Եգիպտոսի Զօրքերը Մուտք Գործած Են Լիպիա` Յաջակցութիւն Հաֆթարի

Եգիպտոսի Զօրքերը Մուտք Գործած Են Լիպիա` Յաջակցութիւն Հաֆթարի

Եգիպտոսի Զօրքերը Մուտք Գործած Են Լիպիա` Յաջակցութիւն Հաֆթարի

09 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Թուրքիա Կը Մեղադրէ` Եգիպտոսը ՄԱԿ-ի Բանաձեւերը Խախտելու Յանցանքով

Turkish presidency infuriated over raising of ‘Byzantine flag’ over mosque in Cyprus

Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտելալ յայտարարած է, թէ Լիպիոյ ներքին գործերուն Թուրքիոյ միջամտութիւնը անընդունելի է, եւ թէ Եգիպտոս օգնութիւն խոստացած է «լիպիացի եղբայրներուն»: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «Ահրամ Անլայն» կայքը:

Միաժամանակ եգիպտական զօրքերը կտրած են Լիպիոյ սահմանը` օգնելու համար Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթարին: Եգիպտոսի զօրքերու շարժման նկարները արդէն տարածուած են համացանցի վրայ: Տեսանիւթերուն մէջ կ՛երեւին Եգիպտոսի դրօշով ամերիկեան արտադրութեան «Ապրամս» հրասայլերն ու այլ սպառազինութիւն:

«Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ հարցերուն միջամտութիւնը սպառնալիք է արաբական տարածաշրջանի անվտանգութեան: Եգիպտոս պիտի չարտօնէ իր ազգային անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքը: Եգիպտոս պիտի չլքէ իր լիպիացի եղբայրները եւ պիտի պաշտպանէ զանոնք», յայտարարած է Եգիպտոսի օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը:

Ապտելալ նշած է, որ եգիպտացի պաշտօնատարները նամակ ուղարկած են պաշտպանելով նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի` Լիպիոյ մէջ զինեալ հակամարտութիւնը լուծելուն ուղղուած ջանքերը` ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ Պերլինի յունուարեան խորհրդաժողովի արդիւնքներուն համապատասխան:

«Գահիրէի հռչակագիրը ուղղուած է Լիպիոյ մէջ միասնութեան կայունութեան հաստատման եւ ցոյց կու տայ, թէ Եգիպտոս ձեռնածալ պիտի չմնայ Լիպիոյ կայունութեան սպառնացող զարգացումներուն ի տես», ըսած է Ապտելալ` աւելցնելով. «Եգիպտոս եւ Լիպիա առնչուած են պատմական իրադարձութիւններով ու ընկերային կապերով, ուստի Եգիպտոս կարելի ամէն բան պիտի ընէ լիպիացի ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու համար»:

Նշենք, որ Ռուսիա երէկ վերահաստատեց Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու եգիպտական նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եգիպտացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Լիպիոյ վերջին զարգացումները: Անոնք հաստատեցին միջլիպիական բանակցութիւններուն կարելի եղածին չափ շուտ սկսիլը երաշխաւորելու իրենց հասարակաց վճռակամութիւնը:

Թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ Եգիպտոսի կառավարութիւնը մեղադրած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը խախտելու յանցանքով:

«Եգիպտոսի ապստամբ Հաֆթարին երկարատեւ զինուորական աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու յստակ խախտում է», ըսած է Աքսոյ:

Ան անդրադարձած է Եգիպտոսի կողմէ Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆէ Հաֆթարին տրուող աջակցութեան:

Լիպիոյ ազգային բանակը երէկ հաղորդեց, որ իր օդանաւերը Սերթ քաղաքի արեւմուտքը քանդած են թուրք սպաներ փոխադրող զինուորական մեծ շարասիւն մը` աւելցնելով, որ սպաները սպաննուած են:

Օդուժը գիշերային հարուածներու ընթացքին քանդած է թրքական արտադրութեամբ երեք «Հաուիցըր» հրետանիներ, երկու հրասայլեր, ինչպէս նաեւ զրահապատ մեքենաներ:

Բանակէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ երէկ Սերթի մօտ տեղի ունեցած բուռն բախումներուն ընթացքին Միսրաթա քաղաքէն եկած աւելի քան քառասուն զինեալներ սպաննուած են:

Եգիպտոսի Զօրքերը Մուտք Գործած Են Լիպիա` Յաջակցութիւն Հաֆթարի

aztagdaily.com/archives/474694

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail