Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը 2 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը

Constantinople - Sainte-Sophia

Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը 2 Յուլիսին Պիտի Քննարկէ Ս. Սոֆիա Տաճարը Մզկիթի Վերածելու Հարցը

10 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կ.ՊՈԼԻՍ, ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Constantinople – Sainte-Sophia

Թուրքիոյ պետական խորհուրդը օրակարգի վրայ դրած է 1934 թուականին նախարարներու խորհուրդի` Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթէն թանգարանի վերածելու որոշումը ջնջելու հարցը: Գերագոյն դատարանը որոշումը պիտի տայ 2 յուլիսին նախատեսուող նիստի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Հապերթիւրք» կայքը:

Ս. Սոֆիա տաճարը, որ 1453 թուականին Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք մզկիթի վերածուած էր, 1931 թուականին աշխարհիկ հայեացքներ ունեցող Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ փակուած էր, իսկ 1934 թուականին վերաբացուած էր իբրեւ թանգարան:

Վերջին տարիներուն տաճարին` իբրեւ մզկիթ վերաբացուելու քննարկումները հետզհետէ աւելցած են, իսկ Թուրքիոյ պետական խորհուրդը ոչ մէկ անգամ մերժած է այդ պահանջը:

Constantinople – Sainte-Sophia-4

aztagdaily.com/archives/474790

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail