Քոնկրեսին Մէջ Կը Պատրաստուի Իրանի Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Միջինարեւելեան Երկիրներու, Ներառեալ Լիբանանի Ամերիկեան Օժանդակութիւնները Դադրեցնելու Կոչ Ուղղող Նախագիծ Մը
10 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Քոնկրեսի հանրապետական անդամները ներկայացուցած են Սուրիոյ, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու վերաբերեալ նախագիծ մը:
Քոնկրեսական Կրեկ Սթիոփ «Ֆոքս Պիզնըս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «նախագիծը կը ներառէ Միջին Արեւելքի մէջ երկիրներու, ներառեալ Լիբանանի ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելը»` աւելցնելով, որ նախագիծը տակաւին Քոնկրեսին չէ ներկայացուած, եւ օրէնսդիրները մտադիր են իրենց առաջարկները հրապարակելու այս շաբթուան ընթացքին:
Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը նշեց, թէ հանրապետական քոնկրեսականներ կը պատրաստեն Իրանի դէմ աւելի մեծ պատժամիջոցներ հաստատելու նախագիծ մը, որուն նպատակը «Իրանի ահաբեկչութիւնը դադրեցնելու եւ վարչակարգը սնանկացնելու աշխատանք տանիլն է»:
«Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու ամերիկեան օժանդակութիւնները Լիբանանին եւ այն երկիրներուն, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի վերահսկողութեան տակ են»:
aztagdaily.com/archives/474788