Այցելութիւն Առաջնագիծ

23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Այսօր` Դեկտեմբեր 23-ին, ռուսաստանաբնակ վանքեցի մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղէն 9 ազատամարտիկներ «էյթի Վանք լես» ՓԲԸ-ի գործադիր տնօրէն, մոսկուաբնակ Սերկէյ Դարբինեանի գլխաւորութեամբ, այցելեցին Մարտակերտի N զօրամաս: Անոնց զօրամաս առաջներդեց Արցախեան պատերազմի N գումարտակի հրամանատար, ազատամարտիկ, «Արցախանտառ» ՓԲԸ Մարտակերտի մասնաճիւղի տնօրէն Իլյիչ Բաղրեանը:

Այցելուները հանդիպեցան զօրամասի հրամանատարական կազմին եւ հրամանատար Սամուէլ Գրիգորեանի հետ, որմէ ետք հրամանատարին ուղեկցութեամբ տարբեր ուղղութիւններով այցելեցին առաջնագիծ` շնորհաւորելու սահմանապահ զինուորներուն գալիք Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը:

Այցելուները դիրքերուն մէջ ծանօթացան զինուորներու առօրեային, եւ հիացան առաջնագիծի զինուորներուն մարտական ոգիով, բարձր մարտունակութեամբ: Անոնք Լեւոն Հայրապետեանի կողմէի առաջնագիծի զինուորներուն համար տարած էին նուէրներ` քաղցրաւենիք, միրգ, եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներ:
Խումբը ըլլալով առաջնագիծ մէկ անգամ եւս համոզուեցաւ, որ սահմանին կանգնած զինուորը զգօն է ու աչալուրջ` պատրաստ կասեցնելու հակառակորդին իւրաքանչիւր նախայարձակ գործողութիւն: Անոնք զինուորներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշեցին, որ հարկ եղած պարագային, իրենք պատրաստ են միշտ ըլլալ զինուորին կողքին եւ կռուիլ հակառակորդին դէմ:

Նախաձեռնութիւնը ողջունելի է, անիկա պիտի կրէ շարունակական բնոյթ, կը հաղորդէ Մարտակերտի շրջանի Ջրաբերդ պաշտօնաթերթը:
ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԱՌԱՋՆԱԳԻԾ1
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail