ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ – Հայ Ազգի ու Հայաստանի պայծառ գալիքին համար

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ – Հայ Ազգի ու Հայաստանի պայծառ գալիքին համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ – Հայ Ազգի ու Հայաստանի պայծառ գալիքին համար

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ»

10 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայ Ազգի ու Հայաստանի պայծառ գալիքին համար պայքարող, արձանագրուող ամէն կարգի ընկրկումի հաշւոյն տագնապող ու տառապող, այլեւ ժողովուրդի ու պետականութեան բոլոր ուժերը առաւելագոյն տնտեսումով եւ զօրաշաժով դէպի լուսաւոր ապագայ շղթայազերծող ՀԱՅՈՑ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԻ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ Ազգի ու Հայրենիքի անցեալի նուաճումներէն, նոյնպէս եւ ձախողութիւններէն վճռորոշ ԴԱՍԵՐ քաղելու ՀԱՅՈՒ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ համաշխարհային տարողութեամբ համավարակէն անճրկած մեր ժամանակներուն մէջ՝ ամէն բանէ աւելի պէտք ունինք ընդհանուր ցաւերուն ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ ԳՏՆԵԼՈՒ հաւաքական ինքնաճանաչման ու ինքնավստահութեան։
Յունիս 10ի այս օրը, 111 տարի առաջ, ատենի հայոց ամէնէն կենսունակ օրրանին՝ Պոլսոյ մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կեանքի կոչեց «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ» պաշտօնաթերթը, որ բնաւ «ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ» թերթ չեղաւ, «ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱ՛Ն» թերթ եղաւ եւ մեր ժողովուրդին ԱՒԱՆԴ յանձնեց ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ու ԱՆԿԱՇԱՌ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱԶԱՏ ԲԵՄ մը։

Բարի լոյս՝ «ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՇՏ ԱՐԹՈՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒՆ» հաւատացող գաղափարի նուիրեալներուն՝ ԳԱՂԱՓԱՐՈՎ ԿՆՔՈՒԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ի տես համավարակի դէմ պայքարի այս օրերուն թափ առած իշխանութեան աթոռակռիւին՝ ի վիճակի են վերանորոգուելու Սիմոն Զաւարեանի ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԳԱՄՈՎ․-

«Գիտակից կուսակցականը չի մոռնար երբեք, որ եթէ մի կէտով, մի շահով ան կապուած է կուսակցութեան հետ, երկու շահով կապուած է իր ազգի, իր հայրենիքի հետ, աւելի մեծ ու բազմաթիւ շահերով – Մարդկութեան հետ»։

Բարի լոյս՝ խուճապի մէջ անգամ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ անշեղ շարունակողներուն, որոնք կ՚արձագանգեն ԱՐԵԱՆ ԿԱՆՉԻՆ․-
«Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ»։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ – Հայ Ազգի ու Հայաստանի պայծառ գալիքին համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail