Իրաքի Մէջ Կը Քննարկեն Թուրքիայէն Ներմուծուող Կերակուրի Իւղը Հայկականով Փոխարինելու Տարբերակը. Reuters

25 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Իրաքի իշխանութիւնները վերջին շրջանին լարուած թուրք-իրաքեան յարաբերութիւններու ֆոնին որոշում կայացուցած են փոխարինելու Թուրքիայէն ներմուծուող կերակուրի իւղը տեղական արտադրութեան կամ այլ երկիրներէ ներմուծուող իւղով:

Մասնաւորապէս կը քննարկուի այս հարցով Հայաստանի հետ համագործակցելու տարբերակը: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Reuters-ին յայտնած է Իրաքի առեւտուրի հարցերով նախարարութեան խօսնակը:

Իրաքի առեւտուրի հարցերով նախարար Մուհամետ Շիա ալ-Սուտանին Հայաստանէն իւղ գնելու տարբերակը քննարկած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի հետ: Տեղեկատուութիւնը հաստատած է նախարարին խօսնակը:

Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն Reuters-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են հանդիպման փաստը, սակայն հրաժարած են որեւէ այլ մեկնաբանութիւն տրամադրելէն:

Թուրք-իրաքեան յարաբերութիւնները լարուեցան, երբ Թուրքիա Դեկտեմբեր 4-ին Իրաքի հիւսիսը գտնուող Պաշիքա բնակավայրին մօտ, ուր տեղակայուած են քրտական փէշմերկայի (քրտական զօրամիաւորումներ) ճամբարները, տեղայակայեց իր զօրքերը, որոնց հետ հրասայլ եւ զրահատեխնիկա: Թրքական կողմի հաւաստմամբ` այդպէս անոնք կը պատրաստին յարձակելու Մոսուլի վրայ, որ գրաւած են ԻՊ ծայրայեղականները, ինչպէս նաեւ վարժեցնել քրտական փէշմերկան ԻՊ-ի դէմ պայքարի համար: Իրաքի ԱԳՆ-ն իր մօտ կանչած է Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ պահանջած, որ Թուրքիան անմիջապէս դուրս բերէ իր զօրքերը երկրի հիւսիսային շրջաններէն: Իրաքի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն յայտարարած են, որ պաշտօնական Անգարան իր զօրքերը մտցուցած է առանց Պաղդտատի հետ համաձայնութեան, ինչ որ կ՛որակուի որպէս «թշնամական գործողութիւն»:

Դեկտեմբեր 14-ին թրքական իշխանութիւնները որոշում կայացուցած են միայն զօրամիաւորումներուն մէկ մասը դուրս բերել Մոսուլի շրջանէն եւ տեղափոխել աւելի հիւսիս:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail