ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը Զրկեց Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ – ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը Զրկեց Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը Զրկեց Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը Զրկեց Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

16 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական աձեռնմխելիութենէ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ՝ քուէարկութեան կողմ քուէարկած է 87 պատգամաւոր, դէմ ձայն չէ եղած:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Կոլիայի Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ միջնորդութիւնը ԱԺ Յունիս 15-ի նիստին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան:

«Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնած էին, որ պիտի չի մասնակցին քուէարկութեան:

Նշենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ այլ դատավարական գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ համալիր գործնական-հետախուզական արդիւնաւէտ քայլերու իբրեւ արդիւնք՝ հնարաւոր եղած է բացայայտել «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խումբ մը անդամներու կողմէ, նախնական համաձայնութեամբ, 2017 Ապրիլ 2-ին կայացած ՀՀ ԱԺ ընտրութիւններու ընթացքին ընտրողներու թեկնածուներէն, ինչպէս նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին կողմ քուէարկելու համար անձամբ կամ միջնորդի միջոցով ընտրողներուն կաշառք տալու բազմաթիւ դէպքեր, ուր ներգրաւուած եղած են ինչպէս կուսակցութեան ղեկավար կազմը, այնպէս ալ՝ կուսակցութեան անդամները:

Նշենք նաեւ, որ Յունիս 16-ին ԱԱԾ-ն այլ հաղորդագրութեամբ մը նշած է, որ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ նախապատրաստուած նիւթերով ձեռք բերուած փաստական տուեալներով տեղեկութիւններ կան, որ պետական պաշտօնատար անձինք, կազմակերպուած հանցաւոր մեքենականութեամբ, 2017 Մայիս 14-ի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ ընտրութիւններու նշանակման օրէն առաջ եւ յետոյ ինկած ժամանակահատուածին, համոզելու, նիւթապէս շահագրգռելու կամ այլ ապօրինի եղանակով, մայրաքաղաքէն դուրս հաշուառուած ու այլ համայնքներու մէջ ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութեան վայր, ինչպէս նաեւ ընտրելու իրաւունք ունեցող շուրջ 100-120 հազար ՀՀ քաղաքացիներ դրդած են իրենց հաշուառման իրական վայրերէն կարճ ժամանակով, ձեւականօրէն տեղափոխուելու եւ ՀՀ օրէնսդրութեամբ ու իրաւական այլ ակտերով սահմանուած պահանջներու խախտումով, ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ ընդգրկող փաստաթուղթեր օգտագործելու միջոցով, հաշուառուած փաստացի անոնց համար ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութեան վայր չհանդիսացող՝ Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններու տարբեր հասցէներու մէջ, տարբեր պայմաններով հնարաւորութիւն ստացած են նշուած անձերը ներառելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրողներու ցուցակներուն մէջ եւ այդ կերպով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ապահովելու անհրաժեշտ քանակի «կողմ» ձայներ, իսկ ընտրութիւնները աւարտելէ անմիջապէս ետք նշուած անձերը կրկին տեղափոխելու եւ հաշուառելու Երեւան քաղաքէն դուրս գտնուող՝ իրենց հաշուառման իրական վայրերուն մէջ։

Վերոգրեալէն բացի, նիւթերու նախապատրաստմամբ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ 2004 Ապրիլ 30-ին հիմնադրուած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անդամները, մասնակցելով տարբեր տարիներու ընթացքին Հայաստանի հանրապետութեան մէջ իրականացած ազգային ժողովի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, իրենց կուսակցութեան, թեկնածուներու, հանրաքուէի քարոզչական նախաձեռնութիւններէն ոեւէ մէկուն օգտին կողմ քուէարկելու նպատակով ընտրողներուն անձամբ կամ տարբեր միջնորդներու միջոցով տրամադրած են կաշառք` դրամ, գոյք կամ որեւէ այլ առաւելութիւն, տարբեր ապօրինի գործողութիւններով տարբեր ընտրութիւններուն կամ հանրաքուէներուն ստացած են իրենց համար ցանկալի արդիւնքներ։ Դէպքին առիթով ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ, 2020 Յունիս 15-ին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 308-րդ յօդուածի 2-րդ մասի, ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 2-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ կէտերու, ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ, կը ձեռնարկուին լայնածաւալ քննչական ու դատավարական այլ գործողութիւններ եւ անմիջական-հետախուզական քայլեր։

Գագիկ Ծառուկեան

yerakouyn.com/2020/06/16/աժ-ն-գագիկ-ծառուկեանը-զրկեց-պատգամաւո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail