ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – 10 Յունիս 1909. Պոլսոյ «Ազատամարտ»ին ծնունդը եւ հայ մամուլին առջեւ բացուած նոր հորիզոնները
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
10 Յունիս 1909.
Պոլսոյ «Ազատամարտ»ին ծնունդը եւ հայ մամուլին առջեւ բացուած նոր հորիզոնները
10 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տուաւ մեզի: … Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ։ … Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք։
«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ՝ կանգնած ենք մահուան դէմ՝ մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամէնէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամէնէն հզօր սարսուռները»:
Այսպիսի՛ն էր գաղափարական կիզակէտը հայ մամուլի ամէնէն արժանաւոր յառաջապահներէն Պոլսոյ «Ազատամարտ» թերթին, որուն հրատարակութեան 111րդ տարեդարձը կը նշենք Յունիս 10ի այս օրը։
«Ազատամարտ»ի անդրանիկ թիւի խմբագրականէն չէ մէջբերուած անմահն պատգամի հնչեղութիւն ունեցող հրապարակագրական այդ դաւանանքը։ Այլ՝ առնուած է «Ազատամարտ»ի արժանաւոր խմբագրապետ Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի փառաբանութիւնը» անմահ յօդուածէն, որ աոաջնորդողը եղաւ Պոլսոյ անկրկնելի ՄԵՆՔի հրատարակած «Մեհեան» գրական հանդէսին։
10 Յունիս 1909ին «Ազատամարտ»ի առաջին թիւին հրատարակութենէն ասդին 111 տարի անցած է։ «Ազատամարտը աւելի քան դար մըն է, որ լոյս չի տեսներ… Բայց որքան ալ ժամանակի փոշին նստի հոս ու հոն պահպանուած «Ազատամարտ»ի հազուագիւտ հաւաքածոներուն վրայ, հայ մամուլի եւ հայ մտքի, հայ գրականութեան եւ արուեստի հին թէ նոր մշակները ի վերջոյ «Ազատամարտ»ի աւանդին կը դիմեն՝ երբ ծարաւը կ՚ունենան հայ ժողովուրդը ոգեւորող մայր աղբիւրի կենարար ջուրին…
Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները։ Աւելի ճշգրիտ՝ անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք ՀԱՅ ԹԵՐԹի յառաջապահն ու դրօշակիրը։
1908ի ամրան Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր հռչակուած էր։ Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը։
1890ականներու երկրորդ կիսուն, Համիտեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն ազատելու համար, Պոլսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը անմիջապէս վերադարձած էր ու ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլիսը վերագտած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը։
*
* *
Անդին՝ հայոց աշխարհին պարտադրուած երկփեղկման սահմանագիծին միւս կողմը, Արեւելահայաստանի տարածքին, բորբոքած էր Ցարական յետադիմութիւնը եւ անցած էր հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակման՝ բիրտ հարուածի տակ առնելով արեւելահայ զարթօնքի կենարար օճախ Թիֆլիսը։
Եւ եթէ 1900ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տուած արեւմտահայ միտքը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թիֆլիսը, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ կը բանար ցարական հաշուեյարդարէն խոյս տուող արեւելահայ մտքին առջեւ։
Թիֆլիսը, 1905ի Ռուսական Առաջին Յեղափոխութեան առաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտուելով, արագօրէն իր վրայ կեդրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պաքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծուած դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակութիւնը։
1906ին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի կամ թիֆլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները.- Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս եուսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ։
«Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909ի ցարական հալածանքին խստացումը՝ Դաշնակցութեան դէմ։ Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անուանափոխուելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով՝ ան շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918։
Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Իզմիրէն մինչեւ Սոֆիա ու Պալքաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին՝ դաստիարակչական եւ քարոզչական ազդու ներգործութիւն ունենալով հանդերձ։
*
* *
Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին մէջ կը տեղաւորուի ծնունդը «Ազատամարտ»ին։
Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տուաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոն։
10 Յունիս 1909ին լոյս տեսաւ «Ազատմարտ»ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ՝ դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերուն։
Ռուբէն Զարդարեանի վստահուեցաւ «Ազատամարտ»ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատուութիւնը։
Խմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղապապեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ։
Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ «Ազատամարտ»ի մնայուն աշխատակիցներուն շրջանակը, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զապէլ եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր։
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաներուն, փաստօրէն, միեւնոյն թերթի էջերուն միաւորեց դաշնակցական ոգին՝ ոչ միայն իբրեւ սոսկ կուսակցական պատկանելութիւն, այլեւ՝ իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ անմնացորդ նուիրում։
Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»ը եւ փակուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, այսուհանդերձ՝ անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ։
«Ազատամարտ» շուտով դարձաւ իր ժամանակի ամէնէն տարածուն օրաթերթը՝ մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով։
Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզուի գեղարուեստական մշակման ախոյեանը։
Ստեղծեց արժանահաւատ լրատուութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ։
Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդոյթ մշակեց։
Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն՝ անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզուամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարուեստական ճաշակին մակարդակը։
«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելուածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերու մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով՝ Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տուին Հայ Մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին։
Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելուածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով՝ կազմեց «Ազատամարտի սերունդ»ին փառքի դափնեպսակը Թէեւ թրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»ը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ 24 Ապրիլ 1915ին, բայց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918ին, ան վերահրատարակուեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա՝ «Արիամարտ» եւ հուսկ «Ճակատամարտ» անուններով, թրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ Հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը։
*
* *
111 տարի անցած է «Ազատամարտ»ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն անոր ժառանգորդ թերթերու ընտանիքին, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրչի հրապարակագրական բեմերուն համար, կոչումի եւ առաքելութեան ոգեշնչող անսպառ աղբիւր կը հանդիսանայ «Ազատամարտ»ի Աւանդը՝ անոր խմբագրապետ Մեծն Ռուբէն Զարդարեանի կտակած «ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ԵՆ» ՊԱՏԳԱՄՈՎ․-
ՊԱՀԱԿՆԵՐԸ ԱՐԹՈՒՆ ԵՆ
Յուսահատութեան չարագուշակ ուրուականը մոլորեցաւ օտար ափերէն դէպի ազատութեան պահակներ, որ շղթայակապ կը հսկէին բանտերու եւ ամրոցներու անլոյս գաւիթին մէջ։
Եւ երեւցաւ անոնց՝ մահուան ոգիին պէս, դաժան, անողոք ու անկարեկիր։ Սառ շունչով հպեցաւ անոնց սրտին՝ որ կը բաբախէր, անոնց թեւերուն՝ որ ծանր ու աւելի ուժեղ դարձած էին պողպատին մշտնջենական բեռան տակ։
Հայրենիքի յուսահատութեան նենգամիտ ոգին ուզեց չափել առաքինութեան խորութիւնը բոլոր անոնց՝ որ զոհողութեան բանակին յառաջընթաց ճակատը կազմեր էին։
Եւ ահա շղթաները շառաչեցին մթութեան մէջէն, ակռաները կափկափեցին սարսռագին եւ թշուառութեան անարիւն, բայց ազատութեան երդուեալ այդ հզօր շրթունքները բողոքեցին զարհուրանքով։
Զայրագին ու ահաւոր էր աղաղակը որ մթամած կամարներն ու վհատութեան նկուղները սասանեցուց։
Ինչպէս որ մատակ առիւծը իր քարանձաւին ցուրտ քարերուն կը քսէ կուրծքը եւ կը սողայ իր փորին վրայ՝ երկունքի տագնապին ատեն, այնպէս գալարուեցան բանտարկեալները՝ անէծքի ու մոռացութեան իրենց անկողիններուն վրայ, եւ բաշերնին ցցելով մութին ու թաց խաւարին մէջէն՝ եղերերգել սկսան։
– Նախատի՜նք բոլոր անոնց, որ տեղի կու տան օրհասական պայքարին մէջ եւ մեր բազուկներուն գերութենէն օգտուելով՝ կ՚արհամարհեն նաեւ մեր յաղթական հոգիներուն անսասան սպասումը։
Նախատի՜նք անոնց, որ յառաջապահ դրօշակիրներուն վիրաւոր անկումէն օգտուելով՝ գլխիկոր ծունկի կու գան ազատութեան ճամբուն վրայ եւ դիւցազներուն փառքը սակարկելով՝ իրենց ողորմելի գոյութիւնը ապահովել կը ջանան. ո՛չ, կ՚աղաղակենք մենք մեր բոլոր ուժով, ո՛չ, թող չենք տար. եւ եթէ մեր բռունցքները անզօր են ու մեր կամքերը լուծի տակ, օ՜հ, կը բարձրանանք կախաղան եւ մահուան բարձունքէն մեր արիւնոտ շղթաները իբրեւ երկնային վրէժխնդրութիւն՝ կը նետենք ձեր եւ տուշմանին մէջտեղը, գերեվաճառութեան շուկան դարձեա՜լ փառքի տաճարի փոխելով։
Որո՞ւ անունով լեցուցինք բերդերու, ամրոցներու եւ բանտերու այս մթին, այս ահաւոր խորշերը, ի՞նչ աստուածային սէր էր որ ճառագայթեց մեր հոգիին մէջ՝ մինչեւ մոռնալու համար մեր մայրերուն կաթը, մեր կիներուն ու զաւակներուն կարօտը, երբ մեզմէ շատերուն նահատակ մարմինը սիրելիի մը ձեռքն իսկ չլոգցուց եւ հօրենական պատանք մը իսկ չունեցաւ, որպէս զի անարգանքի դագաղին մէջ իրեն ընկերանար՝ իբրեւ անո՜ւշ յիշատակ, իբրեւ յետի՜ն մխիթարութիւն։ Ա՜խ, որո՞ւ համար, որո՞ւ համար։
Եթէ չէք խնայեր ձեր պատիւին, գէթ յարգանքն ունեցէք մեր տառապանքին վեհութեանը, գէթ խղճահարեցէք մեր որբերէն ու այրիներէն՝ որոնց ձեռքերէն բռնեցինք ու խածնելով մեր շրթունքները, զանոնք փողոցները ձգեցինք՝ մուրալու համար։
Ամօ՜թ անարիներուն, նախատի՜նք անձնասէրներուն. մենք համբուրելով մեր գլխուն դրինք այս շղթաները՝ որպէս զի հայրենիքին աչքերը ազատութեան առաւօտը ողջունեն։
Եւ ահա կը հայհոյեն հայրենիքի սրբազան ուխտին։
***
Յուսահատութեան ոգին՝ ակնապիշ. տժգոյն ու սարսափահար, կը դողդոջէր, կը ընկնէր եւ կը դիտէր այդ վսեմ երազատեսները, որոնց կուրծքերէն կեանքի եւ իտէալի անհուն յորձանքը կը թաւալէր եւ սպանդային այդ վայրը եդեմական պայծառութեան մը կ՚այլափոխէր։
Եւ Ոգին, աղջի՜կը մահուան, ձեռքերը երեսին տարաւ ամօթահար, կրունկին վրայ ետ-ետ գնաց… ու լացաւ։
Եթերային լոյս մը ճառագայթեց յանկարծ, ինչպէս բեւեռային արծաթազօծ ցայգալոյս մը անիմանալի հորիզոնի մը խորէն, եւ դէմքերը մեծաշո՜ւք, եհովայական, դէմքե՜րը կալանաւոր դիւցազներուն, բարձրացան դարձեա՜լ դէպի վեր, ցցուեցան գիսախռիւ բաշերը եւ շղթաները ղօղանջեցին խրոխտապանծ։
– Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնն ու ամօթը մեզմէ եւ մեր եօթը սերունդէն. մենք ուխտաւո՜րն ենք արիւնածին տօնին, մեր անուրներուն ձայնը գիշերային շեփորն է՝ կարմրածագ արշալոյսն աւետող, համբերութիւնը մերն է միայն, որովհետեւ մեր ուսերուն վրայ երկաթ շալկած ենք։
Մեր երեսները մոռցած են ծիծաղը, ու արցունքը մարմարեայ բիւրեղի պէս քարացեր է մեր հոգւոյն խորը. սորվեցանք այս դագաղէ պարիսպներուն եւ այս մահահոտ զնտանին, եւ պարիսպները, եւ զնտանը, ժանգահար շունչը որ մեր կուրծքէն ներս կ՚անցնի՝ կծու թոյնի մը պէս, կ՚օրհնենք զանոնք, որովհետեւ մեր հայրենիքին փառքը անոնց թեւերուն վրայ կը բարձրանայ։
Հեռո՜ւ մեր օճախէն ու հայրենիքէն, հեռո՜ւ մեր աչքերէն, ո՜վ վհատութեան թշուառական տեսիլք, հեռո՜ւ, վա՛տ տկարութիւն, որ անգամ մըն ալ կու գաս շղթայի զարնել մեր շղթայակապ ձեռքերը, որ կը փորձես ծանականքի մուրը քսել հպարտ ճակատներուն…
… Եւ վրէժխնդրութեան ահաւոր սաղմոսերգութիւնը կը դղրդէր բանտային մեռելական լռութիւնը։
․․․
Հայրենիքի Յուսահատութեան տժգոյն Ոգին դուրս ելաւ զարհուրանքով, թռաւ դէպի անորոշ ոլորտները եւ ինչպէս չղջիկ՝ վայելով՝ մութ գիշերուան մէջ.
– Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ