Լիպիոյ Արեւելքի Կառավարութեան Փոխվարչապետ. «Կը Յուսանք Իսրայէլ Մեզի Կ՛աջակցի, Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Ամերիկեան Քարիւղի Ընկերութիւններուն` Վերադառնալու Լիպիա»
13 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի համակիր Լիպիոյ Արեւելքի կառավարութեան փոխվարչապետ Ապտելսալամ Պատրի Իսրայէլին կոչ ուղղեց` հարկ եղած աջակցութիւնը տրամադրելու Արեւելքի կառավարութեան` նշելով. «Երբեք Թել Աւիւի թշնամիները չենք եղած»:
Ան իսրայէլեան «Մաքոր Ռիշոն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղեց` միանալու «Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մասնակցութեամբ քաղաքական նոր նախաձեռնութեան»:
«Պատմութեան ընթացքին բոլոր կրօններու զաւակներուն ապաստանարանը եղած ենք, Իսրայէլի եւ հրէական համայնքին հետ հաղորդակցութեան երկարատեւ պատմութիւն ունինք եւ կ՛ուզենք նոր ճամբու քարտէս մը, որ նկատի ունենայ շրջանի երկիրներու կողքին նա՛եւ մեր երկրին շահերը», յայտնեց Պատրի:
«Թուրքերը եւ զինուորական գետնի վրայ մեզի օժանդակող ռուսերը չեն կրնար իբրեւ պետութիւն մեզ կառավարել` ըստ իրենց պատկերացումին: Մեզի համար ամերիկեան ընկերութիւններն են, որ քարիւղի մեր ճարտարարուեստը հիմնեցին, եւ մենք անոնց կոչ կ՛ուղղենք` վերադառնալու», աւելցուց փոխվարչապետը:
aztagdaily.com/archives/475062