Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւները Չեն Պատրաստուիր Կրճատել Ոստիկանութեան Ֆինանսաւորումը»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներու Իշխանութիւները Չեն Պատրաստուիր Կրճատել Ոստիկանութեան Ֆինանսաւորումը»

10 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի չլուծարեն ոստիկանութիւնը եւ չեն պատրաստուիր կրճատելու գերատեսչութեան ֆինանսաւորումը: «Էյ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Մենք գերազանց ոստիկաններ ունինք, ես անոնցմով չափազանց հպարտ եմ: Պիտի չըլլայ ֆինանսաւորման կրճատում, պիտի չըլլայ մեր ոստիկանութեան լուծարում: Մեր ոստիկանութիւնը մեզի կ՛արտօնէ ապրիլ խաղաղ, մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ անոնց շարքերուն մէջ չկան վատ մարդիկ, երբեմն սարսափելի երեւոյթներու ականատես կ՛ըլլանք, ինչպէս վերջերս, սակայն անոնց 99 առ հարիւրը գերազանց մարդիկ են», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար եւ գլխաւոր դատախազ Ուիլիըմ Պարր նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ոստիկաններու ուժի կիրարկման չափանիշներու հարցին շուրջ պատրաստ են աշխատիլ իրաւապահներու հետ:

«Ինծի յայտնի է, որ ոստիկանութեան ղեկավարները մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն որոշ հարցերու մէջ ուժի կիրարկման վերաբերեալ յստակութեան եւ առաջարկներու նկատմամբ: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք ձեզի հետ միատեղ աշխատանքին», ըսած է Պարր:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամները երկուշաբթի օրինագիծ ներկայացուցած են, որ ուղղուած է ոստիկանական համակարգին մէջ զանգուածային բարեփոխումներու կատարման` ի պատասխան երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն:

Մինիափոլիսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Լիզա Պենտըր եւս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած էր. «Ոստիկանութեան կառոյցը, ինչպէս զայն Մինիափոլիս քաղաքին մէջ կը ճանչնանք, պիտի լուծարուի` վերակառուցելու համար հասարակական ապահովութեան համար նոր բնորդ մը, որ իրապէս մեր հասարակութիւնը անվտանգ կը պահէ»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ափրիկեան ծագում ունեցող անձերու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի փորձագէտներու աշխատանքային խումբը նամակ յղած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն` ափրիկեցի-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի մահուան վերաբերեալ ոստիկանութեան կողմէ ենթադրեալ խախտումներու մասին:

Ենթադրեալ խախտումներու մասին նամակները սովորաբար երկիրներու իշխանութիւններուն կ՛ուղարկէ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը, որպէսզի կառավարութիւնները պարզաբանեն ենթադրեալ խախտումներու էութիւնը եւ պատասխան ուղարկեն հետաքննութեան կարգավիճակի վերաբերեալ:

Ֆլոյտի ընտանիքի փաստաբան Պենճամին Քրամփ նախապէս նամակ յղած էր ՄԱԿ-ին` խնդրելով միջամտել միջադէպի հետաքննութեան եւ յանձնարարականներ տալ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանութեան համակարգային բարեփոխման վերաբերեալ: 3 յունիսին ափրիկեան ծագում ունեցող անձերու իրաւունքներու հարցերով ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբին ուղղուած նամակին մէջ Քրամփը եւ Ֆլոյտի ընտանիքը կը խնդրեն ՄԱԿ-ին հետաքննել զոհին մահուան հանգամանքները:

Միւս կողմէ, «Կանա Ուեսպ» հաղորդեց, որ Կանայի զբօսաշրջութեան, արուեստի եւ մշակոյթի նախարար Պարպարա Օթենկ-Կիասի յայտարարած է, որ ամէն սեւամորթ ամերիկացի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունեցող ցեղապաշտութեան պատճառով ցանկութիւն կ՛ունենայ այնտեղէն հեռանալու, կրնայ բնակութիւն հաստատել Կանայի մէջ: Ափրիկեան այդ երկրին իշխանութիւնները պատրաստ են ողջունելու բոլոր ցանկացողները:

Նախարարին համաձայն, «ցեղապաշտութիւնը Ամերիկայի մէջ մահաբեր համաճարակ է արդէն աւելի քան 400 տարիէ ի վեր», սակայն ափրիկեցի-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի մահը վերջ պիտի դնէ ցեղապաշտութեան ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի վրայ:

Կանայի կառավարութիւնը հանդէս եկած է «Վերադարձի սահմաններէն դուրս» նախաձեռնութեամբ, որուն նպատակը օգնելն է ափրիկեցիներուն սփիւռքէն վերադառնալ Կանա եւ ներդրումներ կատարել տնտեսութեան մէջ:

Constantinople – Sainte-Sophia

aztagdaily.com/archives/474787

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail