ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Տեսակէտ. Կոչ՝ Ծրագրուած Հայրենաշինութեան՝ Պետականաշինութեան
09 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Վերջերս թեր ու դէմ` մերթ ծայրայեղ, մերթ ահազանգող, մերթ խելամիտ կարծիքներ կը հնչեն Հայաստանի քաղաքական` ներքին եւ արտաքին, առողջապահական, արդարադատութեան, պարէնաւորման ինքնաբաւութեան, ոխակալ մոլուցքի, տնտեսական, միջավայրի, ազգային հարստութեան յափշտակման` գողութեան, ապրուստի մակարդակի, աղքատութեան եւ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու վերաբերող, սակայն մէկ բան շատ յստակ է, որ նշեալ բոլո՛ր հարցերը գրեթէ ճգնաժամային վիճակի հասած են եւ շտապ լուծումի կը կարօտին: Դժբախտաբար, նոյնքան յստա՛կ է, որ գործնական ու տրամաբանական ճամբու քարտէսներ գոյութիւն չունին յաղթահարելու համար վերոնշեալ տագնապները:
«Միասնութիւն» լոզունգը լաւ բան է, թէեւ, գիտակցաբար կամ ոչ, երկու տարի է անոր հակառա՛կ ուղղութեամբ դրսեւորումի ականատես եղանք («սեւի եւ ճերմակի»), սակայն «Միասնութիւն»-ը առանձինն այս տագնապներուն լուծում չի բերեր, եթէ երկիրը այս բոլոր ճգնաժամերէն քայլ առ քայլ դուրս բերելու` յաղթահարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, չեն պատրաստուած: Այստեղ նպատակը այս կամ այն քաղաքական հոսանքը քննադատել չէ, ո՛չ ալ այս համավարակի օրերուն կողէն դաշունահարել, ինչպէս ոմանք կը կարծեն: Կը յիշէ՞ք համավարակի սկզբնական օրերուն հանրաքուէի քարոզարշաւներ տեղի կ՛ունենային առանց դիմակներ օգտագործելու…:
ԱՐԴԵՕՔ Ե՞ՐԲ Է ՅԱՐՄԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԱՅՍ ԳՐԵԹԷ ՏՂԱՅԱԿԱՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՊԵՏԱԿԱՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ: ԲՈԼՈՐՍ ՊԷՏՔ Է ԶԳԱՍՏԱՆԱՆՔ ԱՅԼԵՒՍ:
Անմիջապէս պէտք է կազմուի Ճգնաժամային ազգային խորհուրդ` հաւանաբար Հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ, մասնակցութեամբ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն մասնագէտներու, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ ճանապարհային քարտէս մը պատրաստել, երկիրը վերոնշեալ բոլոր տագնապներէն քայլ-առ-քայլ դուրս բերելու: Առողջապահութեան կողքին գործնական երկրորդ շտապ բնագաւառը պարէնաւորման անվտանգութիւնը` ինքնաբաւութիւնը պէտք է ըլլայ` ջուրի պաշարներու լաւագոյնս տնտեսում, հողագործութիւն, անասնաբուծութիւն եւ յարակից ճարտարարուեստներ, արտադրութիւններ, որպէսզի այժմու 30 տոկոսէն 100 տոկոսի բարձրանայ սնունդի կարիքի ներքին արտադրութիւնը եւ ինչու չէ աւելին` արտածելու համար:
Սպասելով որեւէ ձեւի Ճգնաժամային ազգային խորհուրդի մը կազմութեան եւ ճանապարհային քարտէսի մը պատրաստութեան եւ գործադրութեան:
8 յունիս 2020
aztagdaily.com/archives/474611