Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու միացեալ հաղորդագրութիւն
12 ՅՈՒՆԻՍ 2020 –
Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն լիբանանահայութիւնը դաւաճան նկատող կազմակերպուած արշաւները, որոնք կը գործադրուին արտաքին կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող ելեկտրոնային բանակներու կողմէ։
Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն համայնքային, յարանուանական թէ ցեղային ամէն տեսակի գրգռութիւն, որ մարդկային ու բարոյական հիմքերէն հեռու է։
Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները նկատել կու տան, որ այս ուղեգիծով շարունակելը կը վտանգէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կը սպառնայ համայնքներուն ու կրօններուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան։
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւն
ՍԴՀԿ Տխրունի ուսանողական երիտասարդական միութիւն
ՌԱԿ ուսանողական երիտասարդական միութիւն
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
Քարամա հոսանքի երիտասարդական միութիւն
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
Ամալ շարժումի երիտասարդական եւ մարմնակրթական միութիւն
Մարատա հոսանքի ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւն
Ղովմի կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւն
Իթթիհատ կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական միութիւն
horizonweekly.ca/en/լիբանանեան-երիտասարդական-եւ-ուսանող/