Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Մէկուկէս Միլիոն Տոլար Կը Վատնէ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Կատարած Անօգուտ Լոպիինկին Համար
12 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ –
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
15 Յունուար 2020ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը նորոգեց մեծ պայմանագիր մը Ուաշինկթընի մէջ գործող ամերիկեան «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» լոպիինկի ընկերութեան հետ, որուն ընդհանուր արժէքը, մէկ տարուան համար, 1 միլիոն 538 հազար տոլար է եւ կ՛աւարտի 31 Դեկտեմբեր 2020ին։ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ը քանի մը տարիէ ի վեր լոպիինկ կը կատարէ Թուրքիոյ կառավարութեան ի նպաստ։ Պայմանագիրը ստորագրած են Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քիլիչ եւ Ռապըրթ Մանկազ՝ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ի կողմէ։
Խախտելով Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան պահանջները, պայմանագիրին պատճենը չէ ներկայացուած Արդարադատութեան նախարարութեան օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնքի գրասենեակը մինչեւ 31 Մայիս 2020՝ պայմանագիրի ստորագրութենէն գրեթէ հինգ ամիս ետք:
2020 տարեշրջանին ընթացքին, Թուրքիոյ վճարած վարձատրութեան մեծ մասը «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» կը բաշխէ քանի մը ենթակապալառուներու, որոնք կ՛օգնեն գործադրուած լոպիական ջանքերու մէջ։ Ենթակապալառուներն են՝ «Քափիթըլ Քաունսըլ»ը (Capital Counsel), որուն կը վճարուի 432 հազար տոլար վարձատրութիւն, ««Էլ.Պի» Ինթըրնեշընըլ» (LB International)՝ 270 հազար տոլար եւ «Վընէյպըլ»ը (Venable)՝ 270 հազար տոլար։
«Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ին կը մնայ 566 հազար տոլար զուտ գումար։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարք մը այլ ամերիկեան լոպիինկի ընկերութիւններ վարձած է վերջին քանի մը տարիներուն։
Պայմանագիրով կը պահանջուի, որ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ»ը թրքական կառավարութեան մատուցէ հետեւեալ ծառայութիւնները.
«Թուրքիոյ՝ լոպիինկի եւ կառավարութեան հետ կապերու ծառայութիւնները, որոնք բաղկացած կ՛ըլլան այնպիսի ծառայութիւններէ, որոնք սովորաբար եւ կանոնաւոր ձեւով կը տրամադրուին օտար երկիրներ ներկայացնելու ատեն՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ գործադիրին մօտ։
Այս ծառայութիւնները պէտք է ներառնեն, բայց չսահմանափակուին.
ա. Առաջարկել եւ հետամուտ ըլլալ ընդունելու օրէնսդրութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան այլ գործողութիւններու, որոնք կը նպաստեն Թուրքիոյ շահերուն եւ կ՛ապահովեն թուրքերու, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու դրական պատկերը.
բ. Թուրքիոյ եւ թուրք ամերիկացիներու վերաբերեալ քոնկրեսական խումբի պահպանումը եւ ընդլայնումը.
գ. Քոնկրեսի եւ վարչակազմի անդամներու դաստիարակութիւն՝ Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ.
դ. Անմիջապէս տեղեկացնել Թուրքիոյ՝ Քոնկրեսին կամ գործադիրին մէջ Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ որեւէ գործողութեան մասին.
ե. Քոնկրեսի եւ գործադիրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու համառօտ վերլուծութիւններու պատրաստութիւն`Թուրքիան յուզող յատուկ հարցերու մասին.
զ. Պաշտօնական հաւաքոյթներու եւ հանրային իրադարձութիւններու բացայայտում, որուն պէտք է մասնակցի դեսպանատան անձնակազմը, հնարաւորութեան պարագային ստանալ անհրաժեշտ հրաւէրները.
է. Գտնել կամ կազմակերպել դեսպանատան անձնակազմի կամ աշխատողներու նշանակած կամ առաջարկած վստահելի մարդոց համար դասախօսական հանդիպումներ տեղական եւ պետական մակարդակի վրայ, բան մը, որ կը բարելաւէ Թուրքիոյ վարկը եւ յառաջ կը տանի անոր գործերը Քոնկրեսին մէջ։ Այս բոլորը կ՛իրականացուին, եթէ առաջնորդուի Թուրքիոյ կողմէ եւ համաձայնեցուած ըլլան Թուրքիոյ հանրային կապերու ծառայութեան մատակարարողներու հետ, եւ
ը. Պահպանել ու ձեւաւորել զինակցութիւն՝ շահագրգռուող այլ խումբերու հետ, որոնց նպատակները համահունչ են Թուրքիոյ նպատակներուն կամ Թուրքիան համակարծիք է ատոնց»:
Այնուհետեւ պայմանագիրով կը պահանջուի, որ «Կրինպըրկ Թրաուրիկ» համապատասխանէ հետեւեալ պահանջներուն.
«1) Անձնակազմի եւ այլ ծառայութիւններու մատակարարողներ, բացառութեամբ, ինչպէս նշուած է ստորեւ, «Կրինպըրկ» պէտք է կազմէ իր անձնակազմին խումբը` վերոնշեալ ծառայութիւններու մատուցման կարելի լաւագոյն արդիւնքներուն հասնելու համար: Անիկա ամէնէն արագ միջոցին մէջ Թուրքիոյ կը տրամադրէ անձնակազմի ցանկ՝ ներառեալ անոնց մասնագիտութեան ոլորտները եւ/կամ անոնց օգտագործման ձեւերը։ Այս ցանկը պարբերաբար կը թարմացուի՝ ըստ անհրաժեշտութեան:
2) Լրացուցիչ ծախսեր եւ առուծախ․ եթէ «Կրինպըրկ» Թուրքիոյ անունով կը կատարէ բացառիկ ծախսեր եւ առուծախ, որոնք նախատեսուած չեն վերոնշեալ վարձատրութիւններուն մէջ, Թուրքիա պէտք է հատուցէ այդ ծախսերը՝ պայմանով որ Թուրքիոյ կողմէ յստակօրէն նախապէս անոնք հաստատուին։
3) Ամսական հաշուետուութիւններ եւ կատարողականի եռամսեակային գնահատում. «Կրինպըրկ» պէտք է ամսական գրաւոր զեկոյց ներկայացնէ Թուրքիոյ՝ համառօտ կերպով նկարագրելով իր աշխատանքը Թուրքիոյ անունով։ Այս զեկոյցները պէտք չէ ներառնեն «Կրինպըրկ»ի խումբի առանձին անդամներու ծախսած ժամանակի հաշուարկները: Բացի այդ, իւրաքանչիւր եռամսեակ, կամ այնքան յաճախ, որքան փափաքի Թուրքիա, «Կրինպըրկ» Թուրքիոյ պէտք է ներկայացնէ նախորդ շրջանի ընթացքին իր կատարողականի վերաբերեալ գրաւոր գնահատական: Եթէ գնահատումը վերանայելէ ետք Թուրքիա գոհ չըլլայ «Կրինպըրկ»ի կատարողականէն, Թուրքիա կրնայ, իր հայեցողութեամբ, դադրեցնել սոյն պայմանագիրը՝ համաձայն ամրագրուած պայմաններուն»։
Թուրք հասարակութիւնը եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պէտք է տեղեակ ըլլան, որ իրենց կառավարութիւնը վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին իրենց հարկերէն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է՝ ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւններուն վճարելու համար: Այս գումարներու մեծ մասը անօգուտ կերպով ծախսուած է Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար այն ժամանակ, երբ երկրին տնտեսութիւնը քայքայուած է, թրքական լիրայի արժէքը խիստ անկում կ՛ապրի, իսկ Թուրքիա հարիւր միլիառաւոր տոլարներ պարտք է օտարերկրեայ դրամատուներուն։
Հակառակ Ամերիկայի մէջ լոպիինկի վրայ ծախսուած հսկայական գումարներուն, անցեալ տարուան աշնան Ներկայացուցիչներու տունը (ճնշող մեծամասնութեամբ) եւ Ծերակոյտը (միաձայնութեամբ) ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող բանաձեւեր: Միացեալ Նահանգներու լոպիինկի ընկերութիւնները իրենց արտասահմանեան յաճախորդներէն գումարներ կորզելու մեծ վարպետներ են։ Անոնք շատ համոզիչ կը խօսին, կը ներկայացնեն վարդագոյն զեկոյցներ, սակայն վերջաւորութեան չնչին գործ կ՛ընեն․․․
Ո՛չ Հայաստանի կառավարութիւնը, ոչ ալ Ուաշինկթընի ամերիկահայ կազմակերպութիւնները լոպիինկի ընկերութիւններ վարձած են՝ այդպիսով խնայելով իրենց գումարները աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքի գործածելու համար: Հայերուն պէտք չեն լոպիիստներ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համոզելու համար, որ իրենց դատը արդար է: Անկախ այն բանէն, թէ որքան գումար կը ծախսուի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը երբեք պիտի չկարենայ մաքրագործել իր գործած անցեալի եւ ներկայի նողկալի յանցագործութիւնները․․․
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/371280/Թուրքիոյ-Կառավարութիւնը-Մէկուկէս-Մի/