ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մուշեղ Իշխան (1914-1990)․ Աշխարհի ցաւով արիւնող սրտին» բանաստեղծը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Մուշեղ Իշխան (1914-1990)․
«Աշխարհի ցաւով արիւնող սրտին» բանաստեղծը
12 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
Ապրող մեր սերունդներուն ամէնէն սիրուած ՈՒՍՈՒՑԻՉն է ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ գրչանունով հայ գրականութեան մէջ անմահացած ՄԵԾ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾը, որուն մահուան 30րդ տարելիցը ազգովին կ՚ոգեկոչենք Յունիս 12ի այս օրը։
«Պարոն Մուշեղ»ը – ինչպէս որ հազարաւոր իր աշակերտները կը սիրեն զինք պատկերացնել ու կոչել իրենց յուշերուն մէջ – շատերուս կը պատկանէր՝ իրեն աշակերտած չըլլալով հանդերձ։
ԻՆՔՆԱԿԵՐՏՄԱՆ ուսուցիչ էր ան բոլորիս համար՝ ՄԱՐԴու, ՀԱՅու, ՆԿԱՐԱԳԻՐի, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆի, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆի եւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆի իր որքան հասանելի, նոյնքան պարզ ու խորունկ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ՝ դաստիարակիչ կենդանի օրինակով։
Ոչ միայն ամէնօրեայ իր դասաւանդումներով, գրական իր ստեղծագործութիւններով եւ հրապարակագրական իր լուսաւորիչ խորհրդածութիւններով, այլեւ՝ անմիջական ու խորհրդատու խօսակիցի, հոգածու հօր, անկեղծ ընկերոջ, միայն բարին ու լաւը ցանկացող եւ, մանաւանդ, իւրաքանչիւրիս մէջ ԵՍի եւ ՄԵՆՔի ինքնուրոյն շաղախն ու համադրումը յարգող իր ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ, Մուշեղ Իշխան իր շուրջ տարածեց եւ ցմահ պահպանեց ՀԱՐԱԶԱՏԻ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆը։
Բարի իր ժպիտը բնաւ արգելք չեղաւ, որպէսզի Մ․ Իշխան ի հարկին անվարան խստապահանջութեամբ ուղղէ մեզ բոլորս։
Իր սերունդին հետ լիովին, ցմրո՛ւր ճաշակած ըլլալով թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայութեան արմատախիլ ու հողմացրիւ կեանքի դժուարութեանց եւ դառնութեանց աղէտահամ բաժակը՝ Մուշեղ Իշխան իրաւունքը ստացած էր, «աշխարհի ցաւով արիւնող սիրտ»ի տէր բանաստեղծի ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՄԲ, բառերը առանց ծամծմելու արտայայտուելու ՑԱՒՑՆՈՂ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆՑ մասին։
*
* *
Ինչպէս որ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»ի կայքէջը ամփոփած է կենսագրութիւնը՝
«Մուշեղ Իշխան (Ճենտերէճեան) ծնած է Սիվրի-Հիսար, 1914ին։
«1915ին Սիվրի-Հիսարի բնակչութեան հետ կը բռնէ աքսորի ճամբան եւ 1924ին կը հասնի Դամասկոս։ Հոն կը յաճախէ Հայոց Ազգային Վարժարանը մինչեւ 1928։
«Կ՚անցնի Կիպրոս՝ «Մելքոնեան» վարժարան, ուր կը մնայ երկու տարեշրջան՝ աշակերտելով Յ. Օշականին։
«1930ի արձակուրդին Պէյրութ կու գայ եւ կը դառնայ գիշերօթիկի սան՝ նորաբաց Հայ Ճեմարանին, զոր կ՚աւարտէ հինգ տարի ետք ու կը դառնայ Ճեմարանի ուսուցիչ։
«1938ին կը մեկնի Պելճիքա, ուր երկու տարի կը հետեւի մանկավարժութեան եւ գրականութեան ճիւղերուն։
«1940ին կը վերադառնայ Պէյրութ։ Դարձեալ ուսուցչութեան կը նուիրուի՝ դասաւանդելով հայ լեզու, հայ գրականութիւն, մանկավարժութիւն եւ հոգեբանութիւն։
«Դպրոցը, դասը, գիրքն ու գրականութիւնը կը դառնան Մ. Իշխանի աշխարհը։
«1932ին, «Հայրենիք»ի մէջ իր առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս տեսնելէ ետք, ան հաւատարիմ կը մնայ գրողի իր կոչումին՝ քանի մը տարին անգամ մը հրատարակելով բանաստեղծական փունջեր եւ արձակ կտորներ։
«Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործութեան ներքին ազդակը տարագիր հայու պայքարն է ուծացման վտանգի դէմ՝ յանուն սեփական դիմագիծի պահպանման։
«Անոր բանաստեղծութիւններու հատորներէն են՝ «Տուներու երգը» (1936), «Հայաստան» (1946), «Կեանք ու երազ» (1949), «Ոսկի աշուն» (1963), «Տառապանք» (1968) եւ այլ ժողովածուներ։
«Արձակ գործերէն են՝ «Հացի եւ լոյսի համար» (1951), «Հացի եւ սիրոյ համար» (1956), «Մնաս բարով, մանկութիւն» (1974) վէպերը։
«Բազմահատոր գրական երկերու կողքին՝ Մ. Իշխան պատրաստած է «Հայ Գրականութիւն» եռահատոր դասագիրքը։
«1941-51 ժամանակաշրջանին վարած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը։ Գրական ստեղծագործութեան զուգահեռ կը ստորագրէ կրթական եւ ազգային հարցեր արծարծող յօդուածներ։
«1951-52 տարեշրջանին՝ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեանի կողքին կը սկսի գործել իբրեւ կրթական պատասխանատու։
«Կը մահանայ 12 Յունիս 1990ին»։
*
* *
Ահա՛ հասկաքաղ մը Հայու Հոգիին ու Հայ Լեզուին նուիրուած Մուշեղ Իշխանի բանաստեղծութենէն․
ՀԱՅ ՄԱՅՐԻԿԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
Ալ կը բաւէ՛, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես:
Թող պալատներ վայելեն մեծահարուստն ու արքան,
Մեզ արժանի ըրէ, Տէ՛ր, մեր խրճիթին աննշան:
Ո՛չ հանգիստ կայ, ոչ ալ քուն ցուրտ յարկին տակ օտարին,
Ա՜խ, եօթն օրէն աւելի հիւր չպահես ո՛չ ոքին:
Ծիծաղն է լաց, երբ մարդուն չի տար իր տունն արձագանգ,
Եւ արցունքն ալ՝ դառն հեգնանք, երբ չկան երդ ու փականք:
Տո՛ւր որ, Աստուա՛ծ, ամէն սիրտ վառի իր սուրբ օճախէն,
Որ չմարի մոմի պէս կեանքի դաժան հովուն դէմ:
Տո՛ւր որ ամէն ուռճացող մատղաշ հասակ իր կարգին
Զգայ յանկարծ ուսերուն բեռն իր անուշ երդիքին:
Ծնող մանուկն առջի յեղ տեսնէ տնակն հայրական
Եւ ծերունին իր տան մէջ փակէ աչքերն յաւիտեան:
ՄԵԾ ԸՆԾԱՆ
Հայրս կ՚ըսէ՝ Մասիսն է լոկ մեծ ընծան,
Որ դուն կրնաս օր մը բերել հայ տղոց.
Որուն մէջ կայ ամէն բան –
Աստղ ու լուսին ոսկեզօծ,
Կրակ ու բոց.
Հսկայ շուներ պահապան,
Շղթայակապ հին քաջեր
Ու հրեղէն նժոյգներ…
Կաղանդ պապա, ես այդ Մասիսը կ՚ուզե՛մ
Դի՛ր անիւներ ոտքիդ տակ
Ու համարձակ քշէ՛ մեր տունը շիտակ,
Բեր ինձ նուէրն այդ վսեմ:
ՎԱՂՈՒԱՆ ՏՈՒՆԸ
Բոլորի՜ն դէմ դուռըդ բա՛ց պիտի ըլլայ շարունակ
Եւ լեցընեն պիտի քեզ ամէն առտու, երեկոյ
Շէնշող քրքիջ ու զրոյց, երգերու ձայն ու նուագ,
Բայց եւ խաղա՜ղ, լո՜ւռ պահեր՝ մտերմութեան ու սիրոյ:
Եւ երբ անցնին առջեւէդ աղջիկ, տղայ, փոքր ու մեծ՝
Պիտի կենան ու ըսեն անոնք իրար ժպտալիր.
– Ա՛յս է ահա տունը մեր բանաստեղծին, որ երգեց
Տուներու Երգն ու երկա՜ր տառապեցաւ տարագիր…
ԿՏԱԿ
Դեռ չհասած իմ վաստակիս վախճանին,
Կտակս ահա քեզի ընծայ գերագոյն
Կը ծրարեմ անցեալս ամբողջ այս պահուն
Եւ գալիքին ոսկեղէն յոյսն ալ անգին…
Երբ զայն քակես օր մը ձեռքով դողահար,
Հոն չգտնես գուցէ ինչ որ յուսացիր,
Բայց ես կ՚ուզեմ որ դուն ըլլաս ջահակիր
Հօրենական մեծ աւանդի մը պայծառ:
Ո՛չ գանձ ունիմ, ո՛չ պարտէզներ ու պալատ,
Ո՛չ իսկ խրճիթ եւ կամ խոպան ափ մը հող,
Այլ կը յանձնեմ քեզի երազ մ՚այգաշող
Եւ փառքն անբիծ Հայ անունին հարազատ…
Կտակս ահա… շա՛տ աւելին դուն ունիս
Քան աշխարհի բոլոր գանձերն անցաւոր.
Հայ դարերու փոթորիկէն ահաւոր
Կը ժառանգես դուն ալեկոծ իմ հոգիս…
Աւարտ մարտի խոնջ պսակին փոխարէն՝
Ոգեծփուն ու վառ դրօշ մը քեզի,
Որ զայն պարզես քո՛ւ բազուկով քաջարի
Յաղթանակիդ լերան ազատ կատարէն:
Մեր տառերուն աստղերն ըրած ճակտիդ թագ
Եւ շրթներուդ՝ աղօթքն անմահ Հայ երգին,
Եղի՛ր միշտ տէր իմ սրբաշունչ կտակին –
Հաւատքի սիւն եւ նոր Ուխտի Տապանակ…
ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ՏՈՒՆՆ Է ՀԱՅՈՒՆ…
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կ՚ըստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Քանի՜ դարեր եւ քանի՜ ճարտարապետ հանճարներ
Աշխատեցան անոր տալ վեհութիւն, գեղ ու պերճանք,
Քանի՜ գեղջուկ բանուորներ տքնեցան տիւ եւ գիշեր,
Որոնք թաղուած են հիմա մոռացութեան մութին տակ։
Մշտանորոգ ու միշտ հին՝ ան կը տեւէ դարէ դար,
Իր ճրագները՝ միշտ լոյս, իր օճախին հուրը՝ վա՛ռ,
Բարիքներով անսպառ լեցուն ամբարն ու մառան։
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյն իսկ մթի՜ն ապագան…
Տես՝ Հայ հոգին – Մուշեղ Իշխան
Երաժշտ․ ԿՈՄԻՏԱՍ
Ասմունք․ ԿԱՄՕ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
*
* *
Նաեւ Աշխարհի ու հայ ժողովուրդի ցաւով արիւնող Մուշեղ Իշխանի սիրտէն բանաստեղծական փունջ մը՝
ՀԱՄԵՐԳ ՈՂԲԱԳԻՆ
Լսէ զգոյշ խեղդուած ողբը թաքուն
Յոյսի անձէթ ճրագներուն փշրուող.
Լսէ՜ լեզուն սիրոյ վերջին բոցերուն,
Ուր կ՛ըլլան հող խինդ ու երազ լուսաշող:
Բայց համերգին մրճահարող շեշտը գոռ
Սուգն է ահեղ որդեկորոյս մայրերու
Եւ որբ տղոց կարօտի կանչը մոլոր՝
Կեանքի անհաշտ պայքարին մէջ ահարկու:
Կր բարձրանա՜յ, կր բարձրանայ օրն ի բուն
Տառապանքի նուագն ալիք առ ալիք
Եւ ճիպոտի մը չափին տակ գերագոյն
Մերթ կ՛ըլլայ ողբ, մերթ մռնչող փոթորիկ…
ՍԻՐՏՍ Կ՚ԱՐԻՒՆԻ
Սիրտս կ՚արիւնի աշխարհի ցաւով,
Որքա՜ն տառապանք, Աստուա՛ծ իմ, չորս դիս
Կեանքի դաշտերից փչող ամէն հով
Հառաչ ու կսկիծ կը զարնէ դէմքիս:
Սրի ու սովի կը դառնան աւար
Լոյսի պէս պայծառ մանուկներ սիրուն,
Եւ ոտքի կոխան հասկեր անհամար
Աշխատաւորի քրտինքով օծուն:
Ես ինչպէ՞ս նստեմ խնջոյքի սեղան,
Եւ ըմպեմ ուրախ վայելքի գինին,
Երբ որ կը խլեն մարդիկ անվարան,
Որբի բերանից պատառը հացի:
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾ
Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Մոմի լոյսով՝ խաւարի մէջ համատարած,
Կը հալածես դու տեսիլքներ արեւավառ,
Կը խարխափիս եւ խաւարին չես հաւատար…
Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած,
Քու ձեռքերովդ հողին կու տաս կեանքեր ծաղկած,
Կը զգաս դէմքիդ մահուան քամին եւ հողմավար,
Կ՛իյնաս անշունչ, սակայն մահուան չես հաւատար…
Տես՝ Տարօրինակ Մարդ Արարած – Արթուր Մեսչեան
https://www.youtube.com/watch…
ԿԸ ԿՈՉՈՒԻՆՔ ՄԱՐԴ
․․․Աստղաբնակ իմ եղբայր,
ինչպէ՜ս պատմեմ, որ դուն շիտակ հասկնաս,
մենք կ՚աղօթե՛նք հանապազ
խաղաղութեան եղբայրութեան կարօտով,
բայց որպէսզի մեր կեանքն ըլլայ ապահով՝
բազմաշնորհ սա ձեռքերով դիւրաբեկ
մենք կը սպաննենք մէկզմէկ,
մենք կը մորթենք պզտիկ ու մեծ անխնայ,
մինչեւ մեր շուրջ արիւնը տաք ծովանայ,
մինչեւ մեր սիրտն հովանայ,
բայց դէմքը մեր միշտ կը մնայ անաղարտ
եւ կը կոչուինք մենք հոն ՄԱՐԴ…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ