Խոստանալով Չարտօնել Թուրքիոյ Կողմէ ՕԹԱՆ-ի Շահագործումը. Ֆրանսայի Նախագահական Պալատը Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Թրքական «Անընդունելի» Միջամտութիւնը
15 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Փարիզ երէկ Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութեան նկատմամբ կեցուածքի մագլցում արձանագրեց, երբ այդ մէկը որակեց «անընդունելի»` ընդգծելով. «Ֆրանսան չի կրնար նման արարք արտօնել»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24»-ը` յղում կատարելով Ելիսեան պալատէն աղբիւրի մը:
«Ֆրանս 24» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ շրջանային ախորժակներուն նկատմամբ վերջին ամիսներուն իր քննադատութիւնները աւելցնող Ֆրանսան յայտնած է, որ «Լիպիոյ մօտ եօթը մարտանաւեր տեղակայելը Թուրքիոյ կողմէ առաւել յարձակողական ու կարծր քաղաքականութիւն է, ինչպէս նաեւ` զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի խախտում»:
Ֆրանսայի նախագահական պալատը նաեւ յայտարարեց. «Թուրքերը, ՕԹԱՆ-ը շահագործելով, անընդունելի վարուելակերպ կը դրսեւորեն, եւ Ֆրանսան չի կրնար այդ մէկը արտօնել»:
aztagdaily.com/archives/475164