ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխարհբէկ Քալանթար (1884-1942) Հայկական հնագիտութեան մեծավաստակ Ռահվիրան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Աշխարհբէկ Քալանթար (1884-1942) Հայկական հնագիտութեան մեծավաստակ Ռահվիրան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Աշխարհբէկ Քալանթար (1884-1942).
Հայկական հնագիտութեան մեծավաստակ Ռահվիրան

11 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

78 տարի առաջ, 1942ի ենթադրաբար Յունիս 11ին, Ռուսաստանի խորերը՝ Չելիաբինսկի քաղաքի մերձակայքը, աքսորի մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք գիտնականը՝ հայկական հնագիտութեան հիմնադիրներէն վաստակաշատ հայագէտ Աշխարհբէկ Քալանթարը։

Խորհրդային եղեռնագործութեան՝ ստալինեան «մաքրագործումներուն» մեծ զոհերէն եղաւ հայագիտութեան այս հսկան, որ երկար տասնամեակներ անտեսումի եւ մոռացումի դատապարտուելէ ետք, Հայաստանի վերանկախացումով՝ իր կարգին տակաւ դուրս կը բերուի անյայտութեան փոշեծածկ դարաններէն։

Աշխարհբէկ Քալանթարի կատարած տիտանական գործն ու ժառանգութիւնը արդէն սկսած են լուսարձակի տակ բերուիլ եւ արժանի գնահատական ստանալ։

2005ի Դեկտեմբերին ի վերջոյ յուշատախտակ մը դրուեցաւ Երեւանի Տէրեան փողոցի թիւ 62 տան պատին՝ սերունդներուն վկայելու համար, որ «հայագէտ, հնագէտ, պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթարը 1935-38 թթ. ապրել է այս տանը»:

Իսկ 2007ին Հ.Հ. Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիան գիտական հրատարակութեան արժանացուց Ա. Քալանթարի կոթողական գործերէն «Հայաստան Քարէ դարից Միջնադար» անունը կրող ստուարածաւալ աշխատասիրութիւնը։ Նոյն այս գործը, Քալանթարի «Վանստանի արձանագրութիւնները» եւ «Նիւթեր հայկական եւ ուրարտական պատմութիւնից» անուն աշխատասիրութեանց հետ, անգլերէնով եւ երեք պատկառելի հատորներով, վերջերս հրատարակուեցաւ Փարիզի մէջ՝ «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքակրթութիւնները» հեղինակաւոր մատենաշարով, արժանանալով եւրոպական ու ամերիկեան մասնագէտներու բարձր գնահատանքին։

Հռոմի համալսարանի փրոֆեսոր, նշանաւոր ուրարտագէտ Սալվինին այդ առիթով գրեց, որ «Քալանթարի գիրքին հրատարակումով գիտութեան համար լիակատար ոչնչացումէ փաստօրէն կը փրկուի Վանի ուրարտական արձանագրութեանց մէկ հատուածը»:

Շիկաքոյի համալսարանի պրոֆեսոր, հնագէտ Ադամ Սմիթը գրեց, թէ «Քալանթարի կեանքն ու գործը կը բացայայտեն այն մնայուն կարեւորութիւնը, որ Հայկական լեռնաշխարհը ունի համաշխարհային պատմութեան մէջ»:

Իսկ «Ամերիկեան Հնագիտական Հանդէս»ը, Ա. Քալանթարի փարիզեան հրատարակութեան առաջին հատորին նուիրուած իր գրախօսականին մէջ, գրեց.- «Եթէ մինչեւ հիմա Լեման-Հաուպտն ու Մառը կը համարուէին Հարաւային Անդրկովկասի վաղ պատմութեան հետազօտութիւններուն նախաձեռնողները, ապա այս հատորը համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ, որ ոչ այլ ոք, քան Աշխարհբէկ Քալանթարն է եղած Հայկական Բարձրաւանդակի հնագիտութեան մանրակրկիտ կերտողը»:

– Աշխարհբէկ Քալանթար (1884-1942) Հայկական հնագիտութեան մեծավաստակ Ռահվիրան

*
* *

Բարձրարժէք տարողութեամբ եւ վաստակով արժէք է Աշխարհբէկ Քալանթար, որ ծնած է 1884ի Փետրուար 11ին, Լոռիի Արդուին գիւղը։

Լոռիս-Մելիքներու նշանաւոր գերդաստանէն սերած է: Թիֆլիսի «Ներսիսեան» դպրոցին մէջ իր ստացած նախնական կրթութիւնը շարունակած եւ ամբողջացուցած է Սան Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ:

Հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ձեռնարկած է կանուխէն՝ ուսանողական շրջանէն, 1907ին մասնակցելով իր ուսուցիչին՝ Նիկողայոս Մառի ղեկավարած Անիի պեղումներուն:
Աւելի ուշ, Լոռիի հարուստ վիմագրական եւ հնագիտական՝ իր հետազօտած նիթերուն մասին զեկուցումով հանդէս եկած է Սան Փեթերսպուրկի մէջ։

Իսկ 1914ին, Անիի 13րդ հնագիտական արշաւախումբի ղեկավարումը Մառը վստահած է, իր բացակայութեան, Աշխարհբէկ Քալանթարի: Այդ աշխատանքներու արդիւնքով՝ Անիէն 6000 հնագիտական իրեր տեղափոխուած են Արեւելեան Հայաստան ու փրկուած ոչնչացման այն ստոյգ վտանգէն, որ թրքական ձեռամբ հետագային բաժին հանուեցաւ Անիին։

Աշխարհբէկ Քալանթարը Սան Փեթերսպուրկի Հնագիտութեան Ինստիտուտի անդամ էր, Ռուսաստանի Կայսերական Հնագիտական Ընկերութեան անդամ: Եւ երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, Ա. Քալանթար առաջին արձագանգողներէն եղաւ հայոց Պետական Համալսարանը հիմնելու Նիկոլ Աղբալեանի նախաձեռնութեան։ Եկաւ ու հաստատուեցաւ Երեւան՝ Պետական Համալսարանի հնագիտութեան բաժնի հիմնադիրը դառնալով եւ այդ նիւթով հայերէն առաջին դասագիրքը պատրաստելով։

Ինչպէս որ մշակութաբան եւ պատմաբան Գրիգոր Կարախանեան կը վկայէ՝ «Ա. Քալանթարի կեանքին ու գործունէութեան ամենա-առանձնայատուկ կողմը, որ աւելի ուշ թերեւս ճակատագրական եղաւ, մասնակցութիւնն է հայ ազգային-ազատագրական շարժմանը: 1915ին նա մտնում է զօրավար Անդրանիկի կամաւորական գունդ` մասնակցելով ռազմական գործողութիւններին եւ դառնում Անդրանիկի թարգմանիչ-խորհրդականը»:

Ա. Քալանթարի վաստակը վճռորոշ եղաւ հայ հնագիտական դպրոցի հիմնադրութեան մէջ: Ան դասախօսական աշխատանքներ կատարեց, սկիզբը, Թիֆլիսի Անդրկովկասեան համալսարանին մէջ: Ապա՝ Երեւանի մէջ, շուրջ երկու տասնամեակ։ Խորհրդային կարգերու պարտադրման խուժանային տարիներուն, Քալանթար եղաւ նաեւ հայ ազգային այն քաջարի հեղինակութիւնը, որ ամբողջ հասակով ծառացաւ եւ պայքարեցաւ հայ մշակոյթի եւ հայկական քաղաքակրթութեան նիւթեղէն ժառանգութիւնը քանդելու, աւերելու կամ փոշիացնելու պոլշեւիկեան բարբարոսութեանց դէմ։

Ա. Քալանթար, Ալեքսանդր Թամանեանի եւ Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանի հետ, դրօշակիրը հանդիսացաւ «Հնութիւնների Պահպանութեան Կոմիտէ»ի ստեղծման։ Այդ կեդրոնին շուրջ համախմբուեցան Մարտիրոս Սարեան, Ալեքսանդր Թամանեան, Գարեգին Վրդ․ Յովսէփեան եւ Թորոս Թորամանեան. իսկ Քալանթար եղաւ կեդրոնի գիտնական քարտուղարը:

Նոյն Կոմիտէի գիտնական քարտուղարի իր գործունէութեամբ, Քալանթար անգնահատելի ծառայութիւն մատուցեց հայ նիւթեղէն, յուշարձանային մշակոյթի ոչ միայն ուսումնասիրութեան, այլեւ պահպանումին:

Յայտնի են անոր ջանքերը, Ալեքսանդր Թամանեանի հետ միասին, Երեւանի միջնադարեան հոգեւոր երկու հրաշալի յուշարձաններուն` Սբ. Պօղոս-Պետրոս եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու դէմ սկսած պոլշեւիկեան քանդումը կանխելու եւ կասեցնելու մէջ։

Բայց անոնց բազմաթիւ դիմումներն ու յորդորները` այդ կառոյցները որպէս ճարտարապետական բացառիկ արժէքներ պահպանելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, ապարդիւն անցան. հայ մշակոյթի այդ նիւթեղէն հարստութիւնները կարելի չեղաւ քանդումէ փրկել, բացառութեամբ Կաթողիկէէն մնացած ներկայ հատուածին։

*
* *

Հայ մշակոյթի պահպանման ի խնդիր իր մղած այդ բուռն պայքարին համար, Աշխարհբէկ Քալանթար… վճարեց շատ ծանր գին։

1938ին բանտարկուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի Ուրալեան շրջանը, ուր եւ 1942ի յունիսեան այսպիսի օր մը առյաւէտ փակեց՝ Քարէ դարէն մինչեւ Միջնադար հայկական քաղաքակրթութեան նիւթեղէն նուաճումներով հմայուած իր խորաթափանց եւ հմուտ գիտնականի աչքերը։

Ա. Քալանթար հայոց սերունդներուն կտակեց աւելի քան 80 մեծարժէք աշխատասիրութիւններ հաշուող պատկառելի ժառանգութիւն մը, որուն մեծ մասը տակաւին անտիպ կը մնայ։
Մեծարժէք այդ գիտահետազօտութեանց շարքին ամէնէն ուշագրաւներն են՝

– Միջնադարեան վանական համալիր Վանստանի մէջ 1912ին Ա. Քալանթարի հաւաքած վիմական արձանագրութիւնները,

– 1917ին Վանի գիտարշաւի ժամանակ հաւաքուած ուրարտական արձանագրութիւնները,

– 1920ին Կարսի նահանգին մէջ անոր ղեկավարած խմբարշաւի ընթացքին հաշուառուած բոլոր յուշարձանները, հաւաքուած վիմագիր արձանագրութիւնները, գիտնականի օրագիրներուն մէջ ամփոփուած տեղեկութիւնները տուեալ տարածքի հայկական յուշարձաններուն մասին, որոնք ըստ էութեան դարձած են վերջին ներկայացումները` անոնց թուրքերու կողմէ հետագային բարբարոսաբար ոչնչացուելու պատճառով:

Առանձին գիտական հետաքրքրութեան արժանի նիւթեր են 1920-30ականներուն Ա. Քալանթարի կատարած դաշտային աշխատանքներու արդիւնք` հին եւ միջնադարեան Հայաստանի նիւթեղէն մշակոյթի ուսումնասիրութեան վերաբերեալ գործերը` «Քարէ դարը Հայաստանում», «Հին Վաղարշապատի պեղումները», «Մի հնագոյն ջրաբաշխական համակարգ Խորհրդային Հայաստանում», «Արագածը պատմութեան մէջ», «Երեւանի Կաթողիկէի պատմահնագիտական արժէքը» եւ այլն:

– Աշխարհբէկ Քալանթար (1884-1942) Հայկական հնագիտութեան մեծավաստակ Ռահվիրան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail