Անձը Հաստատող Փաստաթուղթ Չունենալու Պարագային՝ ՀՀ Քաղաքացիները Պիտի Տուգանուին 10 Հազար Դրամով
16 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիները, Յունիս 17-էն սկսեալ, անձը հաստատող փաստաթուղթ իրենց մօտ չունենալու պարագային պիտի տուգանուին 10 հազար դրամով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօրուան ճեպազրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Վաղունէ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն համար պարտադիր պիտի ըլլայ անձը հաստատող փաստաթուղթի կրումը: Դիմակ չկրելու համար վարչական իրաւախախտումը ձեւակերպելու ընթացքին խնդիր կ՝առաջանայ, քանի որ քաղաքացիները չեն ունենար անձը հաստատող փաստաթուղթ: Ասկէ կը տուժէ գործընթացին արդիւնաւէտութիւնը: Անձնագիր չունենալն ու դիմակ չկրելը պիտի ըլլան առանձին իրաւախախտումներ: Անձը հաստատող փաստաթուղթ չունենալու համար քաղաքացիները պիտի տուգանուին 10 հազար դրամով»,- ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետը նշած է, որ հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահրի հետ կապուած իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած:
yerakouyn.com/2020/06/16/անձը-հաստատող-փաստաթուղթ-չունենալու/