրկումով։
Պարոնեան դատապարտուեցաւ, հալածուեցաւ եւ ծանրագոյն թշուառութեան մատնուեցաւ, բայց երբեք չհաշտուեցաւ ազգային սնափառութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթներուն հետ, քաղաքացիական ստրկամտութեան եւ կեղծ ազգասիրութեան հետ, խաւարամտութեան, քաղքենիութեան եւ դրամապաշտութեան հետ, անհատական թէ ընտանեկան՝ հասարակական բարոյականի խաթարումներուն հետ։
Աւելի՛ն. թէեւ իր ապրած ժամանակաշրջանի շեշտակի եւ իրապաշտ կնիքը կրեցին Պարոնեանի յաւերժացուցած «Պաղտասար Աղբար»ն ու «Աբիսողոմ Աղա»ն, «Ազգային Ջոջեր»ն ու «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը, կամ «Հոսհոսի Ձեռատետր»ի եւ «Քաղաքավարութեան Վնասներ»ու հերոսներն ու բարքերը, այսուհանդերձ՝ այդ ամէնուն մէջ, իր սրատեսութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ, Յակոբ Պարոնեան գտաւ եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար իրա՛ւ ու մնայո՛ւն ճշմարտութիւններ, մանաւանդ՝ մեր թերութիւններն ու վէրքերը լացի փոխարէն ծիծաղով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու մեծագոյն ճշմարտութիւնը։
Իր ապրած ժամանակաշրջանին՝ 1870ական եւ 1880ական թուականներու հայ իրականութեան իրա՛ւ հայելին է Յակոբ Պարոնեան։
Ազգային Զարթօնքի եւ Հայկական Հարցի միջազգայնացման այդ կարեւորագոյն ժամանակաշրջանին, Պարոնեան նետուեցաւ գրական ասպարէզ, հայ կեանքի ինքնաքննադատութեան եւ քննադատութեան, քաղաքական ու քաղաքացիական իրատեսութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան զգացումի անկեղծ զինուորը դարձաւ, որ ազգովին մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն արժանաւորապէս ընդառաջելու ճշմարիտ ուղին հարթեց՝ պայքարի ոգի ներշնչելով եւ փարիսեցիութիւնը կտրականապէս մերժելով, արիւն եւ ոչ թէ արցունք թափելով ինքնամաքրման դրօշը միշտ բարձր պարզելով, ինչպէս որ պիտի շեշտէր առիթով մը.-
«Թո՛ղ ազգային բանաստեղծներ Եփրատն ու Տիգրիսն Հայաստանի երկու աչեր ներկայացնեն եւ լան, թո՛ղ պ. Չուխաճեանին ալ եղանակներ յօրինել տան եւ եղանակով լան. ես, պարոններ, ես կը ծիծաղիմ եւ ծիծաղելու համար ո՛չ եղանակի կարօտութիւն ունիմ եւ ոչ դաշնակի։ Թերութիւններու վրայ լալն թերութիւններու մեծագոյնն է, խեղճութեան վրայ արտասուք թափելն ապացուցանել է, թէ արիւն չունինք թափելու։ Արտասուքը մանուկներու եւ կիներու (մեծ մանուկներու) բաժինն է. կ՚աղաչեմ, մի՛ դպիք անոնց բաժինին»:
*
* *
2 Նոյեմբեր 1843ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ։ Աւարտեց իր ծննդավայրի «Արշակունեան» վարժարանը, ուր աշակերտեց «Պօղոս վարժապետին»՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին։
1857ին ան ընդունուեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք՝ իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ «յունարէնի դժուարութիւնը սորված», վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ։
1863ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով։ Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ։ Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակախօսութեան մէջ։
1872ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական «Մեղու» թերթի արտօնատէր Յ. Սվաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը։
1874ին, օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւելով՝ Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնուած թերթին «Մեղու» անունը փոխարինեց «Թատրոն»ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877) զուգադիպեցան ռուս-թրքական պատերազմին եւ նուիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ։
Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութիւններու ցուցաբերած դիւանագիտական նենգամտութիւնը, Սուլթանի կառավարութեան գործադրած բռնութիւններն ու ծաւալած հակահայ հալածանքները, ինչպէս նաեւ՝ հայ ազգային իշխանութեանց ղեկին կանգնած կղերական թէ աշխարհական գործիչներու կեղծաւորութիւնը, ժողովուրդէն կտրուած եւ եսապաշտ վարքուբարքը, բոլորը առաւելագոյն սրութեամբ քննադատութեան ենթարկուեցան Պարոնեանի երգիծական իրերայաջորդ գործերուն մէջ, որոնք լոյս տեսան «Թատրոն»ի յաջորդական թիւերով՝ «Կսմիթներ», «Ազգային Ջոջեր» եւ այլ անուններով։
1878ին, նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով։
Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները։
*
* *
1884էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան։
Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով՝ Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման վրայ։
Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»ի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը։ Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանուեցաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս ընդմիշտ։ Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը։ Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը։ Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը։
Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891ի Յունիս 8ին, Հայու Երգիծական Հանճարին անկրկնելի մարմնաւորումը՝ Յակոբ Պարոնեան առյաւէտ փակեց իր աչքերը, սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով շնչաւորուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։
Իր մահուան 120ամեակին նուիրուած այս էջը կարելի չէ փակել՝ առանց յիշատակելու, որ Պարոնեան ունեցաւ համաժողովրդային «ազգային յուղարկաւորութիւն» մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի եւ ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդաց Նարպէյ Արքեպիսկոպոսը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանգին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփուեցաւ Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»:
Բայց նոյնիսկ տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ…
Եւ տասնամեակներ ետք, 1976ին, մտաւորական եւ գրող Վահրամ Մավեան կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ՝ դիտել տալով, թէ «…ինչպէ՞ս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ – թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր – եկած ու անցած են, առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու՝ անըմբռնելի է պարզապէս: Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ»։
*
* *
Բայց ո՛չ։
Գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի՝ Յակոբ Պարոնեան իր անկրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կ՚ապրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ անմահութիւնը նուաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը։
Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ ինքնահաւատարմութեան արեամբ գրուած Յակոբ Պարոնեանի մտքերը.
– Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ՚ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:
– Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:
– Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:
– Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրուին շատ անգամ:
– Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:
– Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
– Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:
– Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ՚ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՚առնուիր:
– Մեծ անուանց ներքեւ յաճախ պզտիկ բաներ կը պահուին:
– Ո՜վ շողոքորթութիւն… ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:
– Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնուին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնուիր:
– Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ՚ելլեն:
– Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնըիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:
– Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կր կռուէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ… Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս… անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր…
– Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտռուին ամէն բանէ առաջ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ