Ալիեւի Գրասենեակին Մէջ Աշխատող 14 Անձեր Վարակուած Են «Քորոնա» Ժահրով
11 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Ազրպէյճանի առողջապահական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ ազրպէյճանական վարչակազմին մէջ յայտնաբերուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած 19 անձեր, որոնցմէ 14-ը կ՛աշխատին նախագահ Իլհամ Ալիեւի գրասենեակին մէջ, իսկ հինգ անձեր` աշխատանքի նախարարութեան:
Իշխանութիւնները նշեցին, որ վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին կառավարութեան կողմէ ժահրի տարածման դէմ քայլերու մեղմացման զուգահեռ աճած են նոր վարակուածներու թիւերը, որոնք շրջանցած են ապաքինածները: Բարձրացած է նաեւ մահացածներուն թիւը:
aztagdaily.com/archives/474876