ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հրաման տուէք, որ կատարենք»
15 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տխրայիշատակ օրերուն, 1979-ի ձմրան, «ԼաՌեվու տիւ Լիպան» անունով հանրածանօթ շաբաթերթը, որ կը տպուէր ֆրանսերէն լեզուով եւ լոյս կը տեսնէր քրիստոնէական շրջանին մէջ՝ Պէյրութ քաղաքին, տպեց հակահայ յօդուած մը, որ շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ եւ խիստ նեղութիւն պատճառեց հայերուն։ Յօդուածը յստակօրէն թոյն կը թափէր լիբանանահայ գաղութի վրայ եւ, աւելի հեռու երթալով, կը սաստէր հայերը, թէ որոշ ուժեր պատրաստ են յարձակում գործելու Պուրճ Համուտի հայկական կէթոյին վրայ, գրաւելու զայն զէնքի ուժով եւ միանգամ ընդմիշտ վռնտելու հայերը այս երկրէն՝ հաստատելով, որ «Ինչպէս եկան, այդպէս ալ պիտի երթան», եւ որ հայերուն վերջը մօտեցած է։
Բացառիկ վատ եւ սահմռկեցուցիչ անդրադարձ ունեցաւ այս անտեղի եւ անիմաստ յօդուածը։ Կ՛արժէ յիշեցնել ընթերցողներուն, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին լիբանանահայ համայնքը իր բոլոր կուսակցութիւններով եւ կազմակերպութիւններով որոշեցին որդեգրել դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, որ մարդկային եւ հայրենասիրական իմաստով ամէնէն խոհեմ եւ ճիշդ որոշումն էր, օրերը այդ հաստատեցին։ Քրիստոնեայ աջակողմեան կուսակցութիւնները շատ անհանգստացած էին հայերու այս չէզոք կեցուածքէն եւ երբեք առիթը չէին փախցներ հայերը դրդելու, վախցնելու եւ ի հարկին՝ հարուածելու։
Ես ճեմարանական պատանի մըն էի, հաւանաբար 13 կամ 14 տարեկան, երբ այս յօդուածը լոյս տեսաւ. ռումբի մը ազդեցութիւնը ունեցաւ անիկա եւ շատ մեծ անհանգստութիւն ու ընդվզում ստեղծեց հայութեան մէջ, որովհետեւ ամբողջովին անտեղի, անարդար եւ անհիմն յօդուած մըն էր։ Ան մեր ազգային արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէր, ինչ որ անընդունելի էր եւ կարմիր գիծը շրջանցած։
Իբրեւ լիբանանահայ գաղութի զաւակ՝ ազգային գիտակցութեամբ եւ կրթութեամբ օժտուած, շատ նուաստացած զգացի, եւ տարիքս երբեք պիտի չարգիլէր, որ իմ ազգային պարտականութիւնս կատարեմ։
Այդ օրերուն հայրս՝ Ոսկեբերան Արզումանեան (այժմ՝ լուսահոգի), Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ էր, եւ ամէն գնով փորձեց հանդարտեցնել զիս՝ համոզելով եւ խոստանալով, որ քանի մը օրէն Կեդրոնական վարչութիւնը կամ քաղաքական կուսակցութիւնները պատշաճ քայլ մը կ՛առնեն այս հարցին գծով։
Սպասեցի այդ քանի մը օրը, բայց ապարդիւն, որովհետեւ տեղէ մը հակադարձող պատասխան չհնչեց։ Փափաքեցայ տեսակցիլ Հրաչ Տասնապետեանին հետ՝ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ Ճեմարանի տնօրէն, բայց ատիկա կարելի չեղաւ, որովհետեւ ան երկրէն դուրս կը գտնուէր, իսկ իմ համբերութիւնս կը հատնէր։ Հեռաձայնեցի յարգելի Ցոլակ Թիւթելեանին, որ այդ օրերուն Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի աշխուժ անդամ էր, նաեւ՝ ընտանեկան բարեկամ. ան շատ լաւ հասկցաւ վիճակին լրջութիւնը, որուն արդէն իսկ քաջատեղեակ էին իրենք ալ, եւ փորձեց իր կարգին զիս հանդարտեցնել։ Պատրաստ էի ամէնտեսակ աշխատանքի։
Վերջին փորձս եղաւ օրուան ազգային երեսփոխան, Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ մեթր Վարդգէս Շամլեանը, որ նաեւ ընտանիքի մօտիկ բարեկամ էր։ Փորձեցի ամէնգնով զինք համոզել, որ պատրաստ եմ պատասխան աշխատանքներուն մասնակցելու։․․․ Յարգելի երեսփոխանը, շատ ազդուած, զրուցեց հետս եւ անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ։ Մեթր Շամլեան չկրցաւ համոզել զիս։
Բարեբախտաբար, քանի մը օր ետք հայր Անդրանիկ Կրանեանը (այժմ՝ լուսահոգի) շատ պատշաճ յօդուած մը գրեց ֆրանսական «Լ՛օրեան Լը Ժիւր» թերթին մէջ՝ ամոքելով հայու սրտի ցաւը եւ մասամբ փրկելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը։
Այսօր, այդ դէպքէն մօտ 40 տարի ետք, Լիբանանի հայ գաղութը կ՛ապրի անախորժ պահեր, որովհետեւ թրքամէտ ամբոխներ, հաւանաբար վարձկաններ, թրքական դրօշակներով, հակահայ խիստ մտահոգիչ արտայայտութիւններով կը սաստեն եւ կը խոստանան մեզ անգամ մը եւս ջարդել եւ վռնտել Լիբանանէն…
Անշուշտ շատ մտահոգիչ է վիճակը մեր Լիբանանի քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք ոչ միայն խաղաղասիրութեան եւ համերաշխութեան հոմանիշ են, այլնաեւ հիմնական շինարար տարր եղածեն մայրիներու երկրին։ Վստահ նաեւ՝ տիպար եւ օրինակելի քաղաքացի։ Բայց երբ այսօր թշնամին տարբեր դիմակներով մեզ կը փորձէ վտանգել, անհամարեն հայ վեհ ու քաջ տղաքը, որոնք անհամբեր են հրաման ստանալու, որ կատարեն իրենց պարտականութիւնը։
Մի՛ վհատիք լիբանանահայ քոյրեր եւ եղբայրներ, դուք բախտաւոր էք՝ փորձառու, ընտիր եւ յանձնառու ղեկավարներով։ Դուք սիրտն էք ողջ սփիւռքահայութեան, դուք ախոյեանն էք հայապաշտպանութեան։ Սփիւռքը իր ամբողջ հատուածներով, անկախ հայրենիքը իր ամբողջ կշիռը պատրաստ են ձեզի օգնութեան հասնելու, ինչպէս դուք միշտ եղած էք ռահվիրաներ զոհողութեան եւ զոհաբերութեան։
Ապրի՛ք, ապրի՛ ողջ հայութիւնը։
Aztagdaily.com/archives/475175