Ազրպէյճանցի Քաղաքական Ներգաղթեալներու Ցոյց Մերքելի Նստավայրին Մօտ. «Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ»

Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ

Ազրպէյճանցի Քաղաքական Ներգաղթեալներու Ցոյց Մերքելի Նստավայրին Մօտ. «Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ»

13 ՅՈՒՆԻՍ 2020 –

Գերմանիոյ մէջ ապրող ազրպէյճանցի խումբ մը քաղաքական ներգաղթեալներ 11 յունիսին բողոքի ցոյց կատարած են Պերլինի մէջ` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի նստավայրի դիմաց: Ցոյցը կազմակերպուած էր ի նշան բողոքի 8 յունիսին Պաքուի Եասամալի շրջանին մէջ ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններու դէմ: Այս մասին կը գրէ ազրպէյճանական ընդդիմադիր «Մէյտան Թի.Վի.»-ի կայքը:

Ցոյցի մասնակիցները պահանջած են, որ ոստիկանական գործողութիւնը կազմակերպած բոլոր անձերը` ներքին գործոց նախարարի գլխաւորութեամբ, պատժուին:

Ցոյցին ընթացքին ազրպէյճանցի նախկին լրագրող Աֆղան Մուխթարլըն Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է` «վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը բռնակալներու նկատմամբ»: Անոր խօսքով` Պերլին պէտք չէ համագործակցի Ազրպէյճանի հակաժողովրդավարական վարչակարգին հետ:

«Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ անտարբեր ըլլայ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող հակաժողովրդավարական գործողութիւններու եւ ապօրինի ձերբակալութիւններու նկատմամբ», ըսած է Մուխթարլըն:

Նոյն օրը նոյնպիսի բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Պերլինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց:

Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Չէ Համագործակցի Ազրպէյճանի Հակաժողովրդավարական Վարչակազմին Հետ

aztagdaily.com/archives/475067

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail