ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Տրովադայի ձին բերդէն ներս սահած է, մեր մէջ է արդէն – Ժամանակն է ահազանգը լսելու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Տրովադայի ձին բերդէն ներս սահած է, մեր մէջ է արդէն: Ժամանակն է ահազանգը լսելու»:
12 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ օտարացման եւ ձուլման դէմ ԱՀԱԶԱՆԳը հայրենամերձ գօտիի հայօճախներէն հնչեցուցած ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ, որուն կը պարտինք ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐը քաղաքական եւ յեղափոխական հունով վերանորոգելու ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔը։
Բարի լոյս՝ 1960ականներէն սկսեալ հոսանքին դէմ ԾԱՌԱՆԱԼՈՒ մարտունակութիւնը մեր սերունդներուն մէջ սերմանած հայ մտքի եւ մշակոյթի, հայ գրականութեան եւ գաղափարապաշտութեան ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց յառաջապահ դիրքերուն վրայ միշտ արթուն հսկող ՊԱՀԱԿՆԵՐԷՆ եղաւ մեր ժողովուրդին կողմէ այնքա՜ն սիրուած մեծ քնարերգակը։
Յունիս 12ի այս օրը, 30 տարի առաջ, վախճանեցաւ գրական, մանկավարժական եւ հրապարակագրական բոլոր թէժ ճակատներուն վրայ ՆՈՐ ՀԱՅՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ առաքելատիպ պատգամաբերը, որուն յուզաշխարհով վերանորոգուելու հնարաւորութիւնը ընձեռուած է Յուշատետրի այսօրուան գրառումով։
Բարի լոյս՝ բոլոր անոնց, որոնք գաղափարական իրենց մղումը ստացան Մ․ Իշխանէն եւ իրենց կարգին ահազանգ հնչեցուցին, թէ՝
«Մեր պաշտպանած հոգեկան բերդի պարիսպները խոշոր ճեղքեր ստացած են: Տրովադայի ձին բերդէն ներս սահած է, մեր մէջ է արդէն: Ժամանակն է ահազանգը լսելու»:
Բարի լոյս՝ ՎՏԱՆԳԸ ՈՒՂԻՂ ՃԱԿՏԷՆ դիմագրաւելու իրատեսութեամբ ԸՆԴԴԷՄի տուայտանքէն վեր կանգնելու եւ, ՅԱՆՈՒՆ Ազգի եւ Հայրենիքի երթին, ՆՈՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐ արարելու ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ, որ մղիչ ուժ դարձաւ Մուշեղ Իշխանի ընթերցողներուն համար։
Բարի լոյս՝ այսօր եւս ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հունաւորող Մ․ Իշխանի այն ԱՀԱԶԱՆԳին, թէ՝
«Մենք որ մեր հայու իսկութիւնը պահելու գերագոյն պատերազմը կը մղենք, մենք որ իբրեւ մարդ ապրելու եւ կեանքէն հաճոյք զգալու համար իբրեւ հայ կ՚ուզենք շնչել, ընդունեցէք որ իրական ողբերգութիւններու առջեւ կը գտնուինք յաճախ: Ողբերգութիւնը հայ հօր, որ իր զաւակի աչքերուն մէջ կը նայի եւ հոն չի գտներ ինքզինք` իր հոգիին հայեցի պատկերով»։
Մուշեղ Իշխան բառին խորագոյն իմաստով ԼԻԱՐԺԷՔ ԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀՈՒԹԵԱՄԲ ընդառաջեց Հայաստանի եւ Հայութեան ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ, ԻՆՔՆԱԴՐՍԵՒՈՐՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ մարտահրաւէրներուն։
Սիրեց եւ սիրցուց ՀԱՅն ու ՀԱՅԵՑԻն՝ անոնց մէջ խտացնելով ՄԱՐԴն ու ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆը։
Եւ իր ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ մէջ ՍԵՐՈՒՆԴ ոգորելու ամէն հիմք ունեցաւ Մուշեղ Իշխան, որովհետեւ հաւատաց եւ իր կենդանի օրինակով հաւատք ներշնչեց, թէ՝
«Դաշնակցութեան տունը ոգի է, ներշնչարան․
Պանթէոն, հանդիսարան է ամուր։
Հոն մտնողները հպարտ են իրմով․
Հոն ապրողները կը գտնեն ոյժ եւ կազդուր»։
Բարի լոյս՝ իրենց թմբիրէն ի վերջոյ արթնցող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք պիտի վերականգնեն ՄԵՐ ՏՈՒՆը եւ զայն վերադարձնեն այլասերման ԱՀԱԶԱՆԳը այսօր եւս – ու աւելի ծանրութեամբ – դիմագրաւող ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ