ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Գիտուն ըլլալուն ամէնէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է»
9 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Մեծն Յակոբ Պարոնեանի ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱն, որ բոլոր ժամանակներուն, նաեւ ու մանաւա՛նդ մեր օրերուն համար՝ կը հանդիսանայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը հայ ժողովուրդի ՈՒՂԻՆ ամէն կարգի խոտորումներէ եւ ընկրկումներէ զերծ պահելու ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ ազգային մեր իրականութիւնը յուզող յոռի բարքերուն վրայ լալու փոխարէն, ԾԻԾԱՂՈՎ Հայաստանն ու Հայութիւնը ԱՌՈՂՋԱՑՆԵԼՈՒ քննադատութեան եւ ինքննադատութեան ուղին հարթած, այդ ճամբուն վրայ ամէն կարգի հալածանք եւ տառապանք հերոսաբար դիմագրաւած ՊԱՐՈՆԵԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
Յատկապէս համավարակի այս մղձաւանջային օրերուն, երբ Ազգի եւ Հայրենիքի ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ առաջնահերթ օրակարգին ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ, այլեւ բոլորիս սպառնացող ԱՂԷՏԻՆ ԴԷՄ միացեալ ուժերով ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ փոխարէն՝ ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ է քաղաքական շահարկումներու ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏ ԽԾԲԾԱՆՔՆԵՐՈՎ, որքա՜ն ԴԻՊՈՒԿ եւ ԱՀԱԶԱՆԳՈՂ է Պարոնեանի պատգամած ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ՝
– «Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի. Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կ՚ելլեն»:
Բարի լոյս՝ «թեթեւներուն» եւ թեթեւամիտներուն կողմէ այս օրերուն «վեր ելլելու» ՅԱՒԱԿՆՈՒԹԵԱՆՑ վրայ թեթեւակի հայացքով նայելու եւ անցնելու, այլեւ համավարակին դէմ պայքարի ճակատէն ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԻՒՆԸ արհամարհելով մեր ուղին շարունակելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ։
Ի վերջոյ մտահան չընենք, որ Անմահն Պարոնեանի ապրած ժամանակին ալ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐ ՑԱՒ կը պատճառէր այն, թէ՝
– «Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ