ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 9 Յունիս 1904. Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

9 Յունիս 1904. Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 9 Յունիս 1904. Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

9 Յունիս 1904.
Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ
ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

9 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

9 Յունիս 1904ը հայոց յուշատետրին մէջ անմոռանալի թուական մը դարձաւ՝ ատենի Ֆրանսական Խորհրդարանին մէջ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին ստացած միջազգային «ճանաչում»ին ու զօրակցութեան բերումով։

Յունիս 9ի այս օրը, 116 տարի առաջ, Ֆրանսական խորհրդարանը յատուկ նիստը յատկացուց Մշոյ դաշտի եւ Սասնոյ անզէն հայ բնակչութեան դէմ թրքական կառավարութեան գործադրած լայնածաւալ կոտորածներուն եւ աւերումներուն։

Հայ Դատի հաւատաւոր պաշտպան պատգամաւորը՝ Ֆրանսիս տը Փրեսանսէ օրուան կառավարութեան դիմած էր այն հարցապնդումով, թէ Համիտեան բռնատիրութեան գործած ջարդերուն դէմ յանդիման՝ ֆրանսական կառավարութիւնը եւ անոր եւրոպացի պաշտօնակիցները ինչո՛ւ չեն դիմեր վճռական քայլերու, կանխելու համար 1895-1896ի կոտորածներու տարողութեամբ նոր աղէտի մը կրկնութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։

Սասնոյ Ապստամբութեան օրհասական ժամանակաշրջանն էր։

Կարմիր Սուլթանը դարձեալ սանձազերծած էր իր կատաղած փաշաներն ու պէկերը, որպէսզի ամէնօրեայ խժդժութիւններով եւ հարստահարութիւններով սեփական հողէն ու հօրենական բնօրրանէն դուրս մղեն հայ ժողովուրդը։ Բայց 1895ի արհաւիրքը ապրած Մշոյ դաշտի եւ Սասնոյ քաջարի հայութիւնը արդէն այլ ելք չունէր՝ ինքնապաշտպանութեան համար կռուիլ պէտք էր, որպէսզի սեփական ուժով ու զէնքով հասնէր փրկութեան…

Ա՛յդ վճռականութեամբ ապստամբեցաւ Սասունը եւ հերոսաբար դիմադրեց թուրք եւ քիւրտ զօրքերու գերազանց ուժերով գրոհներուն։

Բարբարոսական գրոհներ՝ որոնք մարտի դաշտերուն վրայ անփառունակ պարտութիւն կրեցին, բայց փոխարէնը՝ անարգ թշնամին հայկական ամբողջ գիւղեր, իրենց անզէն բնակչութեամբ, քարուքանդ աւերեց, կոտորեց եւ հրոյ ճարակ դարձուց։

*
* *

Մինչ Երկրին մէջ կենաց-մահու կռիւներ կը մղուէին, Եւրոպայի տարածքին նոյն օրերուն նոյնքան բուռն ճակատում մը իրարու դէմ հանեց թրքական դիւանագիտութիւնն ու Հայ Դատի եւրոպացի ազատախոհ պաշտպանները։

Քաղաքական այդ ճակատումներուն ամէնէն նշանակալիցը եղաւ, Ֆրանսական խորհրդարանի Յունիս 9ի նիստին, Ֆրանսիս տը Փրեսանսէի հարցապնդումներուն տակ, արտաքին գործոց նախարար Տելքասէի կատարած պատմական խոստովանութիւնը, թէ սուլթանի կառավարութիւնը «միակ պատասխանատուն է» ոչ միայն անզէն հայերու ջարդին եւ հայկական շէներու աւերման, այլեւ՝ նոյնինքն հայոց ապստամբութեան բռնկումին։

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը Յունիս 1904ի իր համարը յատկացուցած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման բախտորոշ այդ փուլին, անոր քաղաքական խորապատկերի քննութեան, մարտական գործողութեանց արժեւորումին եւ առաջացուցած դիւանագիտական առճակատումին։
«Դատարկման Ծրագիրը» խորագրուած իր խմբագրականով՝ «Դրօշակ» ահազանգ կը հնչեցնէ.

«Սասուն – առանց հայերի։ Ահա «փադիշահական» ծրագիրը Ելդըզ-Քէօսկի Մենակեացի, մշակուած պարսպապատ պալատի մահաշունչ սենեակներում, ուղարկուած ստրուկ փաշաներին՝ գործադրութեան համար»։

Եւ կ՚աւելցնէ «Դրօշակ».

«Սրով ու կրակով դատարկուող Սասունի քանդուած գիւղերը – ասում է երկրից եկած նամակը – կ՚ուզեն տալ քուրդ ցեղերուն, որպէսզի բարձր եւ ամուր լեռներու լանջերուն այլեւս չբուրէ ազատութեան շունչը, իսկ դաշտի հողերու մի մասով կ՚ուզեն խաբել հալածական լեռնականները, դրուած այսօր երկու կրակի մէջ»…

Իսկ նոյն համարին «Հայկական Հարցը Եւրոպական Պարլամենտներում» խորագրուած անդրադարձ-թղթակցութեամբ, «Դրօշակ» համառօտ պատկերը կը փոխանցէ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին, խորհրդարանական բեմերէն, հայ ժողովուրդին ի պաշտպանութիւն ծաւալած զօրակցութեան շարժումին։ Միաժամանակ՝ առաջնահերթաբար կ՚ընդգծէ՝
Ի տես Մշոյ դաշտի եւ Սասնոյ մէջ գործուած ջարդերուն, «Եւրոպան չմնաց անգիտակ ու անզգայ, ինչպէս տասը տարի առաջ սրանից։

Ոգեւորուելու տեղիք չունենք ի հարկէ – դիւանագիտութիւնը ընդհանուր առմամբ նոյն հակակրելի ուժն է՝ ոճրի դիմաց անշարժ, վարանոտ – բայց տեղիք չունենք եւ յուսահատուելու։ Տարիների ընթացքում խնամքով պատրաստուած հանրային կարծիքի ազդեցութեան տակ՝ դիւանատներ, գէթ մի քանիսը, ցոյց են տալիս այժմ որոշ փութկոտութիւն իրենց գործողութիւնների մէջ»։

9 Յունիս 1904. Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

*
* *

Քաղաքական քննարկումներու այդօրինակ շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսական խորհրդարանի 9 Յունիս 1904ի պատմական նիստը, որուն նուիրուած յուշատետրի այս անդրադարձը կ՚արժէ ամփոփել «Դրօշակ»ի հետեւեալ արձագանքով.

«Աւելի ուժեղ արձագանք ունեցան Սասունի ցնցումները Ֆրանսիական պարլամենտում։ Ֆրանսիս դը Պրեսանսէ Յունիս 9ի իր ելոյթին մէջ արտասանեց այնպիսի բոցաշունչ խօսքեր, որոնք ճնշելու չափ հմայում են նոյնիսկ դիւանագիտութեան ներկայացուցիչներին՝ իրենց կուռ տրամաբանութեամբ, փաստերի պաշարով ու դրութեան ներհուն ուսումնասիրութեամբ։
«Թէ՛ Ֆրանսիս դը Պրեսանսէի ճառը եւ թէ մինիստր Դելկասէի պատասխանը սրտապնդող ու յուսատու փաստեր են ներկայ տագնապի մէջ եւ, միաժամանակ, շեշտակի պատասխան մեր ժողովրդի այն տականքներին, որոնք արդէն սկսում են աղմկել մթնոլորտը հակայեղափոխական կեղծ երեմիականներով։

«Լը Ռուա Բօլիոյի խօսքերը կրկնելով՝ պարլամենտի յառաջադէմ թեւերի ծափահարութեան մէջ, Ֆրանսիս դը Պրեսանսէ շնորհաւորում ու ջատագովում է հայ ժողովրդին, որ նա «զէնք է վերցրել՝ նուաճելու համար իր ազատութեան տարրական պայմանները։

«Ես չեմ ասում, թէ այդ արիւնոտ ողջակէզները միմիայն ջարդեր են. եղել են եւ կռիւներ – եւ ես բարձրաձայն գովում եմ հայերին – եղել են կռիւներ, անհաւասար կռիւներ, քանի որ հայերը գրեթէ անզէն են եղել, բայց դրանք այն կռիւներից են, առանց որոնց մի ժողովուրդ չի նուաճում իր գոյութեան իրաւունքը։

«Նրանք չուզեցին նահատակուել ինչպէս 1894ին, առանց գէթ փորձելու իրենց պաշտպանելու եւ բողոքելու։ Նրանք պաշտպանուեցին Ապրիլ ամսից ի վեր, առանց տանելու յաղթանակը, որ անհնարին էր»։

«Մինիստր Դելկասէ նոյնպէս պատասխանեց մի ճառով։ Միանգամայն ճանաչելով հայերի իրաւունքը ապստամբելու թիւրք կառավարութեան դէմ՝ նա յայտարարեց, որ կոտորածի մասին լուրերը չափանազանցուած են… «Դելկասէն յայտնում է, որ իրողութիւնները այնուամենայնիւ վրդովեցուցիչ են, որ թիւրք կառավարութիւնը իրաւունք չունի ապստամբների դէմ արշաւելու միջոցին յարձակուիլ խաղաղ ազգաբնակչութեան վրայ։

«… Նա (թիւրք կառավարութիւնը) շարունակում է պահպանել մի այնպիսի վարչութիւն, որի հանդէպ ապստամբութիւնը հանդիսանում է միակ ապաստանը յուսահատուած ազգաբնակչութեան համար»։

Ահա՛ այս է պատգամը Յունիս 9ի Ֆրանսական խորհրդարանի պատմական նիստին։

Հայ ժողովուրդին պարտադրուեցաւ Սասնոյ եւ Մշոյ դաշտի 1904ի ապստամբութիւնը՝ ընդդէմ թրքական պետութեան հետեւողականօրէն կիրարկած հայաթափման ու հայաջնջումի արիւնալի քաղաքականութեան։

Մինչեւ այսօր թրքական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ ծախու խիղճեր փնտռել մեծապետական աշխարհի տարածքին, որպէսզի հայ ժողովուրդին եւ անոր քաջարի զաւակներուն ապստամբութիւնը իբրեւ պատրուակի գործածէ եւ զոհին՝ հայութեան վրայ բեռցնէ թրքական Մեծ Ոճիրին «պատճառ դարձած ըլլալու» պատասխանատուութիւնը։

Ֆրանսիս տը Փրեսանսէներն ու Տելքասէները անլռելի եւ անմոռանալի վկաներն ու դատապաշտպաններն են ճիշդ հակառակին՝ պատմական այն անժամանցելի ճշմարտութեան, որ թրքական պետութիւնը ոչ միայն դատ ու դատաստանի պէտք է ենթարկուի Ցեղասպանի իր պատասխանատուութեան համար, այլեւ՝ ամբողջական հատուցում պէտք է կատարէ հայ ժողովուրդին։

Թրքական պետութեան գործադրած հայաթափումի ու հայաջնջումի հետեւողական քաղաքականութիւնն էր չարեաց աղբիւրը եւ հայոց ապստամբութիւնը էապէս ինքնապաշտպանութեան վերջին զէնքն էր՝ ստոյգ կործանման դէմ։

Հայոց ապստամբութիւնը պատճառ չէր Համիտեան կոտորածներուն, ընդհակառակն՝ թրքական պետութեան հայաջնջումի քաղաքականութեան առաջացուցած անխուսափելի, այլեւ ճարահատ պատասխանն էր Սասնոյ հերոսական ծառացումը։

– 9 Յունիս 1904. Ֆրանսական խորհրդարանի զօրակցութիւնը՝ Սասնոյ ինքնապաշտպանական զինեալ պայքարին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail