Թուրքիան Կ՛արգելակէ ՕԹԱՆ-ի Հակառուսական Ծրագիրը – Թուրքիան Կ՛արգելակէ ՕԹԱՆ-ի Հակառուսական Ծրագիրը
16 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:
Թրքական իշխանութիւնները կ՛արգելակեն ՕԹԱՆ-ի, Արեւելեան Եւրոպայի, մասնաւորաբար` Պալթեան երկիրներու եւ Լեհաստանի համար պաշտպանութեան նոր ծրագիրի իրագործումը, որ ուղղուած է Ռուսիոյ «զսպումին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Փրես»-ը:
Ծրագիրը հաստատելու համար Անգարան կը պահանջէ շրջանին մէջ իր շահերու աւելի լայն աջակցութիւն: Թուրքիան, օրինակ, կ՛ուզէ, որ դաշինքի մնացած անդամները քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնն ու քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ներառեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ:
ՕԹԱՆ-ի որոշ անդամներ կը մերժեն այդ պահանջը կատարել:
Դաշինքի ծրագիրը մանրամասն կը նկարագրէ, թէ դաշինքի անդամներուն ի՛նչ աջակցութիւն կրնայ ցուցաբերուիլ յարձակումի կամ անվտանգութեան իրավիճակի սրման պարագային, մասնաւորաբար, յատուկ ժամանակ կը սահմանէ, որպէսզի ՕԹԱՆ-ի արագ արձագանգման ուժերը տեղեկանան հաւանական սպառնալիքներու մասին:
Ըստ գործակալութեան, անցեալ տարուան դեկտեմբերին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին, ծրագիրի կատարման հարցին մէջ որեւէ խոչընդոտ չէ եղած:
aztagdaily.com/archives/475269