Աբօ Պողիկեան կը գրէ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

Աբօ Պողիկեան կը գրէ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

Աբօ Պողիկեան կը գրէ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

Աբօ Պողիկեան կը գրէ ֊ #Երեւան

Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

Աբօ Պողիկեան կը գրէ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

Համաճարակը աւերներ կը գործէ աշխարհի ամէն կողմ, նաեւ մեր հայրենիքի մէջ։ Այս աղէտը դիմագրաւելու համար միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը անվիճելի է։

Հանրութեան պաշտպանական բնազդին դիմելու կոչերը համակողմանի ու նպատակասլաց պէտք է ըլլան՝ վարակի տարածման դէմ արդիւնաւէտ պայքար ապահովելու համար։

Ազգի հնարաւորութիւններու նման համախմբում, նման կեդրոնացում իրականացնելու համար պէտք է ստեղծուի համապատասխան, համախոհական, առնուազն վտանգի ու սպառնալիքի տարողուեան հանդէպ համաձայնութեան մթնոլորտ։

Մեր այսօրուայ քաղաքական պայմանները, մօտիկ անցեալի ժառանգութիւնը, նեղ անձնական, խմբակային շահերով շարժողներու վիճակի անկայունացմամբ շահագրգռուածութիւնը կարելի դարձուցած է, որ մամուլի եւ հասարակական ցանցերու վրայ այնպիսի աղմուկ մը յառաջանայ, որ կը խլացնէ միասնականութեան կոչերը։

Այս աղմուկը մարելու արդիւնաւէտ մարտավարութիւն մը տեսանելի չէ հայկական երկնակամարի վրայ։ Ընդհակառակը, աղմուկը աւելի ահագնացնելու տանող քարոզչական անսանձելի ճակատումի մը վկաները կը դառնանք։

Պէտք է զգաստանանք բոլորս։

Իշխանութեանց դէմ անժամանակ պայքարի դուրս եկողներուն դաւաճանութեամբ մեղադրողները, որքան ալ համոզումով կը հնչեցնեն իրենց յայտարարութիւնները, պէտք է անդրադառնան, որ այդ ձեւով միասնականութեան հասնելու ճիգերուն կը խոչընդոտեն։

Եթէ հետապնդուած նպատակը հանրային լայն խաւերուն մօտ արմատացնել է միացեալ աշխատանքի գաղափարը, ապա պէտք է անխոցելի երեւալ խօսքի ու գործի մէջ, խուսափելով միասնականութիւնը ձախողեցնելու կարողականութիւն ունեցող ապառնական, մեղադրական, յարձակողական ոճով արտայայտութիւններէ։

Այսօրուան իշխանութիւնները ունին շռայլքը ժողովուրդի վստահութեան։ Ուրեմն, կրնան իրենց գործը յառաջ տանելով, լաւ եւ մաքուր կառավարում մատուցելով, համաճարակը սանձելու ծրագիրները իրականացնելով բաւարարուիլ, ընդդիմութեան բարձրացուցած աղմուկը ամբողջովին անտեսելով։

Միասնականութեան կոչի բարոյական իրաւունքը ունենալ յաւակնող որեւէ անձ, խմբակցութիւն, առաւել եւս իշխանութիւն, պէտք է կարենայ իր դէմ յարձակումներուն կիրքով ու թշնամութեամբ չարձագանգելու։ Նման իրավիճակի մէջ միայն միասնականութիւն ոգին կը յաղթանակէ, աղմկարարութիւնը կը մերժուի։

Աբօ Պողիկեան կը գրէ – Միասնականութեան մթնոլորտ ստեղծելու բանաձեւ

www.facebook.com/RadioYAN/photos/pb.132083776866728.-2207520000../4062246840517049/?type=3&theater

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail