«Թուրքիայէն Չենք Վախնար Եւ Պատրաստ Ենք Որեւէ Բեմագրութեան» Կ՛ըսէ Յունական Կառավարութեան Բանբերը

«Թուրքիայէն Չենք Վախնար Եւ Պատրաստ Ենք Որեւէ Բեմագրութեան» Կ՛ըսէ Յունական Կառավարութեան Բանբերը

«Թուրքիայէն Չենք Վախնար Եւ Պատրաստ Ենք Որեւէ Բեմագրութեան» Կ՛ըսէ Յունական Կառավարութեան Բանբերը

09 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Turkish presidency infuriated over raising of ‘Byzantine flag’ over mosque in Cyprus

Յունաստանի փոխվարչապետ եւ երկրի կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փեթսաս Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածի մէջ հորատման աշխատանքներուն պատճառով Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ յառաջացած լարուածութեան լոյսին տակ յայտարարած է, որ իրենք «չեն վախնար Թուրքիայէն» եւ պատրաստ են որեւէ բեմագրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:

«Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները չեն նպաստեր խնդիրներու լուծման: Միացեալ Նահանգներ կը քննադատեն Թուրքիոյ դիրքորոշումը եւ համաձայն են Յունաստանի հետ: Ապօրինի գործողութիւնները ոչ մէկ իրաւական արդիւնք կրնան ունենալ: Մենք կ՛ուզենք

բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, սակայն այդ ցանկութիւնը պէտք չէ միակողմանի ըլլայ: Մենք Թուրքիայէն չենք վախնար եւ պատրաստ ենք որեւէ բեմագրութեան», հաստատած է Յունաստանի փոխվարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Փանայոթոփուլոս օրեր առաջ թրքական «ՍԹԱՐ Թի.Վի.»-ին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը իր գերիշխանական իրաւունքները պաշտպանելու համար պատրաստ է ամէն բանի, ներառեալ` «սադրանքներու» պարագային Թուրքիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Յունաստան պատրա՞ստ է տագնապին զինուորական լուծման, ինչպէս ըսած է վարչապետի խորհրդականը, Փանայոթոփուլոս պատասխանած էր. «Այո՛, ճիշդ է»:

«Մենք կը պատրաստուինք որեւէ իրավիճակի: Ի հարկէ, «հաւանական ամէն ինչ»-ը կը ներառէ նաեւ զինուորական մասնակցութիւն: Մենք ատիկա չենք ուզեր, սակայն կ՛ուզենք հասկցնել, որ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի կարելի եղած չափով պաշտպանենք մեր գերիշխանական իրաւունքները», ըսած էր նախարարը:

Նախքան այդ, թրքական պետական պաշտօնաթերթը հրապարակած էր յունական կղզիներու մօտ գտնուող տարածքին մէջ թրքական պետական քարիւղի ընկերութեան կողմէ ածխաջրածիններու հետազօտման եւ արդիւնահանման արտօնագիր ստանալու դիմումները:

«Թուրքիայէն Չենք Վախնար Եւ Պատրաստ Ենք Որեւէ Բեմագրութեան» Կ՛ըսէ Յունական Կառավարութեան Բանբերը

aztagdaily.com/archives/474695

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail