Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիպիական Տագնապին Վերջ Տալու Նախաձեռնութիւնը Եւ Պայմաններ Կը Ճշդէ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղա յայտնեց. «Ողջունելի են քաղաքական տագնապին վերջ տալու եւ պետութեան հաստատութիւններու միաւորման նախաձեռնութիւնները, երբ երաշխաւորուի Լիպիոյ գերիշխանութիւնը, ժողովուրդին կամքով կառավարուող իշխանութեան քաղաքային ըլլալը եւ բանակին` քաղաքային իշխանութեան ենթակայ ըլլալը»:
Պաշաղա «Թուիթըր»-ի վրայ իր գրառումին մէջ աւելցուց. «Զէնքի ուժով իշխանութեան տիրելու ախորժակ ունեցող պատերազմական ոճրագործներ տեղ չունին»:
Իր խօսքը ուղղելով 17 փետրուար 2011-ին Մոամմար Քազզաֆին տապալած յեղափոխութիւնը կատարած երիտասարդութեան` ան ըսաւ. «Դո՛ւք, որ արիւն թափեցիք քաղաքային ժողովրդավարական պետութեան հաստատման համար, պատմական մարտահրաւէր մը ունիք կարգապահութեան եւ ծայրայեղականութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու քաոսը մերժող ձեր պետութեան կառուցման մէջ դրական մասնակցութիւն ունենալու»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ պաշտպանութեան նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Սերկէյ Շոյկուի երէկ նախատեսուած այցելութիւնը ջնջուած է:
Այցելութեան նպատակը շրջանային հարցերու, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերու քննարկումն էր:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր, որ Լաւրով եւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուն վերահաստատած են իրենց փոխադարձ յանձնառութիւնը` Լիպիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ հաշտութեան պայմաններու նախապատրաստման:
Մինչ այդ` Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է մայրաքաղաք Թրիփոլիի վարչական բոլոր սահմանները, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ արեւմուտքը գտնուող Թարհունա քաղաքը:
aztagdaily.com/archives/475154