Չորեքշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2015
«Սովետական Հայաստան»ի Նոյեմբեր 28 թուակիրին մէջ լոյս տեսած «Մարդահամարից-մարդահամար» խորագիրով կարճ գրութեան մը մէջ հանդիպեցանք կարգ մը վիճակագրական տուեալներու, որոնք բացառիկ նշանակութիւն եւ արժէք կը ներկայացնեն ամէն հայ մարդու համար: Կը պարզուի, որ 1965 Յուլիս 1ին տեղի ունեցած մարդահամարով՝ Հայաստան ունէր 2.167.000 բնակիչ: Վեց տարի առաջ, 1959ի մարդահամարը հաստատած էր, որ Հայաստանի բնակիչներուն թիւն էր 1.768.000: Ուրեմն, անցեալ հինգ-վեց տարիներուն ընդհանուր գումարը ունեցած է 399.000ի յաւելում մը:
Այսօրուան բնակիչներուն ընդհանուր թիւին մէջ «բանուորների ու ծառայողների» գումարը կը հասնի 604.000ի: Պարագայական այս կարճ գրութեան մէջ կը շեշտուի, որ վերջին սոսկ հինգ ամիսներուն այս գումարին վրայ տեղի ունեցած է 59.000ի յաւելում: Գալով Երեւանի, անցեալ Յուլիսին անոր բնակիչներուն թիւը եղած է 509.000, իսկ այսօր հասած է 640.000ի: 31.000 յաւելում՝ նոյն հինգ ամիսներուն: Հայ ժողովուրդի ընդհանուր թիւին մասին առաջին անգամ վստահարժան ուսումնասիրութիւն կատարած են Փաւէ Տը Քուրթէյ եւ Ա. Ուպիչինի, որոնք 1876ի համար տուած են հետեւեալ գումարները. Օսմանեան Կայսրութեան մէջ գտնուող հայերու ընդհանուր թիւ՝ շուրջ 2.500.000: Աշխարհի մէջ՝ շուրջ 4.200.000:
Զարմանալի է, որ երեք տարի առաջ (1873ին) Կ. Կ. Ղազարոսեանի Պոլիս հրատարակած «Տիեզերական տարեցոյց»ին մէջ հեղինակը սեփական գնահատութեամբ-գրեթէ միեւնոյն թուանշանները կու տայ: Զօր. Չարլզ Ուիլսըն, որ տասնեակ տարիներով Թուրքիոյ մէջ գտնուած է իբրեւ այդ երկրի Մեծն Բրիտանիոյ հետախուզական բաժնի պետ, Օսմանեան Կայսրութեան հայոց թիւը կը հաշուէր դարձեա՛լ 2.500.000: 1913ին, տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիուս 1.880.000 կը նկատէր Թուրքիոյ հայոց թիւը, իսկ Ժաք տը Մորկան զայն կը ներկայացնէր իբրեւ 2.330.000: Բոլոր պայմաններուն մէջ, շուրջ կէս դարու ընթացքին, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց ընդհանուր թիւը եթէ նուազած չէր, աւելցած ալ չէր:
(«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»ի խմբագրականէն մաս մը)
http://azator.gr