Միայն Արձագանգողի Դերին Մէջ Ըլլալը Պարտութեան Ճանապարհ Է. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Ներկայացուցած Է Իր Տեսլականը

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան

Միայն Արձագանգողի Դերին Մէջ Ըլլալը Պարտութեան Ճանապարհ Է. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Ներկայացուցած Է Իր Տեսլականը

10 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան ներկայացուցած է ՀՀ Զինուած Ուժերուն առնչութեամբ իր տեսլականը` անդրադառնալով վերազինման եւ անվտանգութեան միջավայրի պահպանման ուղղուած քայլերուն։ Տեսլականը հրապարակուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ։ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեսլականը պաշտպանութեան ոլորտի եւ զինուած ուժերու զարգացման առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ

Զինուած ուժերու վերազինումը կը հետապնդէ քանի մը նպատակ.

– Առաջինը՝ այնպիսի ռազմական ներուժի ձեւաւորումն է, որ ոչ միայն պիտի զսպէ հակառակորդի ռեւանշիստական նկրտումները եւ զերծ պիտի պահէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու գայթակղութենէն, այլեւ այդ գայթակղութեան պարագային՝ զայն արագօրէն պիտի զրկէ պատերազմավարման կարողութիւններէն: Այդ ներուժը կոչուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացէն դուրս մղելու վերջնագրերու, նախապայմաններու եւ սպառնալիքներու բառապաշարը:

– Երկրորդը՝ վերազինումը նպատակաուղղուած է զինուած ուժերու ստորաբաժանումները այնպիսի շարժունակ, ժամանակակից եւ գերճշգրիտ զինատեսակներով համալրելուն, որոնք պիտի գործեն ինքնաշխատ կառավարման տիրոյթէն ներս եւ պիտի ապահովեն ստորաբաժանումներուն ապակեդրոնացուած ինքնուրոյն գործողութիւնները:

Շեշտադրելով որակական, այլ ոչ թէ քանակական ցուցանիշները` վերազինման իբրեւ արդիւնք ձեռքբերուող սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերուն տեսակները պէտք է գերազանցեն արդէն իսկ առկայ եւ փոխարինուող սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու (ՍՌՏ) տեսակներուն` կրակային հզօրութեան ու ճշգրտութեան, շարժունակութեան, պաշտպանուածութեան եւ արագ արձագանգման իրենց հնարաւորութիւններով:

– Երրորդը՝ վերազինումը նպատակ կը հետապնդէ հասնելու ՍՌՏ-ի առաւել երկարաժամկէտ եւ դիւրին՝ պակաս մարդկային միջոցներ պահանջող եւ մարդկային գործօնէն նուազագոյն կախում ունեցող շահագործման, սպասարկման ու կիրառման, ատոր իբրեւ արդիւնք՝ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան

yerakouyn.com/2020/06/10/միայն-արձագանգողի-դերին-մէջ-ըլլալը-պա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail