Էրտողան Հաստատակամ Է Ս․ Սոֆիա Տաճար-թանգարանը Մզկիթի Վերածելու Իր Կեցուածքին Վրայ
09 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հաստատակամ կը մնայ Պոլսոյ բիւզանդական նշանաւոր Ս․ Սոֆիայի (Այա Սոֆիա) տաճարը թանգարանի կարգավիճակէն զրկելով՝ մզկիթի վերածելու գաղափարին։ Քրիստոնէական հռչակաւոր տաճարը Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով, 1934ին ստացած էր թանգարանի կարգավիճակ, իսկ այդ կարգավիճակը փոխելու հարցը պիտի քննարկուի 2 Յուլիսին։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի շաբաթավերջին տեղի ունեցած նիստին քննարկուեցաւ Ս․ Սոֆիայի մէջ ամէնօրեայ հնգապատիկ աղօթք կատարելու հարցը։ «Այա Սոֆիայի մէջ աղօթք կը կատարուի եւ անիկա միայն մեր սուրբ ժողովուրդին որոշելիքն է», յայտարարեց Էրտողան, ըստ որուն, Այա Սոֆիայի մէջ պէտք է ըլլան Քուրանի ընթերցումներ եւ անիկա իբրեւ մզկիթ իր դռները պիտի բանայ զբօսաշրջիկներու առջեւ այնպէս, ինչպէս Պոլսոյ Սուլթանահմեթ մզկիթը։
Յիշեցնենք, որ 2019ին, երբ լրագրողները հարցուցած էին, թէ արդեօք կարելի՞ է, որ թանգարանի կարգավիճակ ունեցող Այա Սոֆիայի մուտքը Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար դառնայ անվճար՝ Էրտողան պատասխանած էր. «Կարելի է: Աւելին, մենք այս հարցով կրնանք այնպէս զբաղիլ, որ անոր անունը արդէն ոչ թէ թանգարան ըլլայ, այլ՝ մզկիթ»:
Նշենք, որ Ս․ Սոֆիան արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակոյթային ժառանգութեան ցանկին վրայ:
asbarez.com/arm/371075/Էրտողան-Հաստատակամ-Է-Ս․-Սոֆիա-Տաճար-թ/