Այսօրուայ Թուրքիա – Վանի Հայկական «Սուրբ Կոյսեր» Վանական Համալիրին Աւերակները Կը Շարունակեն Քանդել (լուսանկարներ)
08 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Սուրբ կոյսեր» մենաստանը կը շարունակէ աւերուիլ բնական աղէտներէն ու գանձախոյզներու յարձակումներէն։
Վանի «Եուզունճու Եըլ» համալսարանի դասախօս Մեհմեթ Թոփի խօսքով՝ վանական համալիրը յատկապէս լուրջ վնասներ կրած է 1648-ի Վանի երկրաշարժէն։ Թուրք փրոֆէսըրի վկայութեամբ՝ այս համալիրը Վանի մէջ գտնուող քրիստոնէական եւ յատկապէս հայկական ճարտարապետութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է։ Իր գոյութեան ընթացքին՝ կառոյցը ծառայած է մեծ մասամբ իբրեւ կուսանոց, ուրկէ ալ ծագած է վանական համալիրին անունը։
Յայտնի է, որ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այսինքն՝ մինչեւ վերջնականապէս բախտի քմահաճոյքին ձգուիլը՝ 20-րդ դարասկիզբին համալիրին մէջ բնակած է 200-300 կոյս։ Մենաստանի տարածքը ընտրուած է այնպէս, որուն անմիջական շրջակայքը բնակավայրեր չեն եղած։ Անիկա կառուցուած է երկու ձորերու մէջտեղում՝ հարթավայրին նայող բլուրի լանջին։ Այսօր համալիրը կը գտնուի Վանի Գիւփընար շրջանէն 7 քմ հեռաւորութեան վրայ։
Եկեղեցիէն մնացած կիսաւեր գմբէթն ու պատերը, որոնք մեծ մասամբ կառուցուած են կաւէ աղիւսով, թոյլ կու տան որոշ պատկերացում կազմելու վանական համալիրէն ներս եկեղեցւոյ եւ տարբեր օժանակ կառոյցներու գտնուելու վայրին մասին։
horizonweekly.ca/en/վանի-հայկական-սուրբ-կոյսեր-վանական/